ՎԱՂՈՒԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԱԶՈՎ ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Դէպի Գորիս ճանապարհին էր, որ Մհերը իր հայեացքը սարերուն ուղղելով հարց պիտի տար.

-Ըսէ՛, հիմա ո՞ւր է մեր Հայաստանը:

Մհերին ուղղած հարցադրումները ոչ մէկ ատեն եղած են հռետորական: Կեանքի ամենէն ծանր փոթորիկներուն զարնուած, որբանոցներու մէջ իր մանկութիւնը «կերտած» Մհերը բառի սիրահար էր: Մինչեւ մեր Խնձորեսք հասնիլը՝ բաւարար ժամանակ կար մօտէն շփուելու անձի մը հետ, որուն համար գերագոյն հաճոյք էր գիրին մտերմութեան մէջ իր օրերը անցընել:

Վերերկրային մարդերու տեսակին կը պատկանի Մհեր: Ու հակառակ անոր, որ այսօր ալ կը համարուի Հայաստանի ամենէն հատու բառ ունեցողներէն մին, ան ինծի եւ իմ նման շատերուն համար կը շարունակէ մնալ վաւերական բանաստեղծ մը, որուն ամբողջ իսկութիւնը իրականութեան մէջ միաձուլուած է գրականութեան աշխարհին մէջ:

 Այս նախաբանը գրեցի, որովհետեւ Մհերը եւ Մհերին նմանները ինծի համար Հայաստանի պայծառ ապագայի իրական նշաձողերն են: Գրողներ կան, որոնք ճանապարհ կը փոխեն: Տեղի կու տան, կը «նահանջեն» (սա Շահնուրեան նահանջի մէկ այլ երեսակն է), կը փոխուին, ետ քայլ կը կատարեն, իրենց սկզբունքներէն կը հրաժարին եւ կը դառնան «ուրիշ» մարդիկ:

Անոնք կը մոռնան, որ իրենք, այո՛, եւ միայն իրենք հասարակութեան «ցուցիչներ»ն են: Անոնք են նաեւ, որ հասարկութեան հարցադրումներ կը ներկայացնեն, սահմանումներ կու տան, ախտահանումներ կ՚ընեն ու կը փորձեն ամէն գնով Հայաստանի հասարակութեան բոլոր խոցելի երեսները քննարկման սեղան տանիլ:

Մհերը, ցայսօր ալ կը շարունակէ իր նոյն դերով հանդէս գալ: Յաճախ կը պատահի, որ անոր ստորագրած յօդ-ւածները, անոր ակնարկները, անոր «սլաք»ները կը հատեն ընդունուածի բոլոր ընկալումները, բայց եւ այնպէս շնորհիւ իր անզիջող տեսակին, շնորհիւ գիրին համդէպ անոր ունեցած վերաբերմունքին ու այդ ճանապարհին վրայ անշեղ մնալու կամքին, Մհերին համար ներելի են այդ տեսակի բոլոր «համարձակութիւններ»ը:

Արաբական խալիֆաներու արքունիքի մեծամեծ վէզիրներուն համար, բանաստեղծներուն համար արտօնելի էր, ըսել այնպիսի բաներ, որոնք այլոց բերնին մէջ յայտնուելու պարագային տուեալ մարդիկը պիտի դասուէին դաւաճաններ եւ պիտի ստանային համապատասխան պատիժ:

Այսօր ալ նոյնն է: Բոլոր մարդիկ սկը-սած են սիրել քննադատելու ոճը: Անոնցմէ շատերուն համար քննադատելը դարձած է ինքնահաստատման դրոյթ մը, որուն շնորհիւ է նաեւ, որ անոնք կը փորձեն հանրութեան սիրելի «ընդդիմադիր»ը դառնալ:

Սակայն իմ հերոսը այդպիսին չէ:

Մհերը իր խօսքը չ՚արձակեր, որպէսզի իրականութեան կիսով չափ դատարկ բաժակին մէջ փոթորիկ ստեղծէ: Այլ ըսելիքը կ՚ըսէ, մեզ, հանրութիւնը, պետական այրերը, համակարգը եւ երկիրը իր գծած ու իր երազած Հայաստանի «գիծ»ին մօտեցնելու կամ ցոյց տալու, թէ մենք այսօր ինչքանով հեռու ենք այդ գիծէն:

