ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԶԲՕՍԱՇՐՋԱՅԻՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ
Երեւանի մէջ Հոկտեմբերի 28-ին տեղի պիտի ունենայ «Ուելքամ թու Արմինիա» խորագրով զբօսաշրջային համաժողովը՝ կազմակերպութեամբ «Պիզնըս փարթնըրզ աֆ Արմինիա (Պի. Փի. Էյ.)» ընկերութեան: Ինչպէս «Արմէնփրէս»ի մամլոյ սրահին մէջ հրաւիրուած ասուլիսին նշեց «Ուելքամ թու Արմինիա» ծրագրի համակարգող Վրոյր Փենեսեան, համաժողովը բաղկացած պիտի ըլլայ երկու մասէ: Առաջին մասին մէջ պետական կառոյցները պիտի ներկայացնեն իրենց տեսլականը զբօսաշրջային տարբեր ուղղութիւններու զարգացման վերաբերեալ, մասնաւորապէս՝ մարզական, բնապահպանական, առողջապահական, մշակութային զբօսաշրջութիւն:
«Իւրաքանչիւր ուղղութեամբ ալ մենք ունինք ներուժ, որ տակաւին կատարելապէս չենք օգտագործած: Այդ համաժողովին պիտի խօսինք Հայաստանի մէջ տարածում չգտած զբօսաշրջութեան տեսակներու մասին: Առաջին անգամ պիտի խօսուի կրօնական զբօսաշրջութեան մասին: Իմ կողմէս առաջարկ մը պիտի ներկայացուի, որ կազմակերպուի ուխտագնացութիւն դէպի Հայաստան: Ուխտագնացութիւնը զբօսաշրջութեան տարածուած տեսակ է: Օրինակ՝ Սպանիոյ մէջ գտնուող Սանթիակօ տէ Քոմփոսթելա քաղաքին մէջ ամէն տարի կը կազմակերպուի ուխտագնացութիւն, որ կ՚ապահովէ հարիւր հազարաւոր զբօսաշրջիկներու այցելութիւնը: Ահա նման նախագիծ մըն ալ կը նախատեսենք Հայաստանի մէջ իրականացնել», ըսաւ Վրոյր Փենեսեան:
Խօսելով զբօսաշրջութեան զարգացման այլ կարելիութիւններու մասին՝ Վրոյր Փենեսեան նշեց, որ շրջանին մէջ Հայաստան ունի մեծագոյն աղի հանքը: Անիկա պիտի ներկայացուի զբօսաշըր-ջական ծրարներու մէջ: Աղի հանքը բուժիչ վայր է, ունի 325 մեթր խորութիւն: Զբօսաշրջիկները կրնան աւելի քան 200 մեթր խորութեամբ իջնել, այնտեղ անցընել 3-4 ժամ եւ բժշկուիլ:
Յաջորդ առաջարկը կը վերաբերի գինեբուժութեան: Հայաստանի մէջ գինեգործութիւնը մեծ թափ կը ստանայ: Յայտնի է, որ գինի արտադրող ընկերութիւնները կ՚ունենան անորակ գինի, որ չի համապատասխաներ շիշերու մէջ լեցուելու պահանջներուն, բայց անիկա կրնայ գործածուիլ գինեբուժութեան մէջ: Զբօսաշրջիկները կրնան գինիով լոգանք առնել: Համաժողովին պիտի ներկայացուի այդ նախագիծը՝ իր բոլոր մանրամասնութիւններով, ըսաւ Վրոյր Փենեսեան:
Համաժողովի երկրորդ մասին մէջ զբօսաշրջական քաղաքներու քաղաքապետները պիտի ներկայացնեն իրենց քաղաքներու զբօսաշրջութեան շարժումն ու ներուժը:
Վրոյր Փենեսեան տեղեկացուց, որ համաժողովին պիտի ներկայացուին նաեւ «Սմիթոնեան» հիմնադրամին ծրագիրները:
Այդ հիմնադրամը կը զբաղի պատմամշակութային զբօսաշրջութեան զարգացումով: Բացի այդ, ներկայ պիտի ըլլան այնպիսի ընկերութիւններ, որոնք ունին զբօսաշրջութեան մարզին մէջ արդիւնաւէտ աշխատելու անցեալ:
Վրոյր Փենեսեանի համաձայն, համաժողովին պիտի ներկայացուի նախագիծ մը, ըստ որուն, կը նախատեսուի ստեղծել Զբօսաշրջութեան աջակցութեան խորհուրդ: Խորհուրդին մէջ ընդգրկուած պիտի ըլլան տարբեր մարզերու գործարարներ, որոնք պիտի փորձեն օգտակար ըլլալ Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման:
Համաժողովին պիտի խօսուի 2017 թուականին սպասուող մեծ փառատօնի մը, որուն վերաբերեալ առայժմ յաւելեալ տեղեկութիւններ չտրուեցան: