ՊԱԿԱՍՆԵՐՈՒ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄ

«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քի դէմ գոր­ծուած մա­հա­փոր­ձի հար­ցաքն­նու­թեան շրջագ­ծով այս օ­րե­րուն դար­ձեալ կ՚ապ­րուին շարք մը ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ, ո­րոնք հան­րա­յին կար­ծի­քի ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ կը դառ­նան։ Հարկ է նշել, որ վեր­ջին շրջան­նե­րուն հար­ցաքն­նու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած է այս մա­հա­փոր­ձին շրջագ­ծով հան­րա­յին կամ պե­տա­կան պաշ­տօ­նեա­նե­րու ու­նե­ցած պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան խնդրին վրայ։

Իս­թան­պու­լի Հան­րա­պե­տա­կան ա­ւագ դա­տա­խա­զու­թեան ա­հա­բեկ­չու­թեան եւ կազ­մա­կեր­պուած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու գրա­սե­նեա­կի դա­տա­խազ­նե­րէն Կէօ­քալփ Քէօք­ճի­ւի կող­մէ պատ­րաս­տուած մե­ղադ­րա­գի­րը կ՚ընդգր­կէ քսա­ն­­հինգ կաս­կա­ծեալ­նե­րու ա­նու­նը։ Ինն հան­րա­յին պաշ­տօ­նեա­նե­րու պա­րա­գա­յին ձեր­բա­կալ­ման ո­րո­շում կը պա­հան­ջուի այս շրջագ­ծին մէջ։ Թիւ մէկ կաս­կա­ծեալն է Իս­թան­պու­լի Անվ­տան­գու­թեան տնօ­րէ­նու­թեան լրա­քա­ղու­թեան բա­ժան­մուն­քի նախ­կին ղե­կա­վար Ռա­մա­զան Ա­քեիւ­րէք։ Մե­ղադ­րեալ­նե­րու շար­քին կը գտնուին նաեւ Իս­թան­պու­լի նախ­կին անվ­տան­գու­թեան տնօ­րէն Ճե­լա­լէտ­տին Ճեր­րահ, Թրապ­զո­նի անվ­տան­գու­թեան նախ­կին տնօ­րէն Ռե­շատ Ալ­թայ եւ այլ շարք մը բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ, ո­րոնց ա­նուն­նե­րը շրջա­գա­յու­թեան մէջ կը գտնուին մա­հա­փոր­ձի պա­տա­հած թուա­կա­նէն ի վեր։

Ամ­բաս­տա­նագ­րին մէջ կաս­կա­ծեալ­նե­րը կը մե­ղադ­րուին՝ յան­ցա­գոր­ծու­թեան հա­մար կազ­մա­կեր­պու­թիւն ստեղ­ծե­լով, դի­տում­նա­ւոր սպան­ու­թեամբ, պաշ­տօ­նա­կան փաս­տա­թուղ­թե­րու մէջ կեղ­ծում­նե­րով, պաշ­տօ­նա­կան փաս­տա­թուղ­թե­րը խե­ղա­թիւ­րե­լով, ան­հե­տաց­նե­լով կամ թաքց­նե­լով, պաշ­տօ­նը չա­րա­շա­հե­լով ու նման պնդում­նե­րով։

Դա­տա­խազ Կէօ­քալփ Քէօք­ճի­ւի կող­մէ պատ­րաս­տուած մե­ղադ­րա­գի­րը ե­րէկ հա­ւա­նու­թեան հա­մար ու­ղար­կուե­ցաւ Իս­թան­պու­լի Հան­րա­պե­տա­կան ա­ւագ դա­տա­խա­զու­թիւն։ Հարկ է նշել, որ այս մե­ղադ­րագ­րի պա­րա­գա­յին պա­հանջ պի­տի ներ­կա­յա­ցուի, որ­պէս­զի միա­ցուի Հրանդ Տին­քի դէմ գոր­ծուած մա­հա­փոր­ձի բուն դա­տա­վա­րու­թեան թղթած­րա­րին հետ։ Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն իր ա­ւար­տին հա­սաւ այս նոր ամ­բաս­տա­նագ­րին ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը։ Բայց եւ այն­պէս, Իս­թան­պու­լի Հան­րա­պե­տու­թեան ա­ւագ դա­տա­խա­զու­թեան կող­մէ հա­ւա­նու­թիւն չտրուե­ցաւ այս մե­ղա­դրա­կա­նին։ Փոխ-ա­ւագ դա­տա­խազ Օ­ղուզ Եէօն­թէմ պատ­րաս­տուած փաս­տա­թուղ­թը վե­րա­դար­ձուց դա­տա­խազ Քէօք­ճի­ւին պատ­ճա­ռա­բա­նե­լով առ­կայ պա­կաս­նե­րը։ Այժմ կ՚ակն­կա­լուի, որ դա­տա­խազ Կէօ­քալփ Քէօք­ճի­ւի կող­մէ այդ թե­րու­թիւն­նե­րը լրա­ցուին եւ ըստ այդմ ամ­բաս­տա­նա­գի­րը վերս­տին ու­ղար­կուի Իս­թան­պու­լի Հան­րա­պե­տա­կան ա­ւագ դա­տա­խա­զու­թեան հա­ւա­նու­թեան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2015