Այս մտորումները ունեցայ վերյիշելով ասկէ տարիներ առաջ Մհերին ու կնոջս հետ մեր կատարած ճամբորդութիւնը, որու ընթացքին ընկերոջս բարձրացուցած հարցումը կը դառնար «ճանապարհ»ի հարցում, որ մինչեւ հիմա ալ պիտի յուզէր մեզմէ շատերը:

Հարցումը ուղղելէ առաջ պարտիմ ըսել, որ այսօր Հայաստանի Անկախ Հանրապետութեան 26-րդ տարեդարձն է, որուն խորհուրդին ու մեծութեան առաջ պիտի խոնարհինք բոլորս:

Հեռու կամ մօտ եղող հայեր, Հայաստանի մէջ կամ Հայաստանէն հեռու ապրող հայեր, հողին համար ապրած ու հողին համար իրենց արիւնը տուած հայեր… Մեծ հայեր, իրենց կեանքի ճանապարհը Հայաստանով գծած հայեր, ու մեծեր, որոնք օտար ճամբաներու ու երկինքներու տակ փորձած են իրենց Հայաստանը կերտել, բոլորն ալ այսօր կը խոնարհին Հայաստանի համար:

Ինչքա՜ն նօսր պիտի ըլլայինք մենք, եթէ անկախ Հայաստանի վաւերական պատկերը չունենայինք մեր հոգիին խորը: Ինչքա՜ն մինակ ու ինչքա՜ն օտար պիտի զգայինք, եթէ որպէս անկախ երկիր այսօր Հայաստանը «չգրկէինք» մեր նուիրական երազներուն մէջ:

Հայաստանը երազի երկիր էր, որ կը դառնայ իրականութիւն:

Հռետորական մօտեցումներէն եւ տօնական բաժակաճառերէն աւելի՝ այսօր-ւան Հայաստանը կարիքն ունի մեր գործին, աշխատանքին:

Երբ Մհերը, կամ Մհերին պէս մարդիկ, որոնք կոչուած են հասարակութեան «խղճի ձայն»ը դառնալու՝ հարց կու տան, թէ «ցոյց տո՛ւր, ըսէ՛, ո՞ւր է Հայաստանը այստեղ»: Ապա հարցադրումը կը դառնայ էական մօտեցում մը, մեզի կապող այսօրուան կեանքին:

Հայաստանը միայն ապրում մը չէ: Ոչ ալ հարթակներու վրայէն «աժան» քըն-նադատութիւններ ուղղելու մեկնակէտ:

Հայաստանը մենք ենք, ես եմ, դուն ես, ան է… Ու բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան մեր երկրի ապագային:

Վերադառնալով Մհերի հարցադրումին, պիտի ըսեմ, որ տարիներ անցած են այդ հարցումէն, տխուր պատկերներու մէջէն սկսած է ծիլ տալ վաղուան Հայաստանի իրական պատկերը:

Կան «սպիտակ» բիծեր, կան «յոգնած» մտայնութիւններ, կան հինցած մօտեցումներ, բայց երեւելի է նաեւ, որ մեր բոլորին երազած երկիրը կը փորձէ ամէն գնով քալել մեծ ճանապարհի մը համար:

Այդ ճանապարհին վրայ են, այսօր արդէն 25 տարեկանը բոլորած Հայաստանի հազարաւոր ուսանողները, որոնք որպէս սերունդ վաղը իրենց խօսքն ու ըսելիքը պիտի ունենան:

Անոնք պիտի կերտեն մեր ու իրենց երազը:

Ու անոնք, վստահ եմ, որ Մհեր Արշակեանին նման հարց պիտի չտան, որ «ըսէ՛ք, ո՞ւր է Հայաստանը»:

Որովհետեւ մեր երկիրը մօտեցած պիտի ըլլայ հայութեան երազանքներու ընդհանուր պատկերին:

Ու ամէն բան պիտի ըլլայ կապոյտ ու շողուն:

Երկինքի մը տակ, որուն ներքեւը դարաւոր հայութեան մնայուն ու սուրբ տեղն է:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2017