ԱՀԱԶԱՆԳԻ ՎՐԱՅ ԱՀԱԶԱՆԳ

Երէկ, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը ժողով մը գումարեց Երեւանի մէջ՝ գլխաւորութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի։ Ժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ հետեւեալ յայտարարութիւնը։

*

2022 թուականի սեպտեմբերի 12-ի լոյս 13-ի գիշերը Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը լայնածաւալ բռնութեան սկսած են Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին դէմ՝ խոշոր տրամաչափով զինատեսակներու, հրետանիի, հրթիռային համակարգերու, անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործմամբ։

Բռնութեան հետեւանքով զոհուածներու եւ կորսուածներու թիւը կը հասնի 207-ի՝ ներառեալ զոհուած է քաղաքացիական 3 անձ, 2 քաղաքացիական անձի գտնուած վայրը կը համարուի անյայտ, վիրաւորուած է 293 զինուոր, 3 քաղաքացիական անձ, գերեվարուած է 20 զինուոր։ Առկայ են ապացոյցներ հայաստանցի գերեվարուած կամ զոհուած զինուորներու ատրպէյճանցիներու կողմէ խոշտանգումներու ենթարկման, անդամահատման, այսպէսով ապօրինի կերպով կեանքէ զրկելու դէպքերու վերաբերեալ։

Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ թիրախաւորուած են 36 բնակավայրեր՝ ներառեալ Գորիս, Սիսիան, Կապան, Ջերմուկ, Վարդենիս, Տեղ, Գեղամասար համայնքները։ Յարձակումներու հետեւանքով մասնակի կամ ամբողջական աւերուած են 192 տուն, 3 հիւրանոց, 2 դպրոց, 1 բժշկական հաստատութիւն, 1 հանդիսութիւններու սրահ, 4 գոմ։ Վնասուած է 7 ելեկտրական ենթակառուցուածք, 5 ջրային ենթակառուցուածք, 3 կազամուղ, 1 կամուրջ, 2 ճանապարհ, 1 փողոց։ Թիրախաւորուած են 2 շտապօգնութեան ինքնաշարժ, 4 անձնական ինքնաշարժ։

Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը քանի մը ուղղութիւններով մխրճուած են Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք։ Հայաստանի զինեալ ուժերու յամառ եւ հերոսական դիմադրութեան եւ միջազգային հանրութեան ներգրաւման շնորհիւ Ատրպէյճանի յարձակումը կասեցուած է, սակայն ռազմաքաղաքական իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ լարուած։

Ատրպէյճանի կողմէ վարուող ակրեսիւ քաղաքականութիւնը տարածաշրջանէ ներս խաղաղութիւն հաստատելու, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի համապարփակ կարգաւորման ուղղեալ ջանքերը վիժեցնելու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ուժային լուծումներ պարտադրելու նպատակ ունին։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը որդեգրած ըլլալով խաղաղութիւն հաստատելու, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման օրակարգը՝ անընդունելի կը համարէ Ատրպէյճանի կողմէ վարուող սպառնալիքի եւ հարկադրանքի քաղաքականութիւնը։

Անվտանգութեան խորհուրդը կը յայտարարէ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իրեն հասու բոլոր միջոցներով պիտի պաշտպանէ իր անկախութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը։ Ատրպէյճանի զօրքերը պէտք է դուրս գան Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագրաւուած տարածքներէն։

Միջազգային հանրութեան կոչ կ՚ուղղենք Ատրպէյճանի վրայ շարունակաբար ճնշումներ գործադրել՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներու բռնագրաւման վերջ դնելու եւ զօրքերը ետ քաշելու ուղղութեամբ եւ կ՚ողջունենք բոլոր այն երկիրներն ու կազմակերպութիւնները, որոնք հանդէս եկած են յստակ դիրքորոշմամբ։

Միեւնոյն ժամանակ, կը վերահաստատենք միջազգային հանրութեան պատասխանատու անդամի պարտաւորութեան հաւատարիմ մնալու Հայաստանի Հանրապետութեան յանձնառութիւնը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2022