«ԻՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆ»Ի ՄԵԿՆԱՐԿԸ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Մի­ջազ­գա­յին զար­գաց­ման գոր­ծա­կա­լու­թեան եւ Սմիթ­սո­նեան կա­ճա­ռին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ ազ­դա­րա­րուե­ցաւ «Իմ Հա­յաս­տան» ծրագ­րին մեկ­նար­կը։ Մա­տե­նա­դա­րա­նի դահ­լի­ճին մէջ այս առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն մը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան, Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յասմիկ Պօ­ղո­սեան, Ե­րե­ւա­նի մօտ ԱՄՆ-ի դես­պան Ռի­չըրտ Միլս եւ նա­խա­ձեռ­նարկ կա­ռոյց­նե­րուն կող­մէ բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ «Իմ Հա­յաս­տան» ծրագ­րի նպա­տակն է զար­գաց­նել եւ ընդ­լայ­նել մշա­կու­թա­յին զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը երկ­րի զա­նա­զան մար­զե­րէն ներս։ Վե­րա­պատ­րաստ­ման դա­սըն­թացք­նե­րու, ծրագ­րե­րու մշակ­ման, հա­մայնք­նե­րու ներգ­րաւ­ման, փաս­տագր­ման եւ այլ մի­ջոց­նե­րով ծրագ­րի անձ­նա­կազ­մը պի­տի աշ­խա­տի Հա­յաս­տա­նի գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հետ՝ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ նոր ռազ­մա­վա­րու­թիւն­ներ մշա­կե­լու նպա­տա­կով։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, այս ծրա­գի­րը պի­տի նպաս­տէ երկ­րի գիւ­ղա­կան հա­մայնք­նե­րու զար­գաց­ման եւ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­պա­տաս­խան շու­կա­նե­րէն ներս պի­տի բարձ­րաց­նէ Հա­յաս­տա­նի մա­սին ի­րա­զե­կու­թեան մա­կար­դա­կը։

Այս ծրագ­րի մեկ­նար­կին առ­թիւ լրագ­րող­նե­րուն հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան դի­տել տուաւ, թէ օ­տար պե­տու­թիւն­նե­րը յա­ճախ կը հե­տաքրք­րուին մշա­կու­թա­յին զբօ­սաշր­ջու­թեան զար­գա­ցու­մով, ո­րով­հե­տեւ կը հասկ­նան, թէ լուրջ նե­րուժ մը գո­յու­թիւն կ՚ու­նե­նայ տուեալ երկ­րին հետ կա­պե­րը զար­գաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ «Մենք կ՚ակն­կա­լենք, որ ծրագ­րին մաս կազ­մած պատ­մամ­շա­կու­թա­յին յու­շար­ձան­նե­րը կը բա­րե­կար­գուին, կը ստեղ­ծուին են­թա­կա­ռու­ցուածք­ներ, ո­րոնք պէտք է սպա­սար­կեն այդ յու­շար­ձան­նե­րուն։ Են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու պա­րա­գա­յին ու­նինք խնդիր­ներ. օ­րի­նակ՝ Գառ­նիի մէջ ճա­նա­պար­հի խնդիր կայ», ը­սաւ Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան եւ ընդգ­ծեց, թէ «Իմ Հա­յաս­տան»ի շրջա­նա­կին մէջ բո­լոր խնդիր­նե­րու վրայ ու­շադ­րու­թիւն պի­տի կեդ­րո­նա­ցուի։ Յու­շար­ձան­նե­րը պէտք է պատ­րաստ ըլ­լան զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րը ըն­դու­նե­լու բո­լոր ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րով։ Հա­յաս­տան ժա­մա­նած զբօ­սաշր­ջի­կը միշտ չէ որ ա­պա­հո­վուած է անհ­րա­ժեշտ պա­րա­գա­նե­րով, նիւ­թե­րով։ Նա­խա­րա­րը մաս­նա­ւո­րա­պէս կա­րե­ւո­րեց ցու­ցակ­նե­րը, տե­ղե­կա­տուա­կան կեդ­րոն­նե­րը, հա­մա­պա­տաս­խան անձ­նա­կազ­մե­րու պատ­րաս­տու­թիւ­նը, կա­յա­նա­տե­ղի­նե­րու ստեղ­ծու­մը։ Ի­րենց ամ­բող­ջու­թեան մէջ այս բո­լո­րը զբօ­սաշր­ջու­թեան զար­գաց­ման հա­մար նպաստ մը պի­տի հան­դի­սա­նան, ա­ւե­լին, այս ծրագ­րին մի­ջո­ցաւ նաեւ պի­տի ստեղ­ծուին նաեւ նոր աշ­խա­տա­տե­ղի­ներ։ Ըստ Յաս­միկ Պօ­ղո­սեա­նի, այս ծրա­գի­րը նաեւ ան­նա­խըն­թաց է այն ա­ռու­մով, որ շատ լուրջ մօ­տե­ցում կը ցու­ցա­բե­րուի պե­տու­թեան ու մաս­նա­ւոր հա­տուա­ծին մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նկատ­մամբ։

