ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Անկախութեան տարեդարձին առթիւ հրապարակեց պատգամ մը։ Մինչ այդ, 21 Սեպտեմբերի առթիւ, իր գլխաւորութեամբ Հայաստանի պետական աւագանին այս առաւօտ յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ Եռաբլուրի զինուորական պանթէոն, ուր հերթական անգամ խոնարհում բերաւ նահատակներու յիշատակին առջեւ։ Ներկայ էր նաեւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Արմէն Սարգսեանի պատգամը։

*

Սիրելի հայրենակիցներ,

Հայաստանի Հանրապետութեան յարգելի քաղաքացիներ,

Այսօր կը լրանայ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 30-ամեակը։ Կը լրանայ բարդ ու ճգնաժամային իրավիճակի մէջ, երբ առկայ են բազում խնդիրներ ու մարտահրաւէրներ։ Կը լրանայ աղէտաբեր պատերազմի տարելիցի նախօրեակին, հազարաւոր երիտասարդներու կորուստի ցաւի, գերութեան կամ անյայտութեան մէջ գտնուող մեր հայրենակիցներու անորոշ ճակատագրերու, մեր հոգիի ու մարմնի չսպիացող վէրքերու, ընդհատուած երազանքներու պայմաններուն ներքեւ։ Կը լրանայ ժամանակ մը, երբ աշխարհի հետ միասին պարտադրուած ենք դիմագրաւել քորոնաժահրի համավարակը։ Կը լրանայ ժամանակաշրջան մը, երբ երկիրը մեր միասնական ուսի, մեր մտքի ու համատեղ ջանքի մեծագոյն կարիքն ունի, երբ մեր ինքնութիւնը առաւել խորութեամբ հասկնալու եւ պաշտպանելու անհրաժեշտութիւն կայ, երբ միասնականութեան ու զիրար լսելու, հասկնալու, փոխադարձ յարգանքի ու հանդուրժողութեան, իրարու ցաւը բաժնելու եւ իրարու սատար ըլլալու խիստ կարիքը կայ։

Երեսուն տարի առաջ նոյնպէս, ինչպէս այսօր, մեր ժողովուրդի համար բարդ ժամանակահատուած էր եւ կրկին նոյն հարցադրումը՝ կը կարողանա՞նք յաղթահարել եւ ինչպէ՞ս։ Եւ յաղթահարեցինք. 1991 թուականի սեպտեմբերի 21-ին իրականութիւն դարձուցինք մեր բազմամեայ երազանքը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հռչակեցինք անկախ պետութիւն։ Ընդ որում, ոչ ոք անկախութիւնը մեզի չնուիրեց։ Մենք ձգտեցանք, պայքարեցանք եւ հասանք։ Հասանք ոչ միայն կամքի ու նուիրուածութեան, այլեւ մեր հայրենակիցներէն շատերու կեանքին գնով։ Վերստին կը խոնարհիմ յիշատակին առջեւ բոլոր անոնց, որոնք ինքզիքնին զոհաբերեցին Հայաստանի անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան, Արցախի ազատութեան եւ անվտագնութեան համար։ Խորին յարգանքս կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան անկախութեան ձեռքբերման մէջ։

Սիրելի հայրենակիցներ,

Երեսուն տարուայ ընթացքին զանազան առարկայական ու ենթակայական պատճառներով չենք կարողացած լիարժէք իրացնել անկախութեան ընձեռած հնարաւորութիւնը, չենք կարողացած զարգացնել յաղթանակն ու յաջողութիւնը։ Կարծես թէ այս բանին համար ամէն ինչ գոյութիւն ունէր՝ երազանքէ մինչեւ գաղափար, ոգեւորութենէ մինչեւ կամք, անցեալի փորձէն մինչեւ ապագայի ձգտում։ Մինչդեռ այսօր կը պարզուի, որ ըստ արժանւոյն չենք գնահատած մեր ունեցածը։ Աւելին, թերագնահատած ենք ինչպէս ձեռքբերումները, այնպէս ալ կորուստները։ Մեր ոգին ծառայեցուցած ենք ոչ այնքան իրական յաջողութիւն ստեղծելու, որքան ցանկալի յաջողութեամբ ուրախանալու։ Շուրջ երեսուն տարի անց ստացուած հարուածը, ցաւօք, նոր պատերազմի տեսքով էր։

