ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒԷՆ ՄԻՇՏ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շաբաթավերջին հերթական ծայրայեղական յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին կապակցութեամբ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ալիեւ պնդեց, որ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւնները տապալուած են, իսկ մեղաւորն է Հայաստանի ղեկավարութիւնը։ «Ես բացասական կը գնահատեմ բանակցութիւններու ներկայ վիճակը։ Բանակցութիւնները փաստացիօրէն չեն ընթանար։ Ես ըսած եմ, որ մենք չենք մասնակցիր բանակցութիւններուն յանուն տեսանելիութեան։ Սա կը նշանակէ, որ մենք կը հրաժարինք բանակցութիւններէ եւ սա կը նշանակէ, որ մենք չենք փափաքիր միանալ Հայաստանի խորամանկ քաղաքականութեան», ըսաւ Ալիեւ։

Ատրպէյճանի հեռուստակայաններուն կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւններուն մէջ Իլհամ Ալիեւ նշեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները բանակցային գործընթացին լուրջ հարուած հասցուցած են իրենց յայտարարութիւններով։ Ալիեւ վերստին ակնարկեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Ստեփանակերտի մէջ ըսուած խօսքերուն, թէ Արցախը Հայաստան է ու վերջ։ «Եթէ ան կը կարծէ, թէ Ղարաբաղը Հայաստան է, հակառակ ամբողջ աշխարհ կը հերքէ այդ անհեթեթութիւնը, այդ պարագային ի՞նչ հաշտութեան համաձայնագրի մասին կարելի է խօսիլ։ Այսինքն՝ սա քաղաքական սադրանք է», յայտնեց Ալիեւ։

Երեւանի ղեկավարութիւնը անմիջապէս արձագանգեց Ալիեւի շաբաթավերջի այս յայտարարութիւններուն՝ զանոնք որակելով խորապէս հիասթափեցուցիչ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Այս բոլորը ի ցոյց կը դնեն հարեւան երկրի ղեկավարի անկարողութիւնը՝ սթափ եւ առանց ցաւագին յոյզերու ընկալելու ստեղծուած իրականութիւնը եւ սեփական դերակատարումը այդ իրականութեան ձեւաւորման գործին մէջ։ Նմանօրինակ հռետորաբանութիւնը, ուր առկայ են բացայայտ անհիմն եւ նոյնիսկ սուտ պնդումներ, պատիւ չեն բերեր որեւէ երկրի ղեկավարին։ Մենք կը գիտակցինք հաշտութեան գործընթացին Ատրպէյճանի կողմէ 2016 թուականի ապրիլի յարձակման եւ 2020 թուականի յուլիսի ռազմական մագլցման ձեռնարկելու հետեւանքով հասցուած վնասները»։

Բաց աստի, Աննա Նաղդալեան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ ուժի կիրառման ու ուժի սպառնալիքի իր քաղաքականութիւնը, որպէսզի այդ վնասները անդառնալի չըլլան։ Ըստ բանբերին, Պաքու պէտք է հրաժարի արտատարածքաշրջանային ուժերու ներգրաւմամբ Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապակայունացման փորձերէն ու պատրաստուի խաղաղ միջոցներով խնդրի կարգաւորման։

Բանբերը շեշտեց, որ Հայաստան վստահ է իր կարողութիւններուն համար՝ պաշտպանելու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման եւ պատմական հայրենիքի մէջ ապրելու իրաւունքը։ «Եւ այս իսկ վստահութեամբ վերստին կ՚ընդգծենք, որ խնդրի խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի», ըսաւ Նաղդալեան։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2020