ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՏԻԿԻՆ ՌԻԹԱ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՆՈՐ ԱԼԻՔ 2017» ՄՐՑՈՅԹԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ

Երէկ, Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական նստավայրին մէջ հիւրընկալած է «Նոր ալիք 2017» մրցոյթին Հայաստանը ներկայացուցած եւ յաղթանակներով վերադարձած երգչուհիներ Էռնա Միրզոեանը (Էռնա Միր) եւ Սուզաննա Մելքոնեանը:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, ընդունելութեան ընթացքին Ռիթա Սարգսեան շնորհաւորած է երգչուհիները՝ մրցոյթին փայլուն ներկայանալու, բարձր հորիզոնականներ գրաւելու կապակցութեամբ եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթած է անոնց:

Սեպտեմբերի 8-14 թուականներուն միջեւ Սոչիի մէջ տեղի ունեցած «Նոր ալիք 2017» մրցոյթը, որու ընթացքին Հայաստանը այս տարի ներկայացուցին մասնակից Էռնա Միրզոեանն ու Սուզաննա Մելքոնանը: Վերջինս զբաղեցուցած է 2-րդ հորիզոնականը, իսկ Էռնա Միրը՝ կիսած է առաջին հորիզոնականը Էօզպեքիստանի եւ Մոլտովայի ներկայացուցիչներուն հետ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2017