ՓԱՐԻԶ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԵՏ ՆՈՐ ԼԵԶՈՒՈՎ ՊԻՏԻ ԽՕՍԻ՞ ԱՐԴԵՕՔ

Անց­նող Յու­նուա­րին «Շար­լի Էպ­տօ» պար­բե­րա­կա­նի գրա­սե­նեակ­նե­րուն դէմ ե­ղած ա­հա­բեկ­չու­թե­նէն ետք Փա­րի­զդար­ձեալ դար­ձաւ մի­ջազ­գա­յին լրա­հո­սի գլխա­ւոր ա­ռանցք: Ար­մատ­նե­րով Մա­րո­քէն եւ­րո­պահ­պա­տակ Ապ­տիւլ Հա­միտ Ա­պա Ուտն ու իր ըն­կեր­նե­րը շատ ա­րագ կա­տա­րուած գոր­ծո­ղու­թիւ­նով մը պատ­ճառ դար­ձան հա­րիւ­րա­ւոր ան­մեղ մար­դոց սպան­ու­թեան: Յար­ձա­կում­ներ գոր­ծուե­ցան ե­րեք ուղ­ղու­թիւն­նե­րով տագ­նա­պի ա­ննա­խըն­թաց ի­րա­վի­ճակ մը ստեղ­ծե­լով, ոչ միայն Փա­րի­զի այլ ամ­բողջ Եւ­րո­պա­յի ցա­մա­քա­մա­սին վրայ:

«Սթատ Տը Ֆրան­ս­»ի, «Պա­թաք­լա­ն» հա­մեր­գաս­րա­հի եւ Փա­րի­զի 10-րդթա­ղա­մա­սին մէջ գտնուող ճա­շա­րա­նին վրայ ե­ղած գրոհ­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան հա­մըն­թաց եւ խլե­ցին 132 զո­հեր: Վի­րա­ւո­րեալ­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կը գտնուէր ծան­րա­գոյն դրու­թեան մէջ:

Այ­սօր շա­բաթ  մը ան­ցած է ա­հա­բեկ­չու­թե­նէն ի վեր եւ փաս­տա­ցի ի­րա­կա­նու­թիւն մըն է, որ իր տա­րո­ղու­թեամբ շո­ք ս­տեղ­ծած եւ  Բ. Աշ­խար­հա­մար­տէն ի վեր ա­ռա­ջին ան­գամ այս­քան զո­հեր խլած դէպ­քը սպա­սե­լի էր: Սպա­սե­լի էր մէ­կէ ա­ւե­լի ա­ռում­նե­րով, ո­րոնց գլխա­ւո­րը այն է, որ Եւ­րո­պա­յի սիր­տը հա­մա­րուող Փա­րիզ լա­ւայիվրայ գո­յա­տե­ւե­լու վի­ճա­կի մը մէջ էր: Յու­նուա­րի վէր­քը տա­կա­ւին չսպիա­ցած յայտ­նի կը դառ­նար, որ Փա­րի­զխո­ցե­լի է ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք ցան­ցեր ստեղ­ծած են ֆրան­սա­կան մայ­րա­քա­ղա­քի զա­նա­զան հա­տուած­նե­րու մէջ։ Ա­րագ, ա­նակն­կալ եւ մեծ հե­տե­ւանք­ներ պատ­ճա­ռող գրոհ­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լը այդ­քան ալ դժուա­րին գործ մը չէր:

Ե­թէ հար­ցը դի­տար­կուի ISIS-ի դէմ ստեղ­ծուած ընդ­հա­նուր դա­շին­քին Ֆրան­սա­յի աշ­խոյժ եւ վճռո­րոշ մաս­նակ­ցու­թեան դի­տան­կիւ­նէն, ա­պա կա­րե­լի է յստա­կօ­րէն ը­սել՝ որ մի­ջազ­գա­յին դա­շին­քը (ո­րուն մաս կը կազ­մէ Ֆրան­սա նոյն­պէս) այդ խմբա­ւոր­ման թե­ւե­րը չկրցաւ կոտ­րել այլ ընդ­հա­կա­ռա­կն, ա­նոր վի­ճա­կը ա­նու­ղղա­կիօ­րէն բա­րե­լա­ւեց կամ պա­հեց նոյն մա­կար­դա­կին վրայ: Բնա­կա­նա­բար գաղտ­նիք մըն ալ չէ, որ ISIS-ի գո­յու­թիւ­նը տար­բեր գոյ­ներ ու­նե­ցող շա­հե­րու հիմ­նաղ­բիւր է նոյն այն եր­կիր­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք գի­շեր-ցե­րեկ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պա­տե­րազ­մի փո­ղե­րա­խումբ մը գոր­ծի լծած են:

