ՆԱԽԱՐԱՐ ԶՕՀՐԱՊ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այսօր կարճատեւ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները իր շփումներու ծրագրին մասին մանրամասնութիւններ չեն հաղորդած։ Պարզապէս հաղորդուած է, որ Մնացականեան կը տեսակցի իր ռուս պաշտօնակցին՝ Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Օրակարգի վրայ կու գան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս ստեղծուած իրավիճակը, հրադադարի վերաբերեալ համաձայնութիւնները կեանքի կոչելու հարցերը։

Երեւանի կողմէ այս սահմանափակ մանրամասնութիւններու հրապարակման զուգահեռ՝ Պաքուէն ալ հաղորդուեցաւ, որ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա։ Վստահաբար, ան կը հիւրընկալուի իր ռուս պաշտօնակցին կողմէ։ Առայժմ յայտնի չէ, որ Լաւրովի ներկայութեամբ դարձեալ կը մէկտեղուի՞ն Մնացականեան եւ Պայրամով կամ ոչ։ Այդպիսի եռակողմանի բանակցութիւն մը տեղի ունեցած էր հոկտեմբերի 10-ին, երբ յայտարարուած էր մարդասիրական հրադադարի մասին, սակայն չէր գործադրուած՝ նոյնիսկ շաբաթ մը վերջ վերահաստատուելով հանդերձ։

Այսպէսով, գործնականօրէն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները Մոսկուա այցելած են՝ այս ուրբաթ Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած իրենց շփումներէն առաջ։

Նախարար Մնացականեանի այս այցելութիւնը կը զուգադիպի իր՝ դէպի Ուաշինկթըն ուղեւորութեան ընդառաջ։ Ինչպէս ծանօթ է, այս ուրբաթ նախատեսուած է իր հանդիպումը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ Բացի Մնացականեանէն, ամերիկացի պետական քարտուղարը պիտի հիւրընկալէ նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։ Փոմփէոյի առանձին տեսակցութիւնները արդէն յստակացած են, սակայն զանազան աղբիւրներ հաւանական կը նկատեն Ուաշինկթընի մէջ եռակողմանի հանդիպում մը, նաեւ չեն բացառեր Մնացականեան-Պայրամով երկկողմանի դէմ առ դէմ հանդիպում մը։

Մոսկուա մեկնելէ առաջ Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Անգլիոյ Եւրոպական հարեւանութեան եւ Ամերիկայի հարցերով մշտական պետական քարտուղար Ուէնտի Մորթընի հետ։ Այս առթիւ Մնացականեան ուշադրութիւն հրաւիրեց Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու կողմէ խաղաղ բնակչութեան թիրախաւորման հետեւանքով յառաջացած վայրագութիւններուն վրայ։ Մորթըն խորին ցաւակցութիւն յայտնեց խաղաղ բնակչութեան շրջանակներէն ներս զոհուածներուն համար։ Զրուցակիցները անդրադարձան հոկտեմբերի 10-ին յայտարարուած եւ 17-ին վերահաստատուած մարդասիրական հրադադարի գործադրութեան անհրաժեշտութեան։ Ըստ Մնացականեանի, Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտումը անգամ մը եւս կ՚ապացուցանէ անոր անկարողութիւնը՝ յարգելու իր իսկ ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ հիմնախնդիրը ռազմական ճանապարհով լուծելու նկրտումները։ Մնացականեան մատնանշեց, որ Ատրպէյճանի այդ վարքագիծը կը խրախուսուի Թուրքիոյ կողմէ։ Ան վերահաստատեց Հայաստանի յանձնառութիւնը հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման եւ հրադադարի վերահսկման դրութիւններու հաստատման ուղղութեամբ։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՓՈԽ-ՆԱԽԱՐԱՐԸ

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան երէկ յայտարարեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու շարքին ներկայիս առաւել աշխոյժ է Ռուսաստանը։ Ֆրանսա երկրորդն է, կ՚ուզէ հրադադարը յառաջ տանիլ։ Շատ կարեւոր է, որ հիմա ԱՄՆ-ն ալ կը միանայ այդ ջանքերուն։ Փոխ-նախարարը այս դիտարկումները ըրաւ՝ շաբաթավերջին նախատեսուած Մնացականեան-Փոմփէօ հանդիպման լոյսին ներքեւ։ «Երեք համանախագահներու պարագային ալ օրակարգի վրայ մէկ հարց կայ. ո՛չ միայն յայտարարուիլը, այլեւ՝ հրադադարի պահպանուիլը», ըսաւ Շաւարշ Քոչարեան։

Շաւարշ Քոչարեան աւելցուց, որ պատերազմի վերաբերեալ միջազգային արձագանգը շատ յաճախ չի գոհացներ հայկական կողմը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2020