ԻՇԽԱՆԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ

Երեւանի «Մետիամաքս» գործակալութիւնը վերջին օրերուն արձագանգ հանդիսացաւ Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարարներէն Վարդան Օսկանեանի նոր յօդուածին, որ խորագրուած է՝ «Ի՞նչ եղած է իրականութեան մէջ եւ ի՞նչ կարելի է ընել»։ Վարդան Օսկանեան, որ 44-օրեայ պատերազմէն ի վեր պարբերաբար հայկական պետութեան եւ դիւանագիտութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն կապակցութեամբ հանդէս կու գայ խորհրդածութիւններով, այս անգամ առկայ իրադրութիւնը մեկնաբանած է՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ պատահած վերջին բախումներու լոյսին տակ։ Նախկին նախարար Օսկանեանի յօդուածը ստորեւ կը ներկայացնենք արեւմտահայերէնով։

*

Բանակցային գործընթացին մէջ երկարատեւ փորձառութիւն ունեցող որեւէ մարդ տեսնելով այսօրուան իրադարձութիւնները՝ կրնայ շատ յստակ պատկերացնել արդէն երկու տարիէ ի վեր հայ հասարակութիւնը յուզող հարցումին պատասխանը. ի՞նչ քննարկուած է 2020-ի նոյեմբերի 9-10-ին։

Կասկածէ վեր է, որ այդ օրը, այդ ժամերուն օրակարգի հիմնական թելադրողը Ալիեւն էր։ Շուշի մտնելէ յետոյ ան հնարաւորութիւն ունէր ժամերու ընթացքին բռնագրաւելու ամբողջ Արցախը։ Դժուար թէ հասկնալ, որ այդ դիրքերուն մէջ այդ գիշեր Ալիեւը սեղանին դրած էր իր առաւելագոյն պահանջները՝ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի մաս, Զանգեզուրի մէջ միջանցք եւ ի նպաստ Ատրպէյճանի սահմանազատման լուծում՝ անկլաւները ներառեալ։ Բանակցային գործընթացին մէջ նոյնիսկ ամենաթոյլ դիրքերով կողմին դէմքը փրկելու հնարաւորութիւն կու տան։ Իմ ենթադրութիւնն է, որ այդ երեք հարցերը դուրս թողուած են հրադադարի գրաւոր յայտարարութենէն, բայց ձեռք բերուած է բանաւոր պայմանաւորուածութիւն, որու վկան, նաեւ՝ երաշխաւորը եղած է Փութին։

Հիմա, երբ այդ պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը կը ձգձգուի, Ալիեւ կը դիմէ ուժային մեթոտներու։ Եթէ ելնենք հիմնաւոր այս ենթադրութենէն՝ այս իրավիճակին մէջ Փաշինեան չունի մանեւրելու հնարաւորութիւն, իսկ Ռուսաստանի լռութիւնը կը դառնայ եթէ ոչ արդարացուած, ապա առնուազն՝ բացատրելի։ Փութինի ձեռքերը կապուած են ո՛չ միայն իր աշխարհաքաղաքական թուլացած դիրքերով, այլեւ նոյեմբերի 9-ին տրուած բանաւոր խոստման վկան ըլլալով։ Հետեւաբար, օրուայ հրամայականը կը դառնայ նոր բանակցողի, իմա՝ երկրի նոր ղեկավարի յայտնուիլը։

Եթէ մէկ կողմ դնենք յուզական պիտակները եւ ելնենք այն ենթադրութենէն, թէ Փաշինեանի համար ստեղծուած իրավիճակը հաճելի եւ ցանկալի չէ, ապա ան կա՛մ պէտք է հերքէ այս թեզը, ըսէ, որ ոչինչ խոստացած է բանաւոր ու իր անմիջական քայլերով, այսինքն՝ կտրուկ փոխելով քաղաքականութեան տրամաբանութիւնը ապացուցանէ այդ բանը եւ կամ հրաժարական ներկայացնէ։ Վերջին իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ Ատրպէյճանի համար եւս ռազմական լուծումը անհրաժեշտն ու ցանկալին չէ, հետեւաբար Փաշինեան այստեղ մանեւրելու հնարաւորութիւն ունի։ Եթէ սա չընէր, ուրեմն կը մնայ ենթադրել, որ կան խոստման կապկանքները։

Նոր բանակցողի յայտնուիլը ո՛չ միայն Հայաստանը կ՚ազատէ այդ կապկանքէն, այլեւ կ՚ազատէ Ռուսաստանի ձեռքերը՝ հապշտապ եւ ոչ-շահեկան լուծումներու փոխարէն նոր բանակցային փուլ սկսելու համար։

