ՆՈՒԱԶԵՑՆԵԼ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Պրիւքսելի մէջ մասնակցած Եւրոպայի հայութեան չորրորդ համաժողովին ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին շարք մը մանրամասնութիւններ փոխանցեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին շուրջ։ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն յաջորդած օրերուն Նալպանտեան խօսեցաւ ղարաբաղեան հիմնախնդրին շուրջ։ Պրիւքսելի համաժողովին ընթացքին ան ըսաւ.

«Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ հանգուցալուծումը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի ամենամեծ առաջնահերթութիւններէն մին է։ Ինչպէս ծանօթ է, երեք օր առաջ Ժընեւի մէջ գագաթաժողով մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ։ Հանդիպման բուն արդիւնքները արտացոլուած են արտաքին գործոց նախարարներու եւ համանախագահներու համատեղ յայտարարութեան մէջ։ Հանդիպումը անցաւ շինիչ մթնոլորտի մը մէջ։ Նախագահները համաձայնեցան միջոցներու ձեռնարկել բանակցային գործընթացը աշխուժացնելու ուղղութեամբ եւ յաւելեալ քայլեր իրականացնել՝ շփման գծին վրայ լարուածութիւնը նուազեցնելու համար։ Համանախագահները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին երկար ընդհատումէ յետոյ տեղի ունեցած այս ուղիղ բանակցութիւններուն կապակցութեամբ։ Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին աշխատելու կողմերուն հետ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ բանակցային հանգուցալուծման միջնորդութեան ուղղութեամբ։ Որպէս յաջորդ քայլ՝ մօտաւոր ապագային համանախագահները աշխատանքային հանդիպումներ պիտի կազմակերպեն արտաքին գործոց նախարարներուն հետ։ Գագաթաժողովի մասին այսքան։

«Ինչպէս գիտէք, հայկական կողմը մշտապէս հանդէս եկած է եւ կու գայ խաղաղ բանակցային հանգուցալուծման եւ լարուածութեան նուազեցման ի նպաստ եւ այս բոլորը արտացոլուած են համատեղ յայտարարութեան մէջ։ Շուրջ տասնվեց ամսուան ընդմիջումէ մը վերջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հմուտ միջնորդութեամբ հնարաւոր եղաւ կազմակերպել նախագահներու հանդիպումը, ինչ որ կարելի է ինքնին դրական գնահատել։ Մօտաւորապէս չորս տարուան ընթացքին առաջին անգամ հնարաւոր եղաւ, թէկուզ բաւական հակիրճ, համատեղ յայտարարութիւն ընդունիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եւ համանախագահներու մասնակցութեամբ։ Ինչպէս գիտէք, Հայաստան նախապէս բազմիցս պատրաստակամութիւն յայտնած էր միանալու համանախագահներու յայտարարութիւններուն, սակայն Ատրպէյճան մշտապէս կը հրաժարէր հանդէս գալ համատեղ յայտարարութեամբ։ Այս բոլորով հանդերձ, ցաւալի է, որ գագաթաժողովէն վերջ Պաքու դարձեալ կը փորձէ ընել աժան, պարզունակ շահարկումներ, թէ գագաթաժողովէն յետոյ իբրեւ թէ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է ընդհանրապէս չխօսելու մասին հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման շուրջ։ Ակնյայտ է, որ Պաքու ինչու կ՚ընէ այս բանը. որովհետեւ կը փորձէ խուսափիլ իր ապակառուցողական քաղաքականութեան պատասխանատուութենէն։

«Առաջին՝ 2016 թուականին Արցախի դէմ Ատրպէյճանի ապրիլեան բռնութեան հետեւանքով բանակցային գործընթացին հասցուած վնասը տակաւին չէ յաղթահարուած։ Երկրորդ՝ Պաքու կը հրաժարի իրականացնել Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, որոնք միտուած էին խաղաղ գործընթացի յառաջ մղման համար համապատասխան պայմաններու ստեղծման։ Ինչպէս յայտնի է, Ատրպէյճան նախապէս եւս բազմիցս ետ կանգնած էր պայմանաւորուածութիւններէ, հարցականի տակ դնելով, որ ընդհանրապէս ընդունակ է այդ բոլորը իրականացնելու։ Երրորդ՝ Ատրպէյճան կը հրաժարի վերահաստատել ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման սկզբունքները, որոնք ներկայացուած են համանախագահ երկիրներու կողմէ որպէս կարգաւորման հիմք։ Մասնաւորապէս, ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառում, ինքնորոշում եւ տարածքային ամբողջականութիւն։ Չորրորդ՝ հակառակ համանախագահներու բազմաթիւ կոչերուն՝ յարգելու 1994-1995 թուականներու եռակողմանի, անժամկէտ հրադադարի համաձայնագրերը, Պաքու կը շարունակէ կոպտօրէն խախտել հրադադարը։

«Այո, Հայաստան համոզուած է, թէ պէտք է աշխոյժ բանակցութիւններ վարել։ Խորապէս համոզուած է, որ եթէ Պաքու կատարէ համանախագահներու կոչերը՝ անվերապահօրէն յարգէ հրադադարը, կեանքի կոչէ նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը համանախագահներու կողմէ առաջարկուած հակամարտութեան կարգաւորման սկզբունքներուն, շինիչ մասնակցութիւն բերէ բանակցութիւններուն, ապա հնարաւորութիւն պիտի ստեղծէ յառաջ մղել խաղաղ գործընթացը։ Հայաստան, համանախագահ երկիրներու հետ միասին, պիտի շարունակէ ջանքերը ղարաբաղեան հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ»։

Եդուարդ Նալպանտեան ելոյթի աւարտին վերյիշեց Եւրոխորհրդարանի բանաձեւերէն մին, որ ընդունուած էր 1999 թուականին։ Այդ բանաձեւին մէջ ամրագրուած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղ հռչակած է իր անկախութիւնը՝ հետեւելով նմանօրինակ յայտարարութիւններուն, որոնք կատարուած են նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն կողմէ։ «Ի հարկէ, Լեռնային Ղարաբաղ երբեք չէ եղած անկախ Ատրպէյճանի կազմին մէջ եւ, ինչպէս բազմիցս նշած է նախագահ Սարգսեան, երբեք չի կրնար ըլլալ», եզրափակեց ան։

Մինչ այդ, Հայաստանի քաղաքական շրջանակներէն ներս արձագանգները կը շարունակուին Սարգսեան-Ալիեւ վերջին գագաթաժողովին շուրջ։ Երեւանի քաղաքական վերնախաւի դիտարկումներով՝ Ատրպէյճան պատրաստ չէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ շինիչ բանակցութիւններու։  

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2017