ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Միջ­խորհր­դա­րա­նա­կան միու­թեան 130-րդ վե­հա­ժո­ղո­վը վեր­ջին օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ Զուի­ցե­րիոյ Ժը­նեւ քա­ղա­քին մէջ։ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Գա­լուստ Սա­հա­կեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւնն ալ մաս­նակ­ցե­ցաւ այս ժո­ղով­նե­րուն։ Ժը­նե­ւի մէջ Գա­լուստ Սա­հա­կեան ու­նե­ցաւ նաեւ շարք մը երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում­ներ։ Այս­պէս, ան տե­սակ­ցե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Դաշ­նակ­ցա­յին խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Վա­լեն­թի­նա Մաթ­վիէն­քո­յի, Պե­տա­կան տու­մա­յի նա­խա­գահ Սէր­կէյ Նա­րիշ­քի­նի, Լի­բա­նա­նի Խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Նա­պիհ Պըր­րիի, Գա­նա­տա­յի Ծե­րա­կոյ­տի նա­խա­գահ Լէօ Հու­սա­քո­յի, Սեր­պիոյ Խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Մա­յա Կոյ­քո­վի­չի հետ՝ քննար­կե­լով միջ­խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Դէ­պի Ժը­նեւ ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը ա­ւար­տե­լով՝ Գա­լուստ Սա­հա­կեան վա­ղը պի­տի անց­նի Վե­նե­տիկ, ուր պի­տի մաս­նակ­ցի Վե­նե­տի­կի յանձ­նա­ժո­ղո­վի նիս­տին։ «Ժո-ղովրդավարութիւն՝ իրաւունքի միջոցաւ» Եւրոպական յանձնաժողովի նիստերուն ընթացքին Գալուստ Սա-հակեանին պիտի ընկերանայ Հայաստանի Խորհրդա-րանի աշխատակազմի ղեկավար Հրայր Թովմասեան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2015