ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին եւ Սու­րիոյ Նա­խա­գահ Պե­շար Է­սատ ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցան Մոս­կուա­յի մէջ։ Քրեմ­լի­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը այս ա­ռա­ւօտ ար­ձա­գանգ հան­դի­սա­ցան ե­րէ­կուան տե­սակ­ցու­թեան, ո­րու ըն­թաց­քին եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը քննար­կե­ցին Սու­րիոյ մէջ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու շա­րու­նա­կու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Պե­շար Է­սատ Վլա­տի­միր Փու­թի­նին ներ­կա­յա­ցուց իր երկ­րին ի­րա­վի­ճա­կը, ինչ­պէս նաեւ Սու­րիոյ բա­նա­կին ծրագ­րերն ու ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քը։ Քրեմ­լի­նի բան­բե­րը՝ Տի­միթ­րի Փես­քով յայտ­նեց, որ Է­սատ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ կը գտնուէր Մոս­կուա­յի մէջ եւ եր­կա­րա­տեւ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րած է Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ։ Այդ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ըն­թա­ցած են թէ՛ նեղ եւ թէ ընդ­լայ­նուած կազ­մե­րով, մաս­նակ­ցու­թեամբ Ռու­սաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեա­նե­րու։ Այս­պէս, Քրեմ­լի­նի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­ցան Ռու­սաս­տա­նի Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տեւ, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով, Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէր­կէյ Շոյ­կու եւ այլ պաշ­տօ­նա­տար­ներ։

Պե­շար Է­սա­տի խնդրան­քով Ռու­սաս­տան Սեպ­տեմ­բե­րի 30-էն ի վեր կը հա­րուա­ծէ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դիր­քե­րը Սու­րիա­յէ ներս։ Ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն դէմ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ներգ­րա­ւուած են ա­ւե­լի քան յի­սուն օ­դա­նա­ւեր եւ ուղ­ղա­թիռ­ներ։ Բաց աս­տի, ա­հա­բե­կիչ­նե­րու դիր­քե­րը կը ռմբա­կո­ծուին նաեւ ծո­վէն։ Ռու­սաս­տա­նի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու թի­րա­խը կը դառ­նան նաեւ Սու­րիոյ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը, ո­րոնք եւս զի­նեալ պայ­քար կը մղեն երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թեան դէմ։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ է, որ Փու­թին եւ Է­սատ Մոս­կուա­յի մէջ քննար­կե­ցին ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի հե­տա­գայ քայ­լե­րը։ Հարկ է նշել, որ Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի ծա­գե­լէն ի վեր, վեր­ջին չորս տա­րուան ըն­թաց­քին ա­ռա­ջին ան­գամ Պե­շար Է­սատ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է ար­տա­սահ­մա­նեան ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը։

Փու­թին-Է­սատ տե­սակ­ցու­թեան շուրջ հա­ղոր­դում­նե­րը ա­ռա­ջին ան­գամ մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քին մատ­չե­լի դար­ձան այս ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րուն։ Ըստ նոյն հա­ղոր­դում­նե­րուն, Է­սա­տի հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Փու­թին ընդգ­ծեց, թէ հա­կա­ռակ Սու­րիոյ առ­կայ ող­բեր­գա­կան ի­րա­վի­ճա­կին, ան Ռու­սաս­տան այ­ցե­լած է՝ ըն­դա­ռա­ջե­լով ի­րենց խնդրան­քին։ Ըստ Փու­թի­նին, ի­րենք կը ջա­նան Սու­րիոյ ժո­ղո­վուր­դին ազ­դու օ­ժան­դա­կու­թիւն ցու­ցա­բե­րել՝ մի­ջազ­գա­յին ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րե­լու ճա­նա­պար­հին։ Ան հա­մո­զուած է, թէ Սու­րիոյ ժո­ղո­վուր­դը գրե­թէ ա­ռան­ձինն կը պայ­քա­րի, մի­ջազ­գա­յին ա­հա­բեկ­չու­թեան կը դի­մադ­րէ ու լուրջ կո­րուստ­ներ կու տայ։ Բայց եւ այն­պէս, վեր­ջին շրջա­նին այդ պայ­քա­րը դրա­կան լուրջ ար­դիւնք­ներ կ՚ու­նե­նայ։ Մի­ջազ­գա­յին ա­հա­բեկ­չու­թեան Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քը հա­կակշ­ռի տակ առ­նե­լու ուղ­ղեալ ջան­քե­րը, տա­րած­քաշր­ջա­նի կա­յու­նու­թիւ­նը խան­գա­րե­լու ուղ­ղեալ քայ­լե­րը մտա­հո­գու­թիւն կը յա­ռա­ջաց­նեն բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու մօտ։

Փու­թի­նի հա­մոզ­մամբ, Սու­րիոյ մէջ առ­կայ ճգնա­ժա­մը եր­կա­րա­ժամ­կէտ ձե­ւով կա­րե­լի է կար­գա­ւո­րել բո­լոր քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն եւ կրօ­նա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Բնա­կա­նա­բար, վեր­ջին խօս­քը պի­տի վի­ճա­կի Սու­րիոյ ժո­ղո­վուր­դին։ «Սու­րիա մեր բա­րե­կամն է։ Մենք ոչ միայն ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի շրջագ­ծով զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ժա­մա­նակ, այլ նաեւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թա­ցին ալ նպաստ բե­րե­լու պատ­րաստ ենք», ը­սաւ Փու­թին։

Իր կար­գին, Պե­շար Է­սատն ալ նախ եւ ա­ռաջ ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց Ռու­սաս­տա­նի Դաշ­նակ­ցու­թեան ղե­կա­վա­րու­թեան եւ ռուս ժո­ղո­վուր­դին՝ Սու­րիոյ ցու­ցա­բե­րուած օ­ժան­դա­կու­թեան, ա­նոր ան­կա­խու­թեան ու միու­թեան բե­րուած զօ­րակ­ցու­թեան հա­մար։  Է­սատ կա­րե­ւո­րեց, թէ այս բո­լո­րը մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի շրջագ­ծով կը կա­տա­րուի։ Ճգնա­ժա­մի սկիզ­բէն ի վեր Ռու­սաս­տա­նի կող­մէ առ­նուած քա­ղա­քա­կան քայ­լե­րը կան­խած են Սու­րիոյ մէջ ա­ռա­ւել եւս ող­բեր­գա­կան դէպ­քե­րու ապ­րուի­լը։

Է­սա­տի հա­մոզ­մամբ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ հա­րուած­նե­րը պէտք է տրուին ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ յա­նուն ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի։ Մնաց որ, ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը լրջօ­րէն կը խո­չըն­դո­տէ նաեւ քա­ղա­քա­կան ճա­նա­պար­հով խա­ղա­ղու­թեան հաս­տա­տուի­լը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2015