«3+3»Ի ՀԱՄԱՐ ՀՐԱՒԷՐ
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան յայտարարեց, որ Երեւան Թեհրանէն հրաւէր ստացած է՝ «3+3» ձեւաչափով՝ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպման համար։ «Գիտէք, որ հաւանական հանդիպումը պէտք է տեղի ունենայ Թեհրանի մէջ եւ մենք Իրանէն հրաւէր ստացած ենք։ Այս պահուն Իրանի մեր գործընկերներուն հետ տեղի կ՚ունենան քննարկումներ եւ երբ վերջնական որոշում մը ըլլայ, ապա այդ մասին կը յայտարարուի», ըսաւ փոխ-նախարարը։ Հարկ է յիշեցնել, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հանրային հեռուստատեսութեան տուած վերջին հարցազրոյցով տեղեկացուցած էր, որ Հայաստան պատրաստ է այդ ձեւաչափով հանդիպումներու։
Բաց աստի, Վահան Կոստանեան նշեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի հետ բանակցութիւններու ձեւաչափի մշտական փոփոխութիւններու փորձերը հայկական կողմին մօտ կասկածներ կը յառաջացնեն, թէ Պաքու արդեօք ընդհանրապէս հետաքրքրուա՞ծ է խաղաղութեան գործընթացը աւարտին հասցնելով։ «Իրենք ուղղակի ձեւաչափէ մը միւսը կը փորձեն անցնիլ եւ այսպէսով յստակ պայմանաւորուածութիւններու ձեռք բերումէն խուսափիլ», ըսաւ ան։ Լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին փոխ-նախարարը շեշտեց, որ Երեւան կը փափաքի յարաբերութիւնները կարգաւորել հարեւաններուն հետ։ Թէ արեւմտեա՞ն կամ ռուսական հարթակներու վրայ… Ի պատասխան՝ Կոստանեան յայտենց, որ հարթակը ինքնանպատակ չի կրնար ըլլալ։ «Մեզի համար կարեւոր է, որ մենք կարողանանք կարգաւորել յարաբերութիւնները։ Եւ այդ կարգաւորումէն յետոյ ձեռք բերուած ու գրաւոր ամրագրուած պայմանաւորուածութիւնները յարգուին եւ գործընկերները երաշխաւորեն, թէ Ատրպէյճան պիտի չխախտէ զանոնք», աւելցուց նախարարի տեղակալը։ Բաց աստի, Վահան Կոստանեան ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի կողմէ բռնութիւն եւ այդ մէկը ոեւէ մէկուն կողմէ չի կրնար արդարացուիլ։ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչումը որեւէ կերպով պէտք չէ ոտնահարէր Լեռնային Ղարաբաղի հայոց անվտանգութեան եւ իրաւունքներու երաշխաւորման գործընթացը, որ Ատրպէյճանի կողմէ խաթարուեցաւ բռնութեան կիրառմամբ», ըսաւ ան։
Մինչ այդ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի ու Եւրոասիոյ հարցերով օգնական Ճաշուա Հոակ երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Երէկ Պաքու այցելեց նաեւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին։
Միւս կողմէ, երէկ, Երեւանի մէջ Արցախի ներկայացուցչութեան շէնքին առջեւ տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր եւ ստեղծուեցաւ լարուած իրավիճակ։ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան յայտնեց, որ ժողովուրդին ստեղծած հանրապետութիւնը չի կրնար որեւէ փաստաթուղթով լուծարուիլ, կան հարցեր, որոնց մասին հիմա չի կրնար խօսիլ։ «Ամէն ինչ մեզմէ կախուած չէ, բայց պիտի փորձենք ձեր հարցերուն լուծում տալ», ըսաւ Շահրամանեան՝ ցուցարարներուն հետ ստեղծուած լարուածութեան մթնոլորտին մէջ։