«ԳՈՐԾԱՐԱՐ ԿԱՆԱՅՔ» ԾՐԱԳԻՐԸ

«Գործարար կանայք» յանձնախումբի ջանքերով, երեսուներկու հալէպցի կին գործարարներ մասնակցած են Դամասկոսի Միջազգային ցուցահանդէսին։ Անոնց կարգին էին հայուհիներ Անժէլ Պոշկեզենեան, Թալին Ալեքսանեան, Եուրի Սիլվահեան եւ Ռոզէթ Նազարեան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, ցուցահանդէսի աւարտին, Սուրիոյ Առաջին տիկինը նախագահական  պալատին մէջ հանդիպման հրաւիրած է գործարար կիները, ջերմ ընդունելութիւն ցոյց տուած ու խոստացած է անոնց աջակցիլ։

Գործարար հայուհիները տպաւորած է Առաջին տիկնոջ լաւ ընդունելութիւնը, անոր ազնիւ մօտեցումը եւ հետաքրքրութիւնը իրենց նկատմամբ։ Ան անհատապէս ծանօթացած է բոլոր կանանց հետ, լսած է անոնց իւրաքանչիւրին առաջարկները, պահանջները եւ մեծարած է Հալէպի դիմացկուն ժողովուրդը՝ քաջալերելով շարունակել աշխատիլ եւ ընդլայնել իրենց ծրագրերը։

Հայուհիները տպաւորած է Առաջին տիկինին համեսութիւնը։ Անոնց խօսքով՝ Էսմա Էսատ վստահ է, որ փոքր ձառնարկութիւնները կը զարգացնեն երկրի տնտեսութիւնը։

Ռոզէթ Նազարեան ցուցահանդէսի մասնակցած է Հայաստանի մէջ։ «Հայաստանը ինծի ուժ տուաւ ու հասկցայ, որ պէտք է վստահիմ իմ սեփական ուժերուն։ Նախքան Հայաստան մեկնիլս, ձեռագործ աշխատանքներ սկսայ ստեղծել՝ մասնակցելով Սուրիոյ Օգնութեան խաչի դասընթացքներուն։ Աշխատելով Երեւանի մէջ՝ հարստացուցի գործերս։ Երբ վերադարձայ Սուրիա, մասնակցեցայ «Գործարար կանայք» յանձնախումբի կազմակերպած ցուցահանդէսին ու շատ տպաւորուած եմ», շեշտած է Նազարեան։

Միւս կողմէ, «Գործարար կանայք» յանձնախումբի անդամուհի Սօնա Գաբրիէլեան հայուհիներուն յանձնարարած է ցուցահանդէսէն տրամադրուած գումարը ծառայեցնել իրենց աշխատանքի ընդլայնման, նոր ծրագրերու մշակման։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2017