ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ԴԷՊՔ

Շաբաթավերջին Փարիզի մէջ յարձակման ենթարկուեցաւ «Les Nouvelles d՚Arménie» ֆրանսահայ ամսաթերթի խմբագրատունը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 20 հոկտեմբերի գիշերը տեղի ունեցած է Փարիզի այս դէպքը։ Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը խստօրէն դատապարտած է այս յարձակումը։ Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան ընկերային ցանցերու վրայ ալ արձագանգած է այս դէպքին։ Այսպէս, անծանօթներ կոտրած են խմբագրատան դուռը, գողցած՝ լուսանկարչական սարքեր եւ երեք համակարգիչներ։

Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի հաղորդումներով, գողցուած համակարգիչները շուկայական մեծ արժէք չէին ներկայացներ որպէս գործիք, բայց եւ այնպէս կը պարունակէին յաջորդ թիւի էջերը։ Հարկ է նշել, որ 2006-ին ալ կողոպուտի ենթարկուած էր նոյն ամսագրի խմբագրատունը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2019