«ԱՏՐԻԱՆԱ ԵՒ ԷՏՈՒԱՐՏՕ ՍԵՖԵՐԵԱՆ» ՍՐԱՀԻ ԲԱՑՈՒՄ

Արժանթինի մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ, Հոկտեմբերի 18-ին, տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Արցախի մեծ բարերարներ, Արժանթինի մօտ Հայաստանի դեսպանատան շէնքի նուիրատուներ Ատրիանա եւ Էտուարտօ Սեֆերեաններու անուան սրահի բացման արարողութիւնը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան առաջին յարկին մէջ գտնուող Ատրիանա եւ Էտուարտօ Սեֆերեաններու անուան սրահը կը ծառայէ բազմազան միջոցառումներու կազմակերպման, մասնաւորապէս՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթին, կարեւոր նշանակութեամբ նիւթերու վերաբերեալ դասախօսութիւններու, ցուցահանդէսներու, մամլոյ ասուլիսներու, հեռուստախորհրդակցութիւններու եւ այլ նպատակներու համար։ Միջոցառման ներկայ էին Արժանթինի Արտաքին գործոց նախարարութեան Արեւելեան Եւրոպայի վարչութեան պետ Խոսէ Ուրեթա, օրէնսդիրներ, հայ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, ազգային բարերարներ, արուեստի գործիչներ եւ այլք։ Սրահի բացումը զուգորդուած է արժանթինահայ ծանօթ նկարիչ Խորխէ Տեմիրճեանի ցուցահանդէսով։ Սրահի բացման արարողութեան ընթացքին ելոյթ ունեցած է Հայաստանի դեսպան Էսթերա Մկրտումեան, որ, ներկայացնելով Ատրիանա եւ Էտուարտօ Սեֆերեաններու կեանքի պատմութիւնը եւ անոնց վաստակը հայ ժողովուրդի նկատմամբ, շնորհակալութիւն յայտնած է Սեֆերեան ընտանիքին, ինչպէս նաեւ բոլոր այն բարերարներուն, որոնք մշտապէս աջակցութիւն կը ցուցաբերեն Հայաստանին։ Ապա, ելոյթներով հանդէս եկած են Խորխէ Վարդպարոնեան եւ արուեստագէտ Խորխէ Տեմիրճեան։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2017