ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ՝ ԱՇԽԱՐՀԻՆ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Նիւ Եորքի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին առջեւ։ 71-րդ նստաշրջանի բացման ան անդրադարձաւ զանազան առաջնահերթ խնդիրներու։
Էրտողան նախ խօսեցաւ 15 Յուլիսին տեղի ունեցած զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձին շուրջ։ Այդ պետական հարուածը իրականացնել փորձած, սակայն ձախողած ՖԵԹԷՕ մեծ սպառնալիք մը կը համարուի ՄԱԿ-ի անդամ բազմաթիւ պետութիւններու տեսակէտէ։ «Միաս-նաբար պէտք է պայքարինք, վաղը կրնայ շատ ուշ ըլլալ», ըսաւ ան։
Հանրապետութեան նախագահը կարեւորութեամբ կանգ առաւ նաեւ Սուրիոյ ճգնաժամին վրայ։ Ըստ իրեն, այս պարագային միջազգային հաւաքականութիւնը ձախողած է մարդասիրական օժանդակութեան ուղղութեամբ։ Թուրք զինեալ ուժերու կողմէ ձեռնարկուած «Եփրատի վահան»ին շուրջ ալ խօսեցաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ այդ գործողութիւններուն շնորհիւ տարածքաշրջանէն ներս ստեղծուած է խաղաղութեան միջանցք մը։ Էրտողան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն եւս կրկնեց՝ Սուրիայէ ներս թռիչքներու համար փակ գօտի մը ստեղծելու առաջարկը։ Ան շեշտեց, որ Թուրքիա կը կարեւորէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը։ Ըստ Էրտողանի, «Եփրատի վահան»ը քաջալերած է նաեւ Իրաքի այն տեղական ուժերը, որոնք կը ձգտին Մուսուլը ազատագրել՝ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումէն։ Անդրադառնալով Մուսուլի համար նախատեսուած գործողութիւններուն՝ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիոյ զգայնութիւնները անպայման պէտք է հաշուի առնուին, այլապէս մարդասիրական խնդիրներու նոր ալիք մը կրնայ ծագիլ։ Նոյն շրջագծով Էրտողան մատնանշեց, որ գաղթականաց հարցին շուրջ Թուրքիա առանձին թողուած է միջազգային հաւաքականութեան կողմէ։ Այս ամբողջին մէջ ան մասնաւորապէս քննադատութիւններ հասցէագրեց Եւրոպական Միութեան եւ աւելցուց, որ Թուրքիա թափ պիտի տայ Սուրիայէն դուրս եկած գաղթականներուն քաղաքացիութիւն շնորհելու գործընթացին։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան հերթական անգամ կրկնեց նաեւ քննադատութիւնները ՄԱԿ-ի գործունէութեան դրութեան շուրջ։ Արդարեւ, Ան-վըտանգութեան խորհուրդի հինգ երկիրները կը տնօրինեն ամբողջ աշխարհը եւ չեն կրնար ապահովեր արդարութիւն։
Միւս կողմէ, Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Նիւ Եորքի մէջ կը շարունակէ նաեւ իր երկկողմանի շփումները։