ԽՏԱՑԵԱԼ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրները՝ Ռուսաստան, Ֆրանսա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն դիւանագիտական խտացեալ ջանքեր գործադրել՝ Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաճակատին վրայ պատերազմը դադրեցնելու եւ հիմնախնդրին խաղաղ լուծում մը ապահովելու առաջադրութեամբ։ Երէկ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին մանրամասնօրէն քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փութին տեղեկացուց ռազմական գործողութիւններու ապագայ մագլցումը կանխելու եւ հիմնախնդրի քաղաքական-դիւանագիտական կարգաւորման նպատակով բանակցութիւններու շուտափոյթ վերսկսման ուղղեալ ձեռնարկուելիք քայլերուն մասին։ Ընդգծուեցաւ կողմերու միջեւ հոկտեմբերի 10-ին յայտարարուած եւ շաբաթ մը անց վերահաստատուած մարդասիրական հրադադարի գործադրութեան կարեւորութիւնը։ Փութին եւ Մաքրոն շեշտեցին Մոսկուայի եւ Փարիզի միջեւ սերտ համագործակցութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի գծով սերտ համակարգման տեւականացումով հանդերձ։

Ղարաբաղեան հիմնախնդրի ընթացքին կապակցութեամբ երէկ յայտարարութիւնով մըն ալ հանդէս եկաւ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով։ «ԹԱՍՍ» գործակալութեան հաղորդումներով, ան ըսաւ. «Ընդհանուր առմամբ, աշխատանքները կը շարունակուին ռազմական բախումներու դադրեցման եւ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի քաղաքական ու դիւանագիտական փուլ վերադարձը ապահովելու համար։ Աւելին չեմ կրնար ըսել»։

Մոսկուայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ զանազան ձեւաչափով հանդիպումներ տեղի կ՚ունենան այս շրջանին՝ միջազգային յառաջատար բոլոր դերակատարներու ներգրաւմամբ։ Երէկ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ուտենքօ ընդունեց Մոսկուայի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Կեզա Անտրէաս ֆոն Հայրին, որու հետ քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու բարձրաստիճան դիւանագէտները կարծիքներ ու գնահատականներ փոխանակեցին ԱՊՀ-ի տարածքէն ներս տիրող վիճակին՝ մասնաւորապէս Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս առկայ ռազմական գործողութիւններուն շուրջ։ Անոնք հաստատեցին, որ հոկտեմբերի 10-ին Մոսկուայի մէջ հրապարակուած համատեղ յայտարարութեան դրոյթներու իրականացումը այլընտրանք չունի։

ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմն ալ այս շրջանին կ՚աշխուժանայ իր ներդրումը բերելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման։ Կարգ մը վերլուծաբաններ թէեւ այդ ջանքերու հետեւողականութեան եւ արդիւնաւէտութեան տեսակէտէ թերահաւատութիւն կը յայտնեն՝ հաշուի առնելով, որ ԱՄՆ-ի մէջ համրուած օրեր մնացած են նախագահական ընտրութիւններուն։ Բայց եւ այնպէս, այս ուրբաթ Ուաշինկթընի մէջ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյի հետ արդէն ժամադրուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարները՝ Զօհրապ Մնացականեանն ու Ճէյհուն Պայրամովը։ «Քոմերսանտ» ռուսական թերթը շաբաթավերջի այս հանդիպումներուն ընդառաջ մատնանշած է, որ Թրամփի վարչակազմը կը փորձէ ունենալ իր ներդրումը հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ Մոսկուայի մէջ դէմ առ դէմ հանդիպելու պատրաստակամութեան վերաբերեալ յայտարարութիւններէն անմիջապէս վերջ ամերիկեան կողմը տեղեկացուցած էր Ուաշինկթընի մէջ այս ուրբաթ նախատեսուած նախարարներու շփումներուն շուրջ։ ԱՄՆ պատերազմի վերսկսած առաջին իսկ օրէն կողմերուն կոչ ուղղած էր՝ դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները եւ վերադառնալ բանակցութիւններու։ Փոմփէօ քննադատած էր նաեւ Թուրքիան, որ ՆԱԹՕ-ի անդամ է։

