1519 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ այսօր Թուրքիոյ դպրոցներէն ներս կը սկսի երես առ երես դասաւանդութիւնը։ Պատկան մարմինները նախազգուշական բոլոր միջոցները ձեռք առած են երաշխաւորելու համար թէ՛ աշակերտներու եւ թէ կրթական մշակներու առողջութիւնը։ Այդ բոլորով հանդերձ, բազում հարցականներով ծանրաբեռնուած շրջան մըն է այս մէկը, որ կը զուգորդուի մտահոգութիւններով եւ անխուսափելի հակասութիւններով։
Մինչ այդ, Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 95 հազար 321 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1519 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 61 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 1116։ Ներկայ դրութեամբ 1456 հիւանդի կացութիւնը կը համարուի ծանր։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա այս տուեալներու լոյսին տակ յայտնեց, որ թէեւ համաճարակի ծաւալման թափը որոշ չափով դանդաղած է, սակայն անկարելի է հանգիստ զգալ՝ առանց այս թիւերու նուազման։ «Համատեղ պայքարը ժահրին յաղթելու համար ամենակարեւոր ուժն է։ Մեր առողջապահութեան համակարգի աշխատողներուն նկատմամբ երախտագիտութեան ցուցիչն է՝ սահմանափակումներու պարագային ուժերու միացումը», նշեց նախարարը։