Դես­պան Ռի­չըրտ Միլսն ալ ընդգ­ծեց, որ «Իմ Հա­յաս­տան» ծրագ­րին նպա­տակն է եր­կի­րը յայտ­նի դարձ­նել հա­մաշ­խար­հա­յին զբօ­սաշր­ջու­թեան քար­տէ­սին վրայ։ «Հա­յաս­տան ու­նի գե­ղա­տե­սիլ բնու­թիւն, հո­յա­կապ խո­հա­նոց, հա­մաշ­խար­հա­յին զբօ­սաշր­ջու­թեան շու­կա­յին հա­մար գրա­ւիչ վայր մըն է», ը­սաւ ա­մե­րի­կա­ցի դես­պա­նը եւ ա­ւել­ցուց, թէ այս ծրագ­րին շնոր­հիւ պի­տի օգ­տա­գոր­ծուին յի­շեալ բո­լոր ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րը։

5 մի­լիոն տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ այս ծրագ­րի շրջա­նակ­նե­րէն ներս պի­տի օգ­տա­գոր­ծուի նա­խա­ձեռ­նարկ եր­կու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն ամ­բողջ նե­րու­ժը։ Միլս յատ­կա­պէս ընդգ­ծեց, որ Սմիթ­սո­նեան կա­ճա­ռը աշ­խար­հի ա­մե­նա­խո­շոր հա­մա­լիրն է, զբօ­սաշր­ջու­թեան զար­գաց­ման եւ այլ հար­ցե­րուն գծով նո­րա­րա­րական մօ­տե­ցում­ներ կ՚ար­տա­յայ­տէ եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան շրջա­նակ­նե­րուն կը նպաս­տէ՝ ա­ւե­լի յստակ պատ­գամ մը ձե­ւա­կեր­պե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Դես­պա­նը հա­մո­զուած է նաեւ, որ այս ծրա­գի­րը կրնայ նպաստ­ներ բե­րել Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան։

Իր կար­գին, Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեանն ալ նշեց, թէ Հա­յաս­տա­նի մէջ զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը ա­ռա­ւել աշ­խոյժ զար­գա­ցող ճիւ­ղե­րէն մին է։ Ան­ցեալ տա­րի Հա­յաս­տան այ­ցե­լած է շուրջ 1 մի­լիոն 204 հա­զար զբօ­սաշր­ջիկ։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, երկ­րէն ներս զգա­լիօ­րէն թափ ստա­ցած է պան­դո­կա­շի­նու­թիւ­նը։ Ըստ Աբ­րա­հա­մեա­նի, Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը գի­տակ­ցի, որ զբօ­սաշր­ջու­թիւն հա­մաշ­խար­հա­յին տնտե­սու­թեան գե­րա­կայ ճիւ­ղե­րէն մին է ու մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նի տնտե­սու­թեան զար­գաց­ման վրայ։ «Հա­յաս­տա­նի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը ան­փո­խա­րի­նե­լի տեղ կը գրա­ւէ հա­մաշ­խար­հա­յին գան­ձա­րա­նին մէջ», ը­սաւ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ այս ծրա­գի­րը ան­մի­ջա­կան ազ­դե­ցու­թիւն կ՚ու­նե­նայ աշ­խար­հի մէջ Հա­յաս­տա­նի հո­գե­ւոր եւ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան ներ­կա­յաց­ման ուղ­ղու­թեամբ եւ կը խթա­նէ զբօ­սաշր­ջու­թեան զար­գա­ցում­նե­րը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2015