ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԺՈՂՈՎԸ

Երէկ, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը մայրաքաղաք Անգարայի մէջ գումարեց ժողով մը, որ տեւեց շուրջ հինգ ժամ։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ նիստը, որու աւարտին հրապարակուեցաւ զեկոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ մանրամասն քննարկուած են երկրի արտաքին ու ներքին քաղաքական օրակարգի առաջնահերթ խնդիրները։

Ժողովի ընթացքին մասնաւորապէս ուշադրութիւն կեդրոնացուեցաւ Սուրիոյ տագնապին վրայ։ Մասնաւորապէս ընդգծուեցաւ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ Իտլիպի հարցին շուրջ Սոչիի մէջ ապահովուած համաձայնութեան կարեւորութիւնը։ Թրքական կողմը պիտի շարունակէ անկեղծ ջանքեր գործադրել՝ որպէսզի այդ համաձայնութիւնը պսակուի յաջողութեամբ։

Զեկոյցին մէջ շեշտուեցաւ, որ ահաբեկիչներու դէմ գործողութիւնները պիտի շարունակուին նաեւ երկրի սահմաններէն դուրս։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2018