ՄԱՐԿՎԵԼԱՇՎԻԼԻԻ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րա­րի Եւ­րո­պա­յի եւ Եւ­րոա­սիոյ հար­ցե­րով տե­ղա­կալ Պրի­ճիթ Պրինք ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Թիֆ­լի­զի մէջ, ուր տե­սակ­ցե­ցաւ Վրաս­տա­նի Նա­խա­գահ Կէոր­կի Մարկ­վե­լաշ­վի­լիի հետ։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան Վրաս­տա­նի ժո­ղովր­դա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րուն, ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խա­պատ­րաստ­ման գոր­ծըն­թա­ցին, նաեւ Եւ­րո­պա­կան ու Եւ­րոատ­լան­տեան կա­ռոյց­նե­րուն հետ հա­մարկ­ման խնդիր­նե­րը։ Մարկ­վե­լաշ­վի­լի եւ Պրինք կանգ ա­ռին նաեւ եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կե­րու­թեան փաս­տա­թուղ­թի կա­րե­ւո­րու­թեան վրայ։ Այս վեր­ջի­նը, որ կնքուած է 2009 թուա­կա­նին, կը ցո­լաց­նէ երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րաց­ման մեծ նե­րու­ժը:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2015