ԹԵԼ ԱՒԻՒԻ ՄԷՋ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄ

Իսրայէլի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորահաստատ դեսպանութեան շէնքը պաշտօնապէս բացուեցաւ հանդիսաւոր հաւաքոյթով մը։ Թել Աւիւի մէջ հայկական դեսպանատան պաշտօնական բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարութեան «Եւրոասիա-2» բաժանմունքի ղեկավար Եէիցաք Քարմել-Քական։ Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Թել Աւիւի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սմբատեան։ Բացման արարողութիւնը կը զուգադիպէր հրեաներու Ամանորի՝ Ռոշ-Հաշանայի տօնի շրջանին։ Օգտուելով առիթէն Արմէն Սմբատեան շնորհաւորեց տօնը՝ Իսրայէլին մաղթելով խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում, իսկ երկրի քաղաքացիներուն առողջութիւն եւ յաջողութիւններ։ Արմէն Սմբատեան խորհրդանշական համարեց, որ հայկական դեսպանատան աշխատանքը պաշտօնապէս կը սկսէր հրէական օրացոյցով Նոր տարուայ տօնի շրջանին։

Իր կարգին, Եէիցաք Քարմել-Քական Իսրայէլի պետութեան անունով ողջունեց Հայաստանի դեսպանատան բացումը։ Ան ընդգծեց, որ Հայաստանի եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումը կարեւոր գործընթաց մըն է։ Բաց եւ շինիչ երկխօսութիւնը թոյլ կու տայ լուծել ամէն տեսակ խնդիր, եթէ ապագային յառաջանան հարցեր։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2020