Ամերիկացի վերլուծաբաններ ալ այս շրջանին կ՚անդրադառնան Արցախի հիմնախնդրին։ Այսպէս, «Greenwich Media Strategies»ի կեդրոնի դիտարկումներով, այս պատերազմը պարզապէս երկու կողմի միջեւ հողատարածքի համար կռիւ մը չէ։ «Սա էթնիք հայերու գոյապայքարն է», նշած է կեդրոնի տնօրէնը հեռուստակայանի մը տուած հարցազրոյցին մէջ։ Ան անդրադարձած է հիմնախնդրի խոր պատմութեան, դիտել տուած է՝ որ Թուրքիա կը բորբոքէ հակամարտութիւնը, մատնանշած է՝ որ Ռուսաստան ջանքեր կը գործադրէ հրադադարի ուղղութեամբ ու չի փափաքիր բռնութիւն տեսնել տարածքաշրջանէն ներս։ Ի լրումն այս բոլորին, կեդրոնի տնօրէնը խօսած է նաեւ՝ Ատրպէյճանի բանակի շարքերուն ներգրաւուած սուրիացի վարձկան գրոհայիններու հարցին շուրջ։ 

Միջազգային գրեթէ բոլոր արժեւորումներուն մէջ կ՚ընդգծուի Թուրքիա-Ատրպէյճան զօրակցութեան երեւոյթը այս խնդրին կապակցութեամբ։ Մոսկուայէն կարգ մը ռազմական փորձագէտներ կը պնդեն, որ այս հարցին մէջ Ատրպէյճան Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական յաւակնութիւններուն համար կը վճարէ իր զինուորներու կեանքով եւ այսպէսով կը դառնայ այլ երկրի մը շահերու սպասարկման գործիք։ Ռուսական «Իզվեստիա» յայտնի թերթն ալ հրապարակած է մասնագիտական կարծիքներ՝ հաւանական հրադադարի մը հաստատման պայմաններուն, ենթագետնին տեսակէտէ։ Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն Արցախի ռազմաճակատի հարաւային ուղղութեան վրայ կ՚ընթանան թէժ մարտեր։ Այսպէս, ըստ մասնագէտներու կարծիքին, ճակատի հարաւային հատուածի կայունացումէն վերջ հակամարտ կողմերը պատրաստ պիտի ըլլան բանակցութիւններու եւ արդէն իրական հրադադարի։ Հաւանական երկխօսութիւնը արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ եթէ կողմերը որոշ զիջումներու երթան։ Ներկայ դրութեամբ ճակատի հիւսիս-արեւելքին արդէն յարաբերաբար կայունացած է վիճակը։ Հարաւի մէջ է, որ Ատրպէյճանի բանակը աշխոյժ գործողութիւններ կ՚իրականացնէ։ Ըստ նոյն աղբիւրին, յամենայնդէպս, Հադրութի եւ Ճեպրայիլի նման ռազմավարական նշանակութեամբ քաղաքները չեն վերաձեռքբերուած Ատրպէյճանի կողմէ։ Մարտերու թափը որոշ չափով կը նուազի, որովհետեւ աւելի քան երեք շաբթուայ պատերազմի հետեւանքով Ատրպէյճան մեծ կորուստներ կրած է։ Վերաձեւաւորուած հաւասարակշռութիւններու յստակեցման համար շուրջ երկու շաբթուան ժամանակ մը կը նախատեսուի։ Ուստի, ռազմաճակատի հարաւային հատուածի կայունացումէն յետոյ հակամարտ կողմերը պատրաստ կրնան ըլլալ բանակցութիւններու եւ արդէն իսկական հրադադարի մը հաստատման։

