ԱԲՐԱՀԱՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Երէկ, Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանի ղեկավար Արա Սատոյեանի նախաձեռնութեամբ, կազմակերպուած էր հերթական հանդիպումը վարչական շրջանի դպրոնցներու աշակերտներու հետ։ Հանդիպման Արա Սատոյեանի հրաւէրով ներկայ էր նաեւ աշխարհահռչակ բռնցքամարտիկ աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Սատոյեան Ջ. Կիրակոսեանի անուան հ.20, Ա. Չեխովի անուան հ.55 եւ Գ. Էմինի անուան հ.182 դպրոցներու աշակերտներուն ներկայացուցած է վարչական շրջանին մէջ իրականացուող աշխատանքները, բաժիններու գործառոյթները եւ ընթացիկ ծրագրերը։

IBF վարկածով աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ դպրոցականներուն պատմած է իր յաջողութիւններու եւ անցած ճանապարհի մասին, ինչպէս նաեւ ներկայացուցած է յաջողութեան իր բանաձեւն ու ապագայի իր ծրագրերը, որոնք կապուած են Հայաստանի մէջ ապագային լաւ մարզիկներ պատրաստելու հետ։

Այնուհետեւ, Արա Սատոյեան եւ Արթուր Աբրահամ պատասխանած են աշակերտներու բոլոր հարցումներուն, ոգեւորած են զանոնք՝ խորհուրդ տալով երբեք չյանձնուիլ եւ վստահ քայլերով յառաջանալ իրենց երազանքի ետեւէն։

Հանդիպումը անցած է ջերմ եւ անմիջական միջավայրի մէջ։ Երեխաները ստացած են զիրենք յուզող եւ հետաքրքրող հարցումներու պատասխանները, ըրած են բացայայտումներ եւ ստացած՝ արժէքաւոր խորհուրդներ։

Արա Սատոյեան եւ Արթուր Աբրահամ նաեւ շնորհակալագրեր յանձնած են Երեւանի Կեդրոն աթլեթիզմի մանկապատանեկան համալիրի մարզադպրոցի սաներուն՝ «Երեւանի կիսամարաթոն» մրցավազքին ընթացքին, եւ Կեդրոն վարչական շրջանի Բ. Կանաչեանի անուան արուեստի դպրոցի սաներուն՝ Մոլտովայի մէջ «Golden Apple 2017» երաժշտութեան միջազգային մրցոյթ-փառատօնին իրենց արձանագրած յաջողութիւններուն կապակցութեամբ։ Սատոյեան շնորհաւորած է Կեդրոն վարչական շրջանի անունը հայաստանեան եւ միջազգային մրցոյթներու մէջ բարձր պահած ներկայացուցիչները եւ յոյս յայտնած է, որ անոնց արձանագրած յաջողութիւնները կ՚ունենան նոյնքան յաջող շարունակութիւն եւ յառաջիկային եւս կը տիրանան փայլուն յաղթանակներու։

Իր կարգին, Արթուր Աբրահամ ոգեւորիչ եւ փայլուն գնահատած է մարզական միջոցառման մասնակիցներուն ցուցաբերած արդիւնքները եւ անոնց մաղթած է նորանոր յաջողութիւններ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2017