ԱՒԵՏԻՍԵԱՆՆԵՐՈՒ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԴԷՄ ՈՃՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԹՂԹԱԾՐԱՐԸ ՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՒ ԴԱՏԱԽԱԶԻՆ

Հա­յաս­տա­նի Քննչա­կան կո­մի­տէն Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քի սպան­նու­թեան քրէա­կան գոր­ծը իր մե­ղադ­րա­կան եզ­րա­կա­ցու­թեամբ ու­ղար­կած է թղթած­րա­րը վե­րահս­կող դա­տա­խա­զին։ Հան­րա­պե­տու­թեան աւագ դա­տա­խա­զու­թեան աղ­բիւր­նե­րը պաշ­տօ­նա­պէս հաս­տա­տե­ցին այս տե­ղե­կու­թիւ­նը։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, տա­րե­մու­տին Կիւմ­րիի մէջ Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քին եօթ ան­դամ­նե­րը զոհ գա­ցած էին ռուս զի­նուո­րա­կան Վա­լե­րի Փեր­մեա­քո­վի տմար­դի յար­ձակ­ման։ Հա­յաս­տա­նի Քննչա­կան կո­մի­տէն ե­րեք օր ա­ռաջ մեր­ժած էր Կիւմ­րիի մէջ Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քի դա­ժան սպան­նու­թեան դրդա­պատ­ճա­ռին վե­րա­բե­րեալ կա­րե­ւոր հան­գա­ման­քի մը շուրջ քննու­թիւն կա­տա­րե­լու մա­սին տու­ժող կող­մի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն միջ­նոր­դու­թիւ­նը։ Օր մը ա­ռաջ ալ լրա­ցած էր Վա­լե­րի Փեր­մեա­քո­վի քրէա­կան գոր­ծով քննի­չի կող­մէ տրուած ժամ­կէ­տը, ո­րու ըն­թաց­քին կող­մե­րը պէտք է ծա­նօ­թա­նա­յին թղթած­րա­րին եւ անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին ներ­կա­յաց­նէին միջ­նոր­դու­թիւն­նե­րը։ Հարկ է նշել, որ միջ­նոր­դու­թիւն­նե­րու չներ­կա­յաց­ման պա­րա­գա­յին՝ քրէա­կան գոր­ծը պէտք է ու­ղար­կուէր վե­րահս­կող դա­տա­խա­զին՝ իր մե­ղադ­րա­կան եզ­րա­կա­ցու­թեամբ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2015