Ի՞նչ կը վերաբերի Արեւմուտքին, ապա ակնյայտ է, որ ան Հայաստանի իշխանութեան վարած քաղաքականութեան մէջ կը տեսնէ Ղարաբաղէն հրաժարելու միտումը, անոր մէջ կը տեսնէ խաղաղութեան հասնելու ամենակարճ ճանապարհը, ինչ որ թէ՛ կը նպաստէ Ռուսաստանի ներկայութեան թուլացումը եւ թէ՛ աստիճանական հեռացումը տարածաշրջանէն։ Այսպէսով թերեւս կարելի է բացատրել Ատրպէյճանի բռնութեան ժամանակ Արեւմուտքի խաղացած դրական դերը, ճնշումը Ատրպէյճանի վրայ՝ ձեռք բերուած փխրուն հրադադարի արդիւնքով։ Բայց եւ այնպէս, Արեւմուտքը նոյնպէս Հայաստանի իշխանութիւններու ենթադրաբար տրուած խոստման պատանդն է։ Ի վերջոյ, ակնյայտ է, որ Էրտողանի (…) յայտարարութիւնները Եւրոմիութեան անդամ Յունաստանի դէմ եւ բազմաթիւ այլ հանգամանքներ պէտք չէ ոեւէ մէկուն մօտ կասկած յառաջացնեն, թէ Արեւմուտքը նոյնպէս նպատակ, ցանկութիւն եւ պատճառ չունի Թուրքիա-Ատրպէյճան լիակատար յաղթանակը ցանկանալու։ Հետեւաբար, նոր բանակցողի պայմաններուն մէջ եւ ասոր շուրջ ձեւաւորուած նոր մօտեցումներով ու դիւանագիտական խումբով հայկական շահերու հետապնդումը, անկասկած, հնարաւորութիւն կը ստեղծէ կարճ ժամանակի մէջ փոխելու նաեւ Արեւմուտքի մօտեցումները այս հարցին մէջ, Արեւմուտքը նոյնպէս շահագրգռելով արագ լուծումներու փոխարէն աւելի հաւասարակշիռ լուծման համար բանակցութիւններու սկսելու։ Բայց ասոր համար, դարձեալ, անհրաժեշտ է նոր բանակցող մը, որ թէ՛ Ռուսաստանի, թէ՛ Արեւմուտքի համար կը ձեւակերպէ բանակցային նոր օրակարգ։

Ի՞նչ պէտք է ըլլայ նոր բանակցողի արտաքին քաղաքական հէնքը։

Ա) Փոխլրացնող քաղաքականութիւն։ Կան մարդիկ, որոնք կը պնդեն, թէ այսօր սա հնարաւոր չէ՝ հաշուի առնելով Ռուսաստան-Արեւմուտք հակասութիւնները։ Բայց այստեղ անոնք կը մոռնան առնուազն երկու հանգամանք.

Առաջին՝ այսօր Արեւելք-Արեւմուտք հակասութիւնը ո՛չ թէ պլոքներու, այլ առանձին երկիրներու հակասութիւն է։ Ռուսաստան-Արեւմուտք, Չինաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Սա չ՚ենթադրեր եւ չի պարտադրեր մէկ կամ միւս կողմի հետ լաւ յարաբերութիւններ ունեցող երկիրներուն ընտրութիւն ընել։ Եւ այս բանէն, ի դէպ, լաւագոյնս կ՚օգտուին Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը։

Երկրորդ՝ այսօր Հայաստան կրնայ հիմնաւորել այս կամ այն գործընկերոջ հետ որեւէ խորութեան համագործակցութիւն։ Անկախ պատճառներէն կամ հանգամանքներէն՝ փաստ է, որ 44-օրեայ պատերազմէն եւ վերջին իրադարձութիւններէն յետոյ Հայաստանի մէջ ձեւաւորուած է համատարած հիասթափութիւն Ռուսաստանէն։ Հայաստան, ելնելով իր շահերէն, պահելով իր յարաբերութիւններու որակը Ռուսաստանի հետ, առանց վարանման հնարաւորութիւն ունի լաւագոյնս օգտագործելու այլ երկիրներու կողմէ իրեն ընձեռուած բոլոր տեսակի հնարաւորութիւնները։

Բ) Նոր բանակցողը եւ անոր խումբը կարիք չունին ընդհանրապէս հրաժարելու պայմանագիր կնքելու հեռանկարէն։ Պարզապէս անհրաժեշտ է փոխել անոր շուրջ ստեղծուած եւ այլոց կողմէ ընկալուած առկայ ենթաթեքստը։ Ատրպէյճանի համար այս փաստաթուղթը միջոց է պատերազմի արդիւնքին իր ձեռքբերած եւ ակնկալուած ռազմական աւարտի օրինականացման եւ միջազգային ճանաչման համար։

Հայաստանի մօտեցումը պէտք է ըլլայ նոյնը։ Հայաստանի համար այս փաստթուղթը պէտք է ըլլայ այն միջոցը, ուր կը կարողանայ տրամաբանուած, ոչ-ծայրայեղական ձեւակերպումներով դրոյթներու ներառմամբ հասնիլ բանակցային լուրջ գործընթացի անհրաժեշտութեան ճանաչման եւ մեկնարկումի։ Փաստաթուղթին մէջ անհրաժեշտ է ներառել ան դրոյթները, որոնց շուրջ կ՚ըլլայ իրական բանակցութիւններու անհրաժեշտութիւն՝ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու դուրս բերումը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն, Լեռնային Ղարաբաղի ապագայ կարգավիճակի խնդիրը, գերիներու վերադարձը, սահմանազատման բանակցուած, ոչ թէ հապշտապ ու միայն Ատրպէյճանը բաւարարող իրականացումը։

Այլապէս այն, ինչ տեղի կ՚ունենայ այսօր, բանակցութիւն չէ, այլ պարտադրանք է Հայաստանին՝ հրաժարելու Արցախէն, ինչը ստիպուած կ՚ըլլայ ընդունիլ, որպէսզի միայն թէ խաղաղութիւն ըլլայ։  Ու այս ձեւակերպման տարբեր պատճառներով դէմ չեն արտայայտուիր թէ՛ Ռուսաստանը, թէ՛ Արեւմուտքը՝ հիմնականին մէջ վերոնշեալ՝ հայկական կողմի այլ ձեւակերպում տալու անկարողութեան պատճառով։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2022