ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆԻՆ ՊԱՐԳԵՒ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեան վերջերս ստացած է կարեւոր պարգեւ մը։ Այսպէս, Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի խնամատար մարմինը որոշած է տքթ. Հրայր Ճէպէճեանը պարգեւատրել Լապիպ Մատանաթի յիշատակին հաստատուած կոչումով։ Այս պարգեւը Հրայր Ճէպէճեանին յանձնուած է վերջին օրերուն Ամսթերտամի մէջ, Հոլանտա։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կը գործէ Ռազմավարական աղբիւրներու խմբակը (SRG), որ քրիստոնէական կազմակերպութիւն մըն է եւ այս մրցանակը կը շնորհէ այնպիսի անհատներու, որոնք իրենց կեանքով ու գործունէութեամբ կը սատարեն իրենց իսկ շրջանակներուն՝ հոգեւոր, ընկերային եւ մշակութային բարգաւաճման։ Ուրեմն այս կազմակերպութիւնը որոշած է պարգեւը շնորհել Հրայր Ճէպէճեանին՝ հաշուի առնելով, որ երկար տարիներէ ի վեր ան Աստուածաշունչի առաքելութիւն եւ բազմաբեղուն գործունէութիւն կը ծաւալէ Միջին Արեւելքի եւ Արաբական ծոցի երկիրներէն ներս։
Հրայր Ճէպէճեան Աստուածաշունչի այս առաքելութիւնը ծաւալելու առընթեր արեւմտահայ մամուլին միշտ կ՚աշխատակցի եւ սփիւռքահայ կեանքին ալ կը բերէ իր հետեւողական մտաւորական նպաստը։