ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ «ՖԼԵԹՉԸՐ»Ի ԴՊՐՈՑԷՆ ՀԻՒՐԵՐ

«Թաֆթս» հա­մալ­սա­րա­նի «Ֆլեթ­չըր»ի ի­րա­ւուն­քի եւ դի­ւա­նա­գի­տու­թեան դպրո­ցի տե­սուչ Տքթ. Ճէյմս Սթավ­րի­տիս եւ «Դա­ւի­թեան» հիմ­նադ­րա­մի նա­խա­գահ Ա­սօ Դա­ւի­թեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ ա­մե­րի­կա­հայ բա­րե­րար Ա­սօ Դա­ւի­թեա­նի կող­մէ հիմ­նադ­րուած հա­մա­նուն հիմ­նար­կին եւ «Ֆլեթ­չըր»ի դպրո­ցին մի­ջեւ հաս­տա­տուած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, ո­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս Հա­յաս­տա­նէն տա­ղան­դա­ւոր հայ ե­րի­տա­սարդ­ներ տա­րի­նե­րէ ի վեր կրթա­թո­շակ­նե­րու մի­ջո­ցաւ «Ֆլեթ­չըր»ի դպրո­ցէն ներս ար­դի բարձր չա­փա­նիշ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան կրթու­թիւն կը ստա­նան։ Սոյն ծրագ­րի շրջա­նակ­նե­րէն ներս կրթու­թիւն ստա­նա­լէ վերջ ա­ւե­լի քան 250 շրջա­նա­ւարտ վե­րա­դար­ձած է Հա­յաս­տան՝ ստա­ցած գի­տե­լիք­ներն ու ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րը օգ­տա­գոր­ծե­լու հա­մար երկ­րին մէջ։

«Դա­ւի­թեան» հիմ­նադ­րա­մը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կը գան­ձատ­րէ «Ֆլեթ­չըր»ի դպրոց­նե­րու տե­սուչ­նե­րու, ա­կա­նա­ւոր դա­սա­խօս­նե­րու այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը դէ­պի Հա­յաս­տան, որ­պէս­զի ա­նոնք ա­ւե­լի լաւ ծա­նօ­թա­նան հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ առ­կայ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ի­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Հարկ է նշել, որ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ հիւ­րըն­կա­լուած Ճէյմս Սթավ­րի­տիս վաս­տա­կա­ւոր ծո­վա­կալ մըն է ու կ՚ան­դա­մակ­ցի ԱՄՆ-ի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու խոր­հուր­դին։ Սերժ Սարգ­սեան հիւ­րե­րուն հետ զրու­ցեց մի­ջազ­գա­յին ար­դի խնդիր­նե­րուն ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նի զար­գա­ցում­նե­րուն շուրջ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2015