ԱՆԳԱՐԱ ԵՒ ԼՈՆՏՈՆ ԿԱՊԻ ՄԷՋ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՇՈՒՐՋ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Տոմինիք Ռաապի հետ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին նախարարները անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան։

Թուրքիա կը շարունակէ անմիջական ուշադրութիւն ցուցաբերել Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւններուն նկատմամբ։ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփն ալ վերջին օրերուն այցելեց Ատրպէյճան։ Ան երէկ ելոյթ մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Ազգային ժողովէն ներս եւ աւելի վերջ այցելեց Կենճէ քաղաքը։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Մուսթաֆա Շենթոփ տեղւոյն վրայ ականատես եղաւ հայկական կողմի կատարած ռմբակոծումներու հետեւանքներուն։ Նոյնպէս տեղական մամուլի հաղորդումներով, Ատրպէյճանի բանակը ռազմաճակատի վրայ կը շարունակէ յառաջխաղացում արձանագրել։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ հրապարակեց հերթական տեսաուղերձը, որու ընթացքին յայտնեց, որ ռազմական գործողութիւնները պիտի շարունակուին, քանի տակաւին Հայաստան դուրս չէ բերած իր զինեալ ուժերը Լեռնային Ղարաբաղէն։ Ըստ Ալիեւի, քանի տակաւին ուշ չէ, Հայաստան պէտք է յայտարարէ իր զօրքերը դուրս բերելու մասին։ Այդ բանէն յետոյ ռազմական գործողութիւնները կրնան դադրեցուիլ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2020