ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՌԱԶՄԱՓՈՐՁ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան ե­րէկ հե­տե­ւե­ցան Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի ռազ­մա­փոր­ձե­րուն։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, «Մե­խա­կա­ւան» զօ­րա­վար­ժա­րա­նէն ներս ա­նոնք հե­տե­ւե­ցան մար­տա­կան հրաձ­գու­թիւ­նով ի­րա­կա­նա­ցուած գնդա­յին մար­տա­վա­րա­կան ռազ­մա­փոր­ձին։ Զօ­րա­վար­ժու­թիւն­նե­րու ա­ւար­տին Սերժ Սարգ­սեան եւ Բա­կօ Սա­հա­կեան, ո­րոնց հետ էին նաեւ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րը, բարձ­րաս­տի­ճան հրա­մա­նա­տա­րա­կազ­մի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուու­ղեկ­ցու­թեամբ շրջայց մը կա­տա­րե­ցին Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի շարք մը զօ­րա­մա­սե­րէն ներս։

Սերժ Սարգ­սեան Ար­ցա­խի մէջ պար­գեւ­ներ յանձ­նեց զօ­րա­վար­ժու­թիւն­նե­րուն աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած կարգ մը զի­նուոր­նե­րուն նաեւ ներ­կայ գտնուե­ցաւ ռազ­մա­կան նշա­նա­կու­թեամբ կարգ մը նոր շէն­քե­րու բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2015