ՄԱԿ-Ի ԿՈՂՄԷ ԼՈՒՐՋ ԿԱՆԽԱՏԵՍՈՒՄ

ՄԱԿ-ի Բնապահպանութեան ծրագիրը (UNEP) հրապարակեց տեղեկագիր մը։ Այսպէս, հերթական անգամ համաշխարհային հանրային կարծիքի օրակարգին վրայ կու գան տուեալներ, որոնք շրջակայ միջավայրի ապագային տեսակէտէ խոր մտահոգութեան պատճառ կը դառնան։ «Անատոլու» գործակալութիւնն ալ արձագանգ հանդիսացաւ այս նոր տեղեկագրին, ըստ որու, կառավարութիւնները կը ծրագրեն քարիւղի եւ նման վառելանիւթերու արտադրութիւնը աւելցնել։ Կառավարութիւններու քարիւղի արտադրութեան ծրագիրներուն եւ այժմու արտադրութեան մակարդակներու միջեւ տարբերութիւնը չափելու նպատակով պատրաստուած այս տեղեկագրին մէջ մատնանշուած տուեալները լաւատեսութիւն չեն ներշնչեր բնապահպանութեան տեսակէտէ։

Աշխարհի վրայ առաւելագոյն մակարդակով քարիւղ եւ նման վառելանիւթ արտադրող 15 երկիրներու մինչեւ 2020 թուականը ձգուած ծրագիրները չեն համապատասխաներ Փարիզի կլիմայի համաձայնութեան մէջ որդեգրուած նպատակներուն, որոնք կը նախատեսեն թթուածինի զերոյական մակարդակի վրայ արտանետումը։ Յիշեալ 15 երկիրները 2030 թուականին կը նախատեսեն 110 տոկոսով աւելի արտադրանք կատարել՝ ածուխի, քարիւղի կամ կազի նման վառելանիւթերու համար։

Յիշեալ 15 երկիրներու շարքին կը գտնուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Չինաստան, Ռուսաստան, Սէուտական Արաբիա, Անգլիա, Աւստրալիա, Պրազիլ, Գանատա, Գերմանիա, Հնդկաստան, Էնտոնէզիա, Մեքսիկա, Նորվեկիա, Հարաւային Ափրիկէ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։

ՄԱԿ-ի մասնագէտները կը շեշտեն, որ զարգացած կամ զարգացող աշխարհի 20 երկիրները 2020 թուականի տարեմուտէն ի վեր մաքուր ուժանիւթի փոխարէն արտադրութիւն կատարած են վերոյիշեալ վառելանիւթերուն համար։

31 հոկտեմբեր-12 նոյեմբեր թուականներուն Կլասքովի մէջ, Սկովտիա, նախատեսուած է «COP26» խորհրդաժողովը, որ պիտի համախմբէ ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան շրջանակային համաձայնագրին մասնակից կողմերը, արդէն 26-րդ անգամ։ Օրակարգին վրայ ընդգրկուած նիւթերը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն՝ կլոպալ ջերմացման բարձրացումը սահմանափակելու ուղղեալ առնուելիք քայլերուն տեսակէտէ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2021