ԿԻՒՄՐԻԻ ՏՐԱՄԱԹԻՔԱԿԱՆ ԹԱՏՐՈՆԸ ԵԼՈՅԹՆԵՐ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Կիւմրիի Վ. Աճեմեան անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը յառաջիկայ Նոյեմբերի 1-ին եռօրեայ հիւրախաղերով հանդէս կու գայ Երեւանի մէջ։ Մայրաքաղաքին մէջ իրականացուելիք ելոյթները կը նուիրուին բեմադրիչ Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Փրոֆ. Նիքոլայ Ծատուրեանի յոբելեանին (ծննդեան 70-ամեակը լրացած է 2015 թուականին)։ Սոյն հիւրախաղերուն կ՚աջակցի Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Նոյեմբերի 1-ին Ղափլանեանի անուան տրամաթիքաան թատրոնին մէջ կը ներկայացուի Քալինոսքիի «Հրէշը լուսնի վրայ» խաղը, Նոյեմբերի 3-ին Ստանիսլաւսքիի ան-ւան ռուսական թատրոնին մէջ կը ցուցադրուի Քրասնոկորովի «Սիրոյ CASTING» քնարական կատակերգութիւնը։ Իսկ Նոյեմբերի 4-ին Ստանիսլաւսքիի անուան ռուսական թատրոնին մէջ կը ներկայացուի Մարգարեանի «Եւ երկինքէն երեք աթոռ ինկաւ» երաժշտական խաղը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2017