ՆԵՐՈՒԺԻ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՄ

Երէկ Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ Զարգացող ութ երկիրներու կազմակերպութեան (D-8) գագաթաժողովը, որու բացումով ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան։ Նախկին վարչապետներէն Նեճմետտին Էրպաքանի մտայղացումով, Թուրքիոյ նախաձեռնութեամբ հիմնուած այս կազմակերպութեան մաս կը կազմեն՝ Փաքիստան, Ատրպէյճան, Կինէ, Նիժերիա, Իրան, Էնտոնեզիա, Մալեզիա եւ Եգիպտոս։ Այս բոլոր երկիրներէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ մասնակցեցան գագաթաժողովին, ներառեալ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւը։

«Համագործակցութեամբ աւելցնել հնարաւորութիւնները» խորագրով կազմակերպուած գագաթաժողովի սկիզբին Էրտողան շեշտեց, որ այս կազմակերպութեան երկիրները տարածուած են երեք ցամաքամասերու վրայ։ Ան շեշտեց, որ գագաթաժողովը կազմակերպուած է համաշխարհային եւ տարածքաշրջանային իրադարձութիւններու առումով բաւական բարդ ժամանակաշրջանի մը մէջ։ Էրտողան կանգ առաւ աշխարհի անարդարութիւններուն վրայ եւ աւելցուց, որ անոնք տակաւ կը ծաւալին։ Գաղթի եւ տեղահանեալներու խնդրին վրայով ալ հասարակութիւններէն կը վանուին այն տարրերը, որոնք ունին լեզուի, կրօնի կամ ազգութեան տարբերութիւններ։ Ահաբեկչութեան սպառնալիքը սահման ու տարածութիւն առանց ճանչնալու կ՚ընդլայնի։ Հակառակ այս բոլորին, Էրտողանի խօսքերով՝ ահաբեկչութեան լաւին ու վատին միջեւ դրուած խտրականութիւնները դժուարութիւններ կը յարուցանեն։

Ելոյթին տեւողութեան Էրտողան դիտել տուաւ, որ այս կազմակերպութեան անդամները ունին շարք մը աշխարհագրական առանձնայատկութիւններ, որոնք աշխարհի վրայ իսկապէս սակաւաթիւ երկիրներու բաժին վիճակած են։ Յարափոփոխ աշխարհի մէջ դժուարութիւններ կը յառաջանան այս կազմակերպութեան ներուժը լիարժէք ձեւով կեանքի կոչելու ճանապարհին։

Գագաթաժողովի ընթացքին Էրտողան նշեց, որ ռազմաարդիւնաբերական բնագաւառի գլխաւորութեամբ՝ այս երկիրները կրնան հասարակաց արտադրութեան ծրագրեր մշակել բազմաթիւ բնագաւառներու պարագային։ Ան յատկապէս կանգ առաւ գիւղատնտեսութեան, մաքուր ուժանիւթի, հաղորդակցութեան եւ կրթութեան բնագաւառներուն վրայ։

«D-8»ի ներկայ շրջանային նախագահ երկիրն է Փաքիստան։  

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2017