ՔԱՐԱՑԱԾ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանը։ Պաշտօնական այցելութեան շրջանակին մէջ երկու նախարարները նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Նախարարները սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ բարձր կը գնահատեն բարեկամ Իրանի սկզբունքային ու յստակ դիրքորոշումը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան վերաբերեալ։ Իր կարգին, Ամիր Ապտուլլահիանն ալ յայտնեց, որ Իրան ամբողջութեամբ դէմ է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ատրպէյճանի տարածքէն ներս օտարերկրեայ ներկայացուցիչներու ներկայութեան։ Ան շեշտեց նաեւ, որ Իրան պիտի ձեռնարկէ բոլոր քայլերուն՝ դիմակայելու համար տարածաշրջանէ ներս պատմական սահմաններու փոփոխութեան նոյնիսկ մտադրութեան։
Արարատ Միրզոյեան ասուլիսի ընթացքին հերթական անգամ անդրադարձաւ Երեւան-Պաքու շփումներուն։ «Ատրպէյճանի կողմէ կ՚առերեսուինք միայն առաւելապաշտ մօտեցումներու», յայտնեց Միրզոյեան եւ աւելցուց, որ տարբեր հանդիպումներու, զանազան ձեւաչափերով բանակցութիւններու մէջ մեծ յառաջընթաց արձանագրելու հիմնական խոչընդոտն է Ատրպէյճանի առաւելապաշտ մօտեցումը։ Իր խօսքով, խաղաղութեան բանակցութիւններ վարելու զուգահեռ եթէ շարունակաբար կը հնչեցուին ուժի գործադրութեան սպառնալիքներ կամ իրականութեան մէջ այդ ուժը կը գործադրուի եւ բռնութիւն տեղի կ՚ունենայ բանակցող երկիրներէն մէկուն կողմէ միւս բանակցող երկրին վրայ՝ ապա անկեղծութիւնը կասկածի տակ կը մնայ խաղաղութիւն կառուցելու ժամանակ։ Միրզոյեան յոյս յայտնեց, թէ այդ խոչընդոտները կը յաղթահարուին եւ յառաջիկայ փուլին կարելի կը դառնայ փոխադարձ ընդունելի լուծումներու հասնիլ։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ նախարար Միրզոյեան շեշտեց նաեւ, որ Երեւան հետաքրքրուած է Պարսից ծոց-Սեւ ծով փոխադրութեան միջանցքով։ Այս ուղղութեամբ կը նախատեսուի ստեղծել Հայաստան-Իրան-Հնդկաստան հարթակը։
Ասուլիսի ընթացքին նախարարը հերթական անգամ կրկնեց, որ Հայաստանի տարածքով արտատարածքային կարգավիճակի կամ անոր բնորոշ առանձին կարգաւորումներով միջանցքի մը մասին խօսք չի կրնար ըլլալ։ «Դժբախտաբար, մենք կը հանդիպինք Ատրպէյճանի անզիջում վարքին այս հարցին մէջ եւ կրնամ ըսել նաեւ, որ կը տեսնենք այլ երրորդ երկիրներ, երբեմն նոյնիսկ անսպասելի երրորդ երկիրներ, որոնք կ՚աջակցին այս ճանապարհի՝ Ատրպէյճանի մեկնաբանութեան։ Բազմիցս ըսած ենք, որ արտատարածքային կարգավիճակի կամ անոր բնորոշ առանձին կարգաւորումներով Հայաստանի տարածքով միջանցքի մասին խօսք չի կրնար ըլլալ», յայտնեց Միրզոյեան։
Ապտուլլահիանի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Արարատ Միրզոյեան անդրադարձաւ նաեւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ Իր խօսքով՝ Թուրքիա Հայաստանի հետ կարգաւորման գործընթացը պէտք է աւելի ու աւելի քիչ կապէ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային գործընթացին հետ։ «Գործընթացը կը համարեմ դրական։ Ուղենիշը յարաբերութիւններու հաստատումն ու սահմաններու բացումն է։ Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան յաջողութիւնը կրնայ դրական ազդեցութիւն գործել Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային գործընթացին վրայ։ Երբեմն հարցերու վերաբերեալ կը հնչեն յայտարարութիւններ, որոնք հիմք կը ստեղծեն մտածելու համար, թէ, օրինակ, նոյն Թուրքիան գուցէ արտատարածքային կարգավիճակով միջանցքի մը բացման հարցին մէջ աւելի շահագրգռուած է՝ քան, օրինակ, Ատրպէյճանը», աւելցուց Միրզոյեան։
Միւս կողմէ, հայկական զանազան աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ այսօր Կապանի մէջ նախատեսուած է Իրանի գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման արարողութիւնը։
Հարկ է յիշեցնել, որ վերջին օրերուն Իրան Ատրպէյճանի հետ սահմանին վրայ ռազմափորձեր իրականացուց՝ իր բանակի բոլոր ստորաբաժանումներու ընդգրկումով։ Իրանի Յեղափոխութեան պահապաններու հրամանատարն ալ յայտարարեց, որ եթէ տարածաշրջանի որեւէ անկիւնէն ներս տեղի ունենայ դէպք մը եւ իրենց շահերը վտանգուին, ապա իրենք չէզոք պիտի չմնան։ Այս յայտարարութիւնները, ըստ մեկնաբաններու, հասցէագրուած էին Երեւանին եւ Պաքուին։ Երեւան ժամանելէ անմիջապէս առաջ Ապտուլլահիանն ալ յայտնած էր, որ Իրան թոյլ չի տար Հայաստանի հետ իր ճանապարհի արգելափակման եւ այդ նպատակով ալ զօրավարժութիւններու ձեռնարկած է տարածաշրջանէ ներս։