ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Պրիւքսել։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան հանդիպում մը կ՚ունենայ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։ Բաց աստի, Արմէն Սարգսեան Եւրոմիութեան ղեկավարութեան հետ ալ կ՚ունենայ շարք մը տեսակցութիւններ։ Այսպէս, ան կը հիւրընկալուի Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի, Եւրոյանձնաժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։ Այս հանդիպումները կազմակերպուած են նախագահ Արմէն Սարգսեանի  նախաձեռնութեամբ։

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմական թէժ իրավիճակին մէջ Արմէն Սարգսեան եւրոպական կառոյցներու ղեկավարներուն հետ կը քննարկէ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական բռնութիւնը եւ Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը։ Ան մասնաւորապէս ուշադրութիւն կը հրաւիրէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանամերձ բնակավայրերու դէմ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած յարձակումներու փաստերուն վրայ։ Հայկական կողմը կ՚ակնկալէ, որ ՆԱԹՕ-ի եւ եւրոպական կառոյցներու ղեկավարներու կողմէ հնարաւոր ջանքերը կը գործադրուին՝ Ատրպէյճանի եւ դաշինքի անդամ Թուրքիոյ կողմէ ռազմական գործողութիւններու դադրեցումը ապահովելու համար։ Սա հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ կեանքի կոչել մարդասիրական հրադադարի վերաբերեալ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները։

Պրիւքսել մեկնելէ առաջ Արմէն Սարգսեան հարցազրոյց մը տուաւ «France 24» հեղինակաւոր հեռուստակայանին։ Այս առթիւ ան Անգարայի դերակատարութեան կապակցութեամբ հերթական քննադատութիւններով հանդէս եկաւ։ Ըստ իրեն, միջազգային հանրութիւնը ճնշում պէտք է բանեցնէ Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի ան դուրս գայ հակամարտութենէն։ Բաց աստի, իր յայտարարութիւններուն մէջ Արմէն Սարգսեան ըսաւ. «Ռուսաստանը հակամարտութեան ներգրաւելու փոխարէն՝ պէտք է խօսիլ Թուրքիան բացառելու մասին»։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2020