ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանէն հասած լուրերը վերջին օրերուն առաջնահերթօրէն կը բնորոշեն օրակարգը։ Երէկ երեկոյեան ժամերուն Ատրպէյճանի զօրքերը դարձեալ խախտած են հրադադարը։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս առաւօտ տեղեկացուց, որ ժամը 22.30-ի դրութեամբ թէեւ սահմանին վրայ կայուն իրադրութիւնը հաստատուած է, կրակոցներ չեն եղած, սակայն, անմիջապէս առաջ սահմանի արեւելեան ուղղութեան վրայ պատահած են դէպքեր։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը հրադադարը խախտած են՝ կիրառելով հրաձգային զինատեսակներ։

Հայ-ատրպէյճանական սահմանի այս չափազանց լարուած վիճակը անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ նաեւ Նիւ Եորքի մէջ, ուր այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ ՄԱԿ-ի նոր՝ 77-րդ նստաշրջանի բացման փուլը։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի սկիզբը կը համախմբէ ամբողջ միջազգային ընտանիքի բարձրաստիճան ներկայացուցիչները։ Այս շրջանակէն ներս, երէկ, Նիւ Եորքի մէջ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Չավուշօղլու եւ Պլինքըն քննարկած են Հարաւային Կովկասէ ներս առկայ լարուածութիւնը։ Բանակցութիւններու ընթացքին Պլինքըն նշած է, որ Ուաշինկթըն կը շարունակէ ներգրաւուած ըլլալ Երեւան-Պաքու երկխօսութիւնը դիւրացնելու եւ հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական լուծման ապահովման ուղղութեամբ։ Իր կարգին, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն երէկ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ ուղղեց, որպէսզի շուտափոյթ ձեւով խաղաղութեան պայմանագիր կնքեն։ Անդրադառնալով սահմանի վերջին օրերու իրավիճակին՝ Էրտողան հերթական անգամ կանգ առաւ տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան հաստատման կարեւորութեան վրայ։

Նիւ Եորքի մէջ է նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որ եւս կը շարունակէ իր շփումները։ Երեւանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ ան բազմաթիւ երկկողմանի հանդիպումներ ունեցած է Նիւ Եորքի մէջ։ Այս ամբողջին մէջ Արարատ Միրզոյեան մէկտեղուած է ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախաագահ երկրի՝ Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զպիկնեւ Ռաուի հետ։ Զրոյցի ընթացքին Միրզոյեան ներկայացուցած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած բռնութեան մանրամասնութիւնները՝ անթոյլատրելի համարելով քաղաքացիական բնակչութեան եւ ենթակառուցուածքներու թիրախաւորումը, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտումները։ Միրզոյեան շեշտած է, որ այսպիսի գործողութիւններով Ատրպէյճան յստակօրէն կը խաթարէ տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղեալ գործընթացները։ Ան առանձնայատուկ նշած է միջազգային հանրութեան թիրախային եւ յստակ դատապարտման կարեւորութիւնը՝ ներառեալ ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը։ Նախարարը ընդգծած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանակներէն ներս գոյութիւն ունեցող դրութիւններու հրատապ գործարկման անհրաժեշտութիւնը։ Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է, որ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ ռազմական բռնութիւնը կոպտօրէն կը խախտէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ Հելսինքիի եզրափակիչ աքթի հիմնարար դրոյթները։ Զրոյցի տեւողութեան ընդգծուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան դերակատարութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի համապարփակ ու տեւական կարգաւորման ուղղեալ խաղաղ գործընթացի յառաջ մղման առումով։

Բաց աստի, Արարատ Միրզոյեան երէկ Նիւ Եորքի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ֆիլիփ Ռիքերի հետ։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՓՈՒԹԻՆ

