ՓԱԹՐԻՔ ՎԻԱԼ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Կար­միր խա­չի մի­ջազ­գա­յին կո­մի­տէի Ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի եւ Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին բա­ժան­մուն­քի տնօ­րէն Փաթ­րիք Վիալ այս օ­րե­րուն շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Այս ա­ռա­ւօտ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին տնօ­րէ­նը հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի կող­մէ։

Հարկ է նշել, որ Հա­յաս­տա­նի շփում­նե­րէն ա­ռաջ Փաթ­րիք Վիալ այ­ցե­լեց նաեւ Ար­ցախ։ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ ան հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեա­նի եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու հետ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2015