ՕՏՐԻ ԱԶՈՒԼԷ՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-Ի ՆՈՐ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏՆՕՐԷՆ
Ֆրանսայի մշակոյթի նախկին նախարար Օտրի Ազուլէն ընտրուեցաւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն:
Ծագումով հրեայ՝ 45 տարեկան ֆրանսացի թեկնածուն անցեալ շաբաթավերջի, 5-րդ փուլի քուէարկութեան ժամանակ ստացած է 30 ձայն, իսկ մրցակիցը՝ Քաթարի մշակոյթի նախկին նախարար Համատ պըն Ապտուլազիզ Ալ-Քաուարին՝ 28 ձայն:
Նշենք, որ այս պաշտօնին իրենց թեկնածութիւնը դրած էին ատրպէյճանցի, չին, եգիպտացի, ֆրանսացի, կուաթեմալացի, իրաքցի, քաթարցի եւ լիբանանցի թեկնածուներ:
Օտրի Ազուլէ Ֆրանսայի մշակոյթի նախարարի պաշտօն վարած է 2016-ի Փետրուար 11-էն 2017-ի Մայիս 10-ը: Ան պիտի յաջորդէ պուլկար Իրինա Պոքովային, եթէ յառաջիկայ Նոյեմբեր 10-ին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի անդամ երկիրներու խորհուրդը վաւերացնէ իր ընտրութիւնը՝ որպէս ընդհանուր տնօրէնի:
Քաղաքական ծալքեր ունեցող այս ընտրութիւնը անցած է հինգ փուլերէ եւ դժգոհութեան ալիք բարձրացուցած է ափրիկեան եւ արաբական կարգ մը երկիրներու մէջ։