ՄԱԼԻԻ ՄԷՋ ԴԷՊՔ

Մա­լիի Պա­մա­քօ քա­ղա­քին մէջ ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ զգա­յա­ցունց դէպք մը։ Տեղ­ւոյն «Ռա­տի­սըն» պան­դո­կին մէջ «Էլ Քաի­տէ» ա­հա­բեկ­չա­կանկազ­մա­կեր­պու­թեան յա­րա­կից «Էլ Մու­րա­պի­թուն» խում­բին կող­մէ գե­րե­վա­րուե­ցաւ 170 հո­գի։ Պա­տանդ­նե­րու շար­քին կա­յին նաեւ Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցի­ներ, մա­նա­ւանդ Թուրք օ­դա­յին ըն­կե­րու­թեան աշ­խա­տա­կից­ներ։ Բա­րե­բախ­տա­բար ա­նոնց­մէ ոե­ւէ մէ­կը չտու­ժեց դէպ­քին հե­տե­ւան­քով։ Օ­րուան ա­ւար­տին անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րուն կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն շնոր­հիւ բո­լոր պա­տանդ­նե­րը փրկուե­ցան։

Դէպ­քին հե­տե­ւան­քով առ­նուազն 18 հո­գի մա­հա­ցաւ շուրջ 20 հո­գի ալ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։ Անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րը հա­ղոր­դե­ցին, թէ յան­ցա­գործ խում­բը կը բաղ­կա­նար առ­նուազն 10 հո­գիէ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2015