ԵՐԿՈՒ ՀԱԶՈՒԱԳԻՒՏ ԳԻՐՔ
Հայաստանի Ազգային գրադարանը վերջերս ձեռք բերաւ երկու հազուագիւտ հրատարակութիւն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, անոնցմէ մին է Եփրեմ Ասորիի «Գիրք աղօթից»ը, իսկ միւսը՝ հայատառ թրքերէն Աստուածաշունչ մը։
Հայաստանի Ազգային գրադարանին կողմէ գնուած այս գիրքերէն Եփրեմ Ասորիի «Գիրք աղօթից»ը տպուած է Պոլսոյ մէջ, 1734 թուականին, Մարտիրոս Սարգիսեանի տպարանէն։ Գիրքը ունի 95 զարդափակ էջ։ Սուրբ Եփրեմ Ասորին ապրած է չորրորդ դարուն Ասորիքի մէջ։ Ան մինչեւ հինգերորդ դարը ներառեալ ապրած տասներկու տիեզերական սուրբ վարդապետներէն մին է։ Եփրեմ Ասորին ծնած է Մծբին քաղաքին մէջ, 306 թուականին, քրիստոնեայ ծնողներէ։ Անոր գործերու զգալի մէկ մասը պահպանուած է հայերէն թարգմանութիւններով։
Ազգային գրադարանի կողմէ ձեռք բերուած օրինակին մէջ գիրքի տիտղոսաթերթը եւ երկրորդ էջը կը բացակայի։ Գրադարանը մինչ այդ ունէր նոյն գիրքի թուային օրինակը, որ հասանելի է «Հայ գիրք» շտեմարանին մէջ եւ թուայնացուած է Մատենադարանի օրինակէն։
Երկրորդ ձեռքբերումը 1888 թուականին նոյնպէս Պոլսոյ մէջ, Ա. Յ. Պօյաճեանի տպարանին մէջ հրատարակուած հայատառ թրքերէն Աստուածաշունչն է։
«Երկու գիրքերն ալ գրադարանի համար նոր միաւորներ են։ Անոնցմէ նախապէս չենք ունեցած։ Գրադարանի հայագիտական հաւաքածոներու յետադարձ համալրումը մեր առաջնահերթութիւններէն է», ընդգծուած է այս առթիւ Հայաստանի Ազգային գրադարանին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։