ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՍՊԱՍՈՂԱԿԱՆ ԴԻՐՔԻ ՄԷՋ

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Ի­կոր Փո­փով (Ռու­սաս­տան), Ճէյմս Ո­ւոր­լիք (Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Փիէռ Անտ­րիու (Ֆրան­սա), ինչ­պէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դես­պան Ան­ճէյ Կասպր­չիկ կը պատ­րաս­տուին նոր ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը ի­րա­կա­նաց­նել դէ­պի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Տիգ­րան Բա­լա­յեան տե­ղե­կա­ցուց, թէ միջ­նորդ­նե­րը Հոկ­տեմ­բե­րի 26-ին պի­տի այ­ցե­լեն Ե­րե­ւան։ Ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը պի­տի տե­սակ­ցին Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հետ։

Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը Հոկ­տեմ­բե­րի 28-ին ալ պի­տի գտնուին Պա­քուի մէջ, ուր շփում­ներ պի­տի ու­նե­նան Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան հետ։

Տիգ­րան Բա­լա­յեա­նի հա­ղոր­դում­նե­րուն մէջ նշուած է, թէ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը ներ­կա­յիս աշ­խա­տանք կը տա­նին՝ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րուն մի­ջեւ հան­դի­պում մը կազ­մա­կեր­պե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Միւս կող­մէ, Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րովն ալ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ միջ­նորդ­նե­րու այ­ցե­լու­թեան ըն­դա­ռաջ։ Ան Պա­քուի մէջ յայ­տա­րա­րեց, որ պէտք չէ ա­ճա­պա­րել Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րու հան­դիպ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ըստ ա­զէ­րի նա­խա­րա­րին, կա՛մ նա­խա­գահ­նե­րը պի­տի ընտ­րեն հան­դիպ­ման վայ­րը եւ կամ միջ­նորդ­նե­րը պի­տի ներ­կա­յաց­նեն  պատ­րաստ ա­ռա­ջարկ մը։ «Ա­մէն պա­րա­գա­յի, մենք կը սպա­սենք հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն այ­ցե­լու­թեան տա­րած­քաշր­ջան», ը­սաւ Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով եւ ա­ւել­ցուց, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ­նե­րու հան­դիպ­ման վայ­րին ու ժամ­կէ­տին հար­ցին շուրջ պէտք չէ ա­ճա­պա­րել։

Բաց աս­տի, Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով հաս­տա­տեց, թէ պի­տի մաս­նակ­ցի ԵԱՀԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու խոր­հուր­դի նիս­տին, որ նա­խա­տե­սուած է Սեր­պիոյ մէ­ջ։

 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2015