ԵՐԵՒԱՆԻ ՓՈՂՈՑՆԵՐԸ ՄԻՇՏ ԵՌՈՒՆ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ Երեւանի փողոցները միշտ կը մնան եռուն։ Իրերայաջորդ ցոյցեր, երթեր տեղի կ՚ունենան՝ հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ։ Այդ բոլորի ընթացքին կը բարձրաձայնուի հիմնական պահանջ մը, որն է Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի իրացումը։ Բաց աստի, միջազգային բեմահարթակի վրայ ազդու յառաջատար երկիրներու դեսպանատուներու դուռն ալ կը թակեն ցուցարարները։ Ըստ էութեան, անոնք կը ջանան ուշադրութիւն հրաւիրել խաղաղ բնակչութեան ենթարկուած յարձակումներուն եւ հակամարտութեան գօտիէն ներս ստեղծուած մարդասիրական ծանր կացութեան վրայ՝ պահանջելով ռազմական գործողութիւններու դադրեցման ապահովուիլը։

Երեւանի մէջ պատերազմական առկայ թէժ իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ, տեղի կ՚ունենան նաեւ զանազան ձեւաչափերով հետաքրքրական հանդիպումներ։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց Արցախի երկու նախկին նախագահները՝ Արքատի Ղուկասեանն ու Բակօ Սահակեանը։ Կառավարութենէն ներս տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ Ատրպէյճանի յարձակումներու դիմագրաւման ուղղեալ քայլերը։ Արքատի Ղուկասեան եւ Բակօ Սահակեան երէկ հանդիպում մըն ալ ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հետ։ Այս վերջնոյն գլխաւորած Հայ ազգային գոնկրէսի աղբիւրներու հաղորդումներով, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած գերլարուած իրավիճակէն ելք մը գտնելու անհրաժեշտութեան թելադրանքով հանդիպում-խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցած է նախկին նախագահներուն միջեւ։

Հայաստանեան թերթերու հաղորդումներով, Արքատի Ղուկասեան եւ Բակօ Սահակեան Նիկոլ Փաշինեանի հետ տեսակցելէ առաջ հանդիպում մըն ալ ունեցած են Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանի հետ։ Այս վերջնոյն գրասենեակին կողմէ տրամադրուած տեղեկութիւններով՝ հանդիպում մըն ալ տեղի ունեցած է Քոչարեանի, Ղուկասեանի, Սահակեանի եւ Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ։ Քննարկումներու նիւթը բնականաբար եղած է Արցախը։ Նոյն աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ այսպիսի խորհրդակցութիւնները պարբերաբար կը նախատեսուին։

Բաց աստի, Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան հարցազրոյց մը տուաւ «The Independent» անգլիական հեղինակաւոր թերթին։ Իր պաշտօնավարութեան տարիներու բանակցային գործընթացի մանրամասնութիւններուն եւ Արցախի առկայ իրադրութեան անդրադարձած է այս առթիւ Սերժ Սարգսեան։ Ակնարկելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ վերջին օրերուն հրապարակուած շարք մը խորհրդածութիւններուն՝ ան տարաձայնութիւն յայտնած է, որ 2011 թուականին Քազանի մէջ սպառած էր Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բանակցային ճանապարհով լուծումը։ Արդարեւ, 2016 թուականի ապրիլի քառօրեայ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճան ստիպուեցաւ վերահաստատելու 1994 թուականի հրադադարի համաձայնութիւնը։ Յաջորդած իրադարձութիւններու մթնոլորտին մէջ, թէեւ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ դժուարութեամբ կը համաձայնէր, սակայն բանակցութիւնները կը շարունակուէին՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջոցաւ։

Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան երէկ հերթական անգամ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ գրառումով։ «Արցախի հայերը՝ Ատրպէյճանի իշխանութեան ներքեւ ապրիլ պարտադրելը միջազգային իրաւունքի խախտում է», նշեց Նիկոլ Փաշինեան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2020