Այսօր կը միահիւսուին մեր երկրի եւ ժողովուրդի պատմութիւնը, ներկան եւ ապագան։ Մենք պէտք է դասեր քաղենք անցեալէն։ Միեւնոյն ժամանակ, պէտք չէ թոյլ տանք, որ անցեալը մեզ կաշկանդէ յառաջ քալելու։ Մեր հայրենիքի կարեւորագոյն խնդիրը կը մնայ եւ դեռ երկար ժամանակ պիտի ըլլայ ազգային անվտանգութիւնը։ Մենք պարտաւոր ենք ամէն ինչ ընել մեր անվտանգութեան համակարգը ամրապնդելու համար։ Առանց ուժեղ անվտանգութեան համակարգի չի կրնար ըլլալ ո՛չ զարգացում, ոչ ալ յառաջընթաց։ Պէտք է աւելի շատ ջանքեր ուղղենք մեր հայրենիքի՝ Հայաստանի ու Արցախի ապագային միտուած զարգացման։ Բայց նախ եւ առաջ պէտք է իրականութեան մէջ, այլ ոչ թէ զգացմունքային դաշտի մէջ գնահատենք անկախ պետականութեան կենսական արժէքը ու գիտակցինք զայն։ Պետականութիւնը կը դառնայ իրողութիւն, երբ կ՚ապրի մեր մէջ, մեր աշխատանքին մէջ, մեր կենսակերպին մէջ, մեր ընտանիքին մէջ, մեր մտածողութեան մէջ։ Մենք պէտք է ունենանք ազգային եւ պետական յստակ օրակարգ, տեսլական եւ ծրագիր, որոնք պէտք է ուղղորդեն մեր գործողութիւնները մեր գործընկերներու հետ շփումներուն եւ ընդհանրապէս միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ։

Մեզի անհրաժեշտ է ազգային ինքնութեան եւ պետականութեան խորին գիտակցում։ Անհրաժեշտ է միասնութիւն՝ հայրենիքը դարձնելու անվտանգ, պաշտպանունակ, ուժեղ եւ բոլոր առումներով առողջ պետութիւն։ Անհրաժեշտ է համբերութիւն եւ գիտակցութիւն, թէ դժուարութիւնները ժամանակաւոր են ու մենք կրնանք զանոնք յաղթահարել։ Անհրաժեշտ է հեռատեսութիւն՝ նոյնիսկ ներկայ իրավիճակին մէջ տեսնելու նոր հնարաւորութիւնները։ Անհրաժեշտ է իրատեսութիւն, իրականութեան վերարժեւորում. վերամեկնարկի կարիք ունի ոչ միայն պետութիւնը, այլեւ պետականութեան մեր զգացողութիւնը, զայն կորսնցնելու հաւանական վտանգի հետեւանքներու գիտակցումը։

Պէտք է կարողանանք գլուխներնիս բարձր եւ մէջքերնիս ուղղուած դուրս գալ ստեղծուած իրավիճակէն եւ շարժիլ յառաջ՝ համերաշխութեան եւ հանդուրժողականութեան, ազգային համաձայնութեան մթնոլորտի մէջ, իրարու աչքերուն արժանապատուօրէն, ուղիղ եւ ազնուօրէն նայելու համարձակութեամբ, ձեւականութենէ, ամբոխահաճութենէ հրաժարելու եւ իրական քայլեր առնելու հաստատակամութեամբ, հայրենիքը՝ Հայաստանն ու Արցախը անվտանգ եւ բարգաւաճ դարձնելու նպատակաուղղուածութեամբ։

Պատմութիւնը կը յիշէ թէ՛ պարտութիւնները, թէ՛ յաղթանակները։ Պէտք է կարողանանք որպէս պետութիւն, որպէս ժողովուրդ, որպէս հասարակութիւն այնպէս մը ապրիլ, որ պատմութեան պարտադրենք մեր մասին վկայել միայն ձեռքբերումներու եւ յաղթանակներու միջոցաւ։

Անկախութեան տօնը կը միաւորէ բոլորս՝ Հայաստանէն մինչեւ Արցախ եւ սփիւռք։ Թող միասնութեան այս զգացումը մեզի օգնէ հասնելու համազգային, համահայկական ու համապետական նպատակներուն։

Աստուած պահապան մեր հայրենիքին եւ մեր ժողովուրդին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2021