ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ պաշտօնապէս արձագանգեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ շաբաթավերջի յայտարարութիւններուն։ Այս կապակցութեամբ արտայայտուեցաւ կառավարութեան բանբերը՝ Մանէ Գէորգեան, որ մեկնաբանութիւն մը տուաւ «Արմէնփրէս» գործակալութեան։ Ծանօթ է, որ Էրտողան յայտնած էր, թէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իրեն տեսակցելու առաջարկ ուղղած էր՝ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի միջոցաւ։ Ըստ Մանէ Գէորգեանի, Թուրքիոյ հետ խօսակցութեան մեկնարկի վերաբերեալ իր պատկերացումները վարչապետը վերջերս ներկայացուցած էր խորհրդարանէն ներս՝ նշելով, որ բարձր մակարդակի շփումներուն պէտք է նախորդեն աշխատանքային քննարկումներ եւ այս պատկերացումը նոյնպէս կը ներկայացնէ միջազգային գործընկերներուն։

«Վարչապետ Փաշինեան իր բոլոր միջազգային շփումներուն կը ներկայացնէ կառավարութեան ծրագրին մէջ արձանագրուած՝ Հայաստանի եւ տարածքաշրջանի համար խաղաղ զարգացման դարաշրջան բանալու տեսլականը։ Կ՚արտայայտէ այս ուղղութեամբ ջանքեր գործադրելու կառավարութեան պատրաստակամութինը։ Թուրքիոյ հետ խօսակցութեան մեկնարկի իր պատկերացումներուն մասին վարչապետը խօսած է խորհրդարան-կառավարութիւն վերջին հարց ու պատասխանի ընթացքին՝ ըսելով, որ կը կարծէ, թէ բարձր մակարդակի շփումներուն պէտք է նախորդեն աշխատանքային քննարկումներ եւ միջազգային գործընկերներուն նոյնպէս այս պատկերացումը կը ներկայացնէ։ Այս պահու դրութեամբ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ պաշտօնեաներուն միջեւ որեւէ շփում տեղի չէ ունեցած, հակառակ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պատրաստ է նման շփումներու։ Այսպիսի արդիւնաւէտ աշխատանքի պարագային Հայաստան պատրաստ կ՚ըլլայ նաեւ բարձր եւ բարձրագոյն մակարդակով հանդիպումներու», ըսաւ բանբերը։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Մանէ Գէորգեան մեկնաբանեց նաեւ Էրտողանի խօսքը, թէ Հայաստանի տարածքով միջանցք մը բանալու խնդիրը քաղաքական հարց է։ Ան ըսաւ. «Վարչապետ Փաշինեան բազմիցս արտայայտուած է այս կապակցութեամբ։ Հայաստան կը կարեւորէ նոյեմբերի 9-ի եւ յունուարի 11-ի յայտարարութիւններուն մէջ արձանագրուած պայմանաւորուածութիւններու ճիշդ իրագործումը։ Հաղորդակցութիւններու բացումը բացառիկ կարեւոր նշանակութիւն ունի տարածքաշրջանէ ներս երկարատեւ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու, տարածքաշրջանէ ներս ցաւալիօրէն առկայ թշնամանքի մթնոլորտը յաղթահարելու համար։ Հայաստան վճռական է այդ ուղղութեամբ յառաջ շարժելու եւ արդիւնքներ արձանագրելու գործին մէջ։ Որոշ յայտարարութիւններու մէջ հաղորդակցութիւններու վերաբացման նիւթը կը վերափոխուի եւ կը ստանայ տարածքաշրջանային մեկուսացման պահպանման տրամաբանութիւն։ Այսպէս իսկ է միջանցքներու մասին խօսակցութիւնը եւ կը հակասէ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու, թշնամանքի մթնոլորտը յաղթահարելու տրամաբանութեան։ Սա նպատակ ունի ոչ միայն մեկուսացած պահել տարածքաշրջանի պետութիւններն ու ժողովուրդները, այլեւ այդ մեկուսացման անշրջելի տեսք տալ։ Բայց կան նաեւ տարածքաշրջանային հաղորդակցութիւնները բանալու այնպիսի տարբերակներ, որոնք կ՚ընդգծեն տարածքաշրջանային փոխկապակցուածութիւնը եւ միջոց կրնան դառնալ թշնամութեան մթնոլորտի քայլ առ քայլ յաղթահարման։ Հայաստանի կառավարութիւնը այս իսկ տարբերակին կողմնակից է եւ այդ տարբերակը նկարագրուած է նոյեմբերի 9-ի եռակողմանի յայտարարութեան իններորդ կէտին եւ յունուարի 11-ի եռակողմանի յայտարարութեան մէջ»։

Թէ որքանո՞վ իրատես է տարածքաշրջանէ ներս խաղաղ զարգացման դարաշրջան մը բանալու օրակարգը։ Բանբերը շարունակեց. «Դժբախտաբար գրեթէ ամէն օր տեղի կ՚ունենան իրադարձութիւններ, որոնց նպատակը խաղաղութեան օրակարգը ապաօրինականացման ենթարկելն է, թշնամութեան մթնոլորտը ոչ միայն խորացնել, այլեւ՝ առաւել համակարգուած դարձնելը։ Այս եւ միւս քայլերը կ՚առնուին ցոյց տալու համար խաղաղութեան անհնարինութիւնը մեր տարածքաշրջանէն ներս։ Բայց Հայաստանի կառավարութիւնը հետեւողականօրէն յառաջ պիտի տանի այդ օրակարգը՝ մեր տարածքաշրջանի համար խաղաղութեան դարաշրջան բանալու բոլոր հնարաւորութիւնները օգտագործելով եւ նոր հնարաւորութիւններ ստեղծելով։ Վարչապետ Փաշինեան բազմիցս նշած է, որ այս ճանապարհին մեզի ամուր ջիղեր պէտք են եւ գոյութիւն չունին արագ ու դիւրին լուծումներ»։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2021