ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑԻ ՇՈՒՐՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Աթէնքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Սթեֆան Տը Միսթուրայի հետ։ Արամ Ա. Կաթողիկոս, որ Աթէնքի մէջ կը գտնուի միջազգային համագումարի մը մասնակցելու նպատակով, հանդիպումներ կ՚ունենայ նաեւ Յունաստանի պետական աւագանիին հետ։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, ան Սթեֆան Տը Միսթուրայի հետ շօշափեց Սուրիոյ առկայ ընդհանուր կացութեան եւ վերջին զարգացումներուն շուրջ խնդիրներ։ Տեղեկութիւններու եւ տեսակէտներու փոխանակումէն վերջ Նորին Սրբութիւնը մանրամասնօրէն ներկայացուց Սուրիոյ հարցի խաղաղ լուծման վերաբերեալ իր պատկերացումը։
Առաջին հերթին, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց սուրիական տագնապին քաղաքական լուծում տալու հրամայական անհրաժեշտութիւնը՝ յիշեցնելով, որ նման տագնապներուն մնայուն ու ամբողջական լուծում կարելի չէ տալ սոսկ զինուորական միջամտութեամբ: Քաղաքական լուծում կ՚ենթադրէ քաղաքական գործընթաց՝ մասնակցութեամբ խաղաղ լուծման յանձնառու բոլոր կողմերուն: Նման գործընթացին պէտք է մասնակցին կողմերը առանց նախապայմանի, որովհետեւ վերջին խօսքը կը պատկանի ժողովուրդին, ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս: Ապա, Նորին Սրբութիւնը առաջարկեց Տը Միսթուրային, որ կողմերը նման յանձնառութեան մղող ու քաղաքական գործընթացին յստակ ուղղութիւն տուող «ճամբու քարտէս» մը պատրաստէ՝ յատուկ ուղեգիծով ու ժամանակացոյցով: Ան նաեւ յիշեցուց ՄԱԿ-ի պատուիրակին, որ բնականաբար նման նախաձեռնութեան գծով անհրաժեշտ է ունենալ միջազգային ու շրջանային ուժերուն օրհնութիւնը: Շարունակելով իր պատկերացումը, Նորին Սրբութիւնը առաջարկեց Տը Միսթուրային, որ յիշեալ ծրագրի գործադրութիւնը աւելի հնարաւոր կրնայ դառնալ երկու անհրաժեշտ քայլերէ մեկնելով՝ առաջին, ընդհանուր զինադուլ եւ արտաքին զինուորական օժանդակութիւններու դադարեցում ու երկրորդ՝ հանգրուանային մօտեցում թէ՛ «ճամբու քարտէս»ին մէջ ճշդուած սկզբունքներու գործադրութեան եւ թէ շրջաններու մէջ ապահովութեան հաստատման: Այս վերջին կէտին գծով, Արամ Ա. Կաթողիկոս առաջարկեց սկսիլ Հալէպէն, նկատի ունենալով քաղաքին քրիստոնեայ-իսլամ նկարագիրը ու պատմական կարեւորութիւնը:
ՄԱԿ-ի պատուիրակը ամբողջութեամբ համաձայն գտնուեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատկերացումին ու առաջարկներուն, միաժամանակ ան իր մտահոգութիւնը յայտնեց կարգ մը կողմերու մօտեցման, ինչպէս նաեւ արտաքին կողմերու հետապնդած նպատակներուն գծով: Ան նաեւ համաձայն գտնուեցաւ, որ Հալէպը դառնայ առաջին հանգրուանը Սուրիոյ տագնապը քաղաքական լուծման առաջնորդող գործընթացին: Այս շրջագծէն ներս, Տը Միսթուրա յիշեցուց Նորին Սրբութեան, որ դժբախտաբար արտաքին որոշ կողմ մը պատճառ հանդիսացաւ, որ ամիսներ առաջ Հալէպի համար պատրաստած իր ապահովական ծրագիրը ձախողութեան մատնուի:
Արամ Ա. Կաթողիկոս յիշեցնելով Տը Միսթուրային, որ հայ համայնքը Սուրիոյ կարեւոր քրիստոնեայ համայնքներէն մէկն է, անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց հայ համայնքին ու յատկապէս Հալէպի մէջ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին: