30-ԱՄԵԱ՞Կ, ԹԷ 3-ԱՄԵԱԿ

1993 թուականին (ցաւօք, ամիսը չեմ յիշեր) նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հանդիպում մը ունեցաւ գործարաններու տնօրէններու հետ, որոնց շարքին էր, ի դէպ, նաեւ Կարէն Տեմիրճեանը։ Ելոյթ ունեցողներէն մին մօտաւորապէս ըսաւ հետեւեալը. «Մեր արդիւնաբերութիւնը պէտք է պահպանել՝ կարեւոր չէ, թէ ովքեր կառուցած են զայն՝ համայնավարները, կամ ալ ինչ-որ մէկը»։ Նախագահը ընդհատեց՝ ըսելով. «Արդիւնաբերութիւնը կառուցած են համայնավարները։ Ես, որպէս պատմաբան՝ ճշգրիտ ձեւակերպումներու կողմնակից եմ»։ Ինձ կը թուի, սա ոչ միայն պատմական, այլեւ պետական ճիշդ մօտեցում մըն է։

Բնականաբար, մինչեւ 1990 թուականին իշխանութեան գլուխ գալը «Ղարաբաղ» կոմիտէի անդամները բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած էին համայնավարական ղեկավարութեան դէմ։ Բայց, դառնալով պետութեան պատասխանատուներ, անոնք այդ հռետորաբանութիւնը կամաց-կամաց մեղմացուցին, իսկ յետագային՝ ընդհանրապէս բացառեցին։ Գաղափարական հակասութիւնները, բնականաբար, կը մնային։ Բայց մէ՛կ բան է, երբ դուն կը հակադրուիս քու ընդդիմախօսներուն՝ որպէս քաղաքական գործիչ, բոլորովին այլ բան մըն է, երբ դուն կը ձեւակերպես քու վերաբերմունքը երկրիդ անցեալին հանդէպ՝ որպէս պետութեան մարդ, քաղաքացի։ Սա կը վերաբերի ոչ միայն իշխանաւորներուն, այլեւ՝ մեզ բոլորիս։ Իրենց անմիջական անցեալը ամբողջապէս մերժող քաղաքացիները կը նպաստեն պետութեան ձախողման։

Թէ ի՞նչ կը նշանակէ «անմիջական»՝ ի հարկէ, քննարկելու հարց է։ Հակառակ մեր պատմութիւնը շատ մեծ «խորութիւն» ունի, որ անհրաժեշտ է իմանալ, այս պարագային «անմիջական անցեալը» կարելի է հաշուարկել 1918  թուականէն՝ այն պարզ պատճառով, որ այդ 103 տարուայ ընթացքին մենք երեք անգամ փորձած ենք պետականութիւն կառուցել՝ ի հարկէ, սխալներով, ձախողումներով, պարտութիւններով։ Որեւէ ժամանակահատուած բացառապէս սեւ գոյնով ներկելը կը խօսի ոչ միայն նեղ քաղաքական, քարոզչական նպատակներու, այլեւ՝ մտքի որոշակի սահմանափակութեան, պարզունակութեան մասին։ Այդպէս ապրող մարդիկ չունին, չեն ուզեր ունենալ էնսթիթիւսիոնէլ յիշողութիւն։ Իսկ պետութեան համար նման յիշողութիւն չունենալը կը ստեղծէ նոյն իրավիճակը, զոր բժիշկները կ՚արձանագրեն որոշ մարդոց մօտ, որոնք կը յիշեն, թէ ինչ պատահած է հինգ վայրկեան առաջ, բայց չեն յիշեր մէկ ժամ առաջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները։ Սա լուրջ հիւանդութիւն է։

Ներկայ իշխանութիւնը քաղաքական իր պաշարը հիմնած է Հայաստանի քաղաքացիներու մեծամասնութեան պատկերացումներէն մէկուն վրայ, ըստ որու Երրորդ հանրապետութեան անցեալ 30 տարիներէն 27-ը մենք ապրած ենք մղձաւանջի մէջ եւ միայն երեք տարի առաջ բոլորիս համար ծագած է երջանկութեան արեւը։ Նոյնիսկ 30-ամեակը ազդարարող պաստառի «3»ը «Քաղաքացիական պայմանագիր»ի նախընտրական պաստառի «3»ն է, իսկ «0»ն ամենեւին շեշտուած չէ։ Սա վտանգաւոր մօտեցում մըն է, որ քաղաքացիներու մօտ պետականութեան զգացումը, բնազդը կը թուլացնէ։ Այդ մօտեցումը, ի վերջոյ, պիտի խանգարէ նաեւ այս իշխանութիւնը։

Այսօր այն օրն է, երբ պէտք է արժեւորել անցեալ երեք տասնամեակները, ինչպէս նաեւ բոլորիս՝ երկրի առաջին դէմքէն սկսեալ, մինչեւ ոեւէ շարքային քաղաքացիի ըրածը։ Ես այդպէս կը պատկերացնեմ պետական մտածողութիւնը։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2021