Բայց ին­չո՞ւ Փա­րի­զը. շա­տեր հարց պի­տի տան ու ի­րա­ւա­ցի են ի­րենց հար­ցադ­րու­մին մէջ: Փա­րի­զը, ո­րով­հե­տեւ ա­նոր քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը բա­ւա­րար կամք չու­նե­ցաւ ոչ միայն Ֆրան­սա­յի մէջ ապ­րող հա­զա­րա­ւոր իս­լամ­նե­րու հետ խօ­սա­կցե­լու վճռո­րոշ գե­տին մը ստեղ­ծե­լու, այլ նաեւ ան­տե­սեց առ­կայ վտանգ­նե­րը մին­չեւ, որ դա­նա­կը հա­սաւ ոս­կո­րին: Ու զար­մա­նա­լի չէ, որ Վար­չա­պետ Մա­նուէլ Վալ­սի նման պա­տաս­խա­նա­տու մը փո­խա­նակ իր կա­ռա­վա­րու­թեան ու­նե­ցած թե­րա­ցու­մին մա­սին խօ­սե­լու, իր Հինգ­շաբ­թի օր ը­րած յայ­տա­րա­րու­թեամբ մտա­հո­գու­թիւն կը յայտ­նէր, որ ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը կրնայ կրկնուիլ, ա­ւե­լի՛ն, ա­հա­բե­կիչ­նե­րը կրնան քի­միա­կան ծանր զէն­քեր օգ­տա­գոր­ծել: Խոր­քին մէջ Ֆրան­սա­յի վար­չա­պե­տը այս խօս­քէն ա­ւե­լին ը­սե­լու ի վի­ճա­կի չէր: Ան կրնար այս­քա­նը ը­սել եւ կամ կրնար խօ­սիլ հրա­ժա­րա­կան տուո­ղի կար­գա­վի­ճա­կով:

Նոյ­նը կա­րե­լի է ը­սել Նա­խա­գահ Օ­լան­տի մա­սին, ո­րուն ու­նե­ցած թոյլ կե­ցուածք­նե­րը Փա­րի­զը դար­ձու­ցին «գեր­մա­նա­կան Եւ­րո­պա­յի» մը հլու հնա­զանդն ու կա­մա­կա­տա­րը: Այս շրջա­­գծին մէջ մնա­լով կա­րե­լի է մէջ­բե­րել զա­նա­զան դի­տար­կում­ներ, ո­րոնք բո­լորն ալ կը դա­տա­պար­տեն Օ­լան­տի վեր­ջին եր­կու տա­րի­նե­րու քա­ղա­քա­կան վար­քը:

Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հա­մար պատ­րաս­տուած Սայքս-Բի­քո­յի հա­մա­ձայ­նագ­րի գլխա­ւոր կնքա­հայ­րը հա­մա­րուող Ֆրան­սան այ­սօր կը գտնուի զէ­րօ դիր­քի մը վրայ: Ա­ւե­լի՛ն, ա­նոր ու­նե­ցած դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը նուա­զած է ու գէթ օ­րի­նակ մը տա­լով կա­րե­լի է դի­տար­կել, որ Ֆրան­սա, ո­րուն հո­վա­նիին ներ­քեւ ստեղ­ծուած է Սու­րիոյ Ա­րա­բա­կան Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, այ­սօր նոյն երկ­րի տա­գնա­պին դի­մաց կը մնայ շուա­րած: Այդ շուա­րու­մը յա­ռաջ մղեց նոր տագ­նա­պա­լի ի­րա­վի­ճակ­նե­րու դժուար չէ են­թադ­րել, որ հա­զար­նե­րով Ֆրան­սա հաս­տա­տուած մա­րոք­ցի­նե­ր, թու­նուզ­ցի­նե­րեւ ալ­ժե­րա­ցի­նե­ր կր­նան ան­մի­ջա­կան կապ մը ստեղ­ծած ըլ­լալ՝ Ռաք­քա­յի, Իտ­լի­պի եւ Մու­սու­լի մէջ բոյն շի­նած ISIS-ա­կան­նե­րուն հետ:

Ե­թէ ISIS ներ­կայ հանգ­րուա­նին մի­ջազ­գա­յին բե­մա­հար­թա­կին հա­մար «պատ­րաս­տուա­ծ» կա­րե­ւոր վա­ռե­լա­նիւթ մըն է, ա­պա սպա­սե­լի է, որ ան իր ներ­կա­յու­թիւ­նը փաս­տե­լու հա­մար նման «ա­նօ­րի­նակ» ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րա­րք­­ներ գոր­ծէ, ոչ միայն Փա­րի­զի այլ ամ­բողջ եւ­րո­պա­կան ցա­մա­քա­մա­սին վրայ:

Տեղ­ւոյն վրայ ա­հա­բեկ­չու­թե­նէն վերջ ապ­րուած­նե­րը ցոյց տուին, որ ֆրան­սա­կան ոս­տի­կա­նու­թիւնն ու գաղտ­նի սպա­սար­կու­թիւն­նե­րը բա­ւա­րար ուժ ու­նին ա­մէն գնով ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն բոյ­նե­րը հաս­նե­լու եւ գործ­նա­կան քայ­լե­րի­րա­կա­նաց­նե­լու։

