ՌԱԶՄԱՃԱԿԱՏԻ ՀԱՐԱՒԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԶՕՐՔԵՐԸ ՄԵԾ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ՄԸ ԿԱՍԵՑՈՒՑԱԾ
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ բախումները կը շարունակուին։ Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ երէկ գիշերուայ տեւողութեան հակամարտութեան գօտիէն ներս իրադրութիւնը եղած է յարաբերաբար կայուն-լարուած։ Առանձին հատուածներու մէջ շարունակուած են փոխադարձ հրաձգութիւնները, հրետանային մենամարտերը։ Այսօրուայ լուսադէմին Ատրպէյճանի զօրքերը կրկին անցած են յարձակման՝ կրակի տակ առնելով Մարտակերտ քաղաքի ու շրջակայ գիւղերու քաղաքացիական ենթակառուցուածքները։ Այս առաւօտեայ դրութեամբ ընթացքի մէջ եղած են տեղական նշանակութեամբ մարտեր՝ ռազմաճակատի հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններով։ Ըստ նոյն յայտարարութեան, իրադրութիւնը կը գտնուի Արցախի Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներու վերահսկողութեան ներքեւ։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Շուշան Ստեփանեանն ալ երէկ օրուայ երկրորդ կէսին կարեւոր տուեալներ փոխանցեց ռազմաճակատի կացութեան շուրջ։ Վերջին օրերուն յատկապէս հարաւային հատուածին մէջ տեղի կ՚ունենային սաստիկ մարտեր։ Ըստ բանբերին, Ատրպէյճանի զօրքերը հարաւային ուղղութեան վրայ, Խուտաֆերինի ջրամբարի հատուածի մօտակայքին մեծ կորուստներ կրելով նահանջած են։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու տրամադրած մանրամասնութիւնները կը վերաբերին նաեւ Իշխանաձորի շրջանին, ուր եւս յամառ մարտեր կ՚ընթանային վերջին օրերուն։
Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնին մէջ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանն ալ երէկ երեկոյեան սարքած հերթական մամլոյ ասուլիսին ժամանակ հաստատեց, որ հարաւային ուղղութեան վրայ յամառ մարտեր տեղի ունեցած են, հայկական զօրքերը յաջողած են կասեցնել յարձակումները եւ Ատրպէյճանի բանակը վերադարձած է ելման բնագիծը։ Ըստ իրեն, Ատրպէյճանի բանակը ունէր տասնապատիկ գերազանցող հրթիռահրետանային ուժեր, եռապատիկ գերազանցող զրահահրասայլային ուժեր, հնգապատիկ գերազանցող մարդկային ներուժ, սակայն չէ կրցած կատարել իր գործողութեան ծրագիրը։
Հայկական կողմը կը շարունակէ տեղեկութիւններ փոխանցել նաեւ իր կորուստներուն, նահատակներուն մասին։ Զուգահերաբառ կը հաղորդուին նաեւ Ատրպէյճանի կորուստները։ Հայկական կողմը պաշտօնապէս ունի առնուազն 772 զոհ։ Ատրպէյճանի բանակէն զոհուած է 6309 զինուոր։ Ատրպէյճանի բանակը ցայսօր կորսնցուցած է 23 ռազմաօդանաւ, 16 ուղղաթիռ, 200 անօդաչու թռչող սարք, 576 հրասայլ եւ այլ զրահապատ ինքնաշարժ, 4 «Թոս» համազարկային կայանք, եւ այլն։