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ Հայաստան իր երկրի ամենամօտիկ բարեկամն ու ռազմավարական դաշնակիցն է։ Երէկ, Փութին ընդունեց Մոսկուայի մօտ հաւատարմագրուած շարք մը երկիրներու դեսպանները։ Հաւատարմագրերու յանձնման այս արարողութեան ընթացքին ան ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին ըսաւ. «Օգտուելով առիթէն՝ կը փափաքիմ շնորհաւորել եղբայրական հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանի ղեկավարութիւնը՝ Անկախութեան տօնին առիթով։ Այս տարի կը նշուի միանգամայն երկու նշանակալից տարեդարձ՝ մեր երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը եւ բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան հիմնարար պայմանագրի ստորագրութեան 25-ամեակը»։ Փութին աւելցուց, որ Մոսկուա եւ Երեւան կը շարունակեն խտացեալ քաղաքական երկխօսութիւնը։ Ան յիշեցուց, որ տարեսկիզբէն ի վեր արդէն երեք անգամ հանդիպած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

Նոյն հաւաքոյթի ընթացքին Վլատիմիր Փութին շարունակեց. «Մեր մեկնակէտն է այն հանգամանքը, որ վիճելի տարածքային հարցերու լուծման բանալին, Ռուսաստանի խորհրդատուական աջակցութեամբ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման երկկողմանի յանձնաժողովի շրջանակներէն ներս արհեստավարժ եւ համատեղ աշխատանքի մէջ է»։ Ռուս ղեկավարը ընդգծեց, որ իր երկրին համար մտերիմ պետութիւններու միջեւ որեւէ հակամարտութեան իրավիճակ լուրջ անհանգստութիւն կը յառաջացնէ։

Այս կէտին վրայ մանրամասն խորհրդածելով՝ Վլատիմիր Փութին ընդգծեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ որեւէ հակամարտութեան իրավիճակ լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ Ռուսաստանի տեսակէտէ։ Մոսկուա կողմերուն կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի պահպանեն հրադադարը։ «Կ՚ընդգծեմ, որ մեզի համար մօտիկ պետութիւններու միջեւ որեւէ հակամարտութեան իրավիճակ լուրջ անհանգստութիւն կը յառաջացնէ։ Մենք բոլորին կոչ կ՚ուղղենք զսպուածութիւն դրսեւորել, խստօրէն պահպանել հրադադարը եւ վճռականօրէն հետեւիլ Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմանի յայտարարութիւններուն», յայտնեց Փութին եւ աւելցուց, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) շրջանակներէն ներս ալ միջոցներ ձեռք կ՚առնուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութիւնը նուազեցնելու ուղղութեամբ։ «Կը փափաքիմ նշել, որ կազմակերպութեան գծով միջոցներու կը ձեռնարկուին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանային գօտիէն ներս իրավիճակի սրման վերաբերեալ։ Բախման գօտի ուղարկուած է յատուկ առաքելութիւն մը՝ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի գլխաւորութեամբ։ Իրեն յանձնարարուած է Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդին համար առաջարկներ պատրաստել՝ հիմնուելով գործերու վիճակի ուսումնասիրութեան արդիւնքներուն վրայ», ըսաւ Փութին։

Հարկ է նշել, որ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը արդէն հասած է Երեւան։

ՄԱՔՐՈՆ-ՌԱՅԻՍԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Միւս կողմէ, նոյնպէս Նիւ Եորքի մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի եւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հանդիպումը։ Այս երկու երկիրները Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններուն գծով արդէն կարեւոր դերակատարներ են։ Իրան թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ատրպէյճանի հարեւանն է, իսկ Ֆրանսա արդէն ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու շարքին է եւ Էմմանիւէլ Մաքրոն վերջին շրջանին արդէն յաճախ շփման մէջ էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ՝ սահմանի իրավիճակի հանդարտեցման ուղղեալ որոնումներուն գծով։ Թեհրանի ղեկավարութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր զգայնութիւն կը բարձրաձայնէ՝ Հայաստան-Իրան սահմանի որեւէ փոփոխութեան անընդունելիութեան կապակցութեամբ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2022