Մեկնաբանութիւններու այս տարափի մթնոլորտին մէջ, հերթական յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահներէն Քերի Քեւինօ, որ պատերազմի վերսկսելէն ի վեր քանիցս հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ «Էլ Ճեզիրէ»ին տուած հարցազրոյցին մէջ ամերիկացի դիւանագէտը մատնանշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի եւ խաղաղութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է պատրաստակամութիւն՝ փոխզիջումային լուծման վրայ համատեղ աշխատելու ուղղութեամբ։ Քերի Քեւինոյի խօսքով՝ առկայ ռազմական գործողութիւնները պատճառ կը դառնան մարդկային աւելի մեծ տառապանքներու եւ արտաքին տէրութիւններու զգալի ռազմական միջամտութիւնը հրահրելու ռիսքերուն։ Ան նուազ հաւանական համարած է Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ մեծ բախում մը։ «Նախագահ Ալիեւ պէտք է հասկնայ, որ ռազմական գործողութիւնները՝ թէեւ, հաւանաբար, քաղաքականապէս ձեռնտու են երկրէն ներս կարճաժամկէտ հեռանկարով, սակայն չեն յագեցներ ո՛չ հայերու դուրս բերման ժամանակացոյցին, ոչ ալ ներողութեան, ալ չենք խօսիր խաղաղութիւն հաստատելու մասին։ Բանակցութիւններու ամենասկիզբէն ալ պարզ էր, որ Լեռնային Ղարաբաղէն զօրքերու դուրս բերուիլը չի կրնար տեղի ունենալ առանց տեղւոյն՝ մեծամասնութեամբ հայ բնակչութեան անվտանգութեան մասին համաձայնեցուած դրոյթներու, ինչպէս նաեւ տարածքաշրջանի ապագայ քաղաքական կարգավիճակի որոշման վերաբերեալ փոխադարձ համաձայնութեան», ըսաւ Քերի Քեւինօ, որու համոզմամբ՝ տարածքաշրջանի համար խաղաղութեան ճանապարհը կ՚անցնի դիւանագիտութենէն։ Խօսակցութիւնը, այլ ոչ թէ մարտական գործողութիւնները հնարաւորութիւն կու տան կայուն կարգաւորման հասնելու։ Քեւինօ նշած է, որ Ռուսաստան Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցն է։ Սա չի նշանակեր, որ Լեռնային Ղարաբաղի նոր պատերազմը կրնայ Թուրքիա-Ռուսաստան հակամարտութեան մը պատճառ դառնալ։ Ըստ Քեւինոյի, թէ՛ Ատրպէյճան եւ թէ Հայաստան ունին բաւական ժամանակակից սպառազինութիւն, որու գործադրութիւնը կրնայ մարդկային տառապանքներու պատճառ դառնալ, բայց չի կրնար պատերազմական յաղթանակներ ապահովել։

Պատերազմի ընթացքին շուրջ ուշագրաւ մեկնաբանութիւն մըն ալ արձագանգ գտաւ «Bloomberg»ի վրայ։ Այսպէս, Թուրքիա կ՚ընէ այնպիսի բան մը, որու տակէն կրնայ դուրս գալ։ Անդրադառնալով Կովկասէ ներս Անգարայի աշխուժութեան՝ մեկնաբանը կ՚ընդգծէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը Լիպիայէ վերջ երկրորդ թատերաբեմն է, ուր Անգարա կը խանգարէ Մոսկուայի նպատակներու իրագործումը։ Այս համայնապատկերին վրայ, Արցախի կապակցութեամբ Ռուսաստանի լռութիւնը Թուրքիոյ կողմէ կ՚ընկալուի որպէս իր ծրագրերու իրականացման թոյլտուութիւն։ «The Washington Post» հեղինակաւոր ամերիկեան թերթն ալ Ուաշինկթընի մօտալուտ հանդիպումներուն ընդառաջ անդրադարձած է Արցախի հարցին։ Այսպէս, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրական բանակցութիւններու եւ կայունութեան համար ճանապարհ կրնայ հարթել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու կողմէ այդ տարածքի թռիչքներու համար փակ գօտի յայտարարուիլը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2020