Այս մօ­տե­ցու­մին ա­մե­նէն վառ ա­պա­ցոյ­ցը Չո­րեք­շաբ­թի ա­ռա­ւօտ մաս­նա­յա­տուկ ու­ժե­րուն ի­րա­կա­նա­ցու­ցած գոր­ծո­ղու­թիւնն էր «Սթատ Տը Ֆրան­ս­»ին ան­մի­ջա­կա­նու­թեամբ գտնուող Սէն Տը­նի քա­ղա­քին մէջ (Քոր­պի­լէոն փո­ղոց), երբ ա­նոնք յա­ջո­ղե­ցան խու­զար­կում­ներ ը­նե­լէ ան­դին սպան­նել եօ­թա­հա­բե­կիչ­ներ եւ ձեր­բա­կա­լել ու­րիշ­ներ: Յար­ձա­կում­նե­րու գլխա­ւոր կազ­մա­կեր­պի­չը հա­մա­րուող Ապ­տիւլ Հա­միտ Ա­պա Ու­տի մա­սին հա­կա­սա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու հրա­պա­րա­կու­մէն ետք, Վար­չա­պետ Վալս կը յայ­տա­րա­րէր, թէ Ա­պա Ուտ, որ յայտ­նի է Ա­պու Օ­մար Էլ Պէլ­ժի­քի ա­նու­նով, սպան­նուած էր Սէն Տը­նիի յար­ձա­կու­մին ժա­մա­նակ։ Խնդի­րը միայն ա­հա­բե­կիչ­նե­րու ձեր­բա­կա­լու­մը չէր, ոչ ալ Փա­րի­զի ու­ժա­յին կա­ռոյց­նե­րուն ճշգրիտ աշ­խա­տանք­նե­րուն ա­րա­գու­թիւ­նը: Խնդի­րը ա­հա­բեկ­չա­կան բջիջ­նե­րուն դէմ ըլ­լա­լիք յա­ռա­ջի­կայ քայ­լերն են, ո­րոնք անհ­րա­ժեշտ են ընդ­հա­նուր կա­ցու­թիւ­նը վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ պա­հե­լու հա­մար:

Քա­ղա­քա­կան բե­մա­հար­թա­կին վրայ Ֆրան­սուա Օ­լանտ մին­չեւ այս պա­հը բա­ւա­րար նե­րուժ ու­նե­ցող մրցա­կից մը չու­նի: 2017-ի յա­ջորդ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն տա­կա­ւին բա­ւա­րար ժա­մա­նակ կայ, որ­պէս­զի երկ­րին մէջ քա­ղա­քա­կան ընդ­հա­նուր պատ­կե­րը յստա­կա­նայ: Սա­կայն նոյն ա­ռու­մով պա­կաս կա­րե­ւոր չեն Ֆրան­սա­յի շրջա­նա­յին ընտ­րու­թիւն­նե­րը (յա­ռա­ջի­կայ Դեկ­տեմ­բեր), ո­րոնց ար­դիւնք­նե­րը բա­ւա­րար նե­րու­ժը ու­նին յա­ռա­ջի­կայ հանգ­րուա­նը պատ­րաս­տե­լու ա­ռու­մով:

Այս բո­լո­րով հան­դերձ Ֆրան­սա­յի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն մօտ փոքր նա­խան­շան­ մը կայ այն մա­սին, որ ի­րենք ո­րոշ չա­փով սխա­լած են Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ ի­րենց քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րուն ա­ռու­մով: Այս մօ­տե­ցու­մին ա­մե­նէն կա­րե­ւոր թի­րա­խը բնա­կա­նա­բար Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներն է: «Խու­սա­նա­ւող Կայս­րու­թիւ­ն­»ը՝ իր վեր­ջին 15 տա­րի­նե­րու, Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը հա­մա­տա­րած ա­ղէ­տի տա­նող քա­ղա­քա­կան քայ­լե­րուն մէջ ան­մի­ջա­կան գոր­ծա­կից եւ «օրհ­նող տար­ր» գտած է նախ նախ­կին նա­խա­գահ Նի­քո­լա Սար­քո­զին ու իր­մէ վերջ ալ ներ­կա­յնա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տը:

Հի­մա ընդ­հա­նուր կշռա­քա­րե­րը ի­րենց տե­ղը դնե­լու ժա­մա­նակն է: Եւ այս ա­ռու­մով բա­ւա­կան յստակ է, որ Է­լի­զէի պա­լա­տի տան­տէ­րը պի­տի փոր­ձէ ա­մէն գնով քա­ղա­քա­կան եւ ա­պա­հո­վա­կան նոր յե­նա­րան­ներ գտնել: Այս ու­ղե­ծի­րին շուրջ պէտք է տես­նել Օ­լան­տի յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն նախ Ո­ւա­շինկ­թըն, բայց մա­նա­ւանդ Մոս­կուա կա­տա­րե­լիք այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը:

Տխուր զու­գա­դի­պու­թեամբ մը 13 Նո­յեմ­բեր 2008 թուա­կա­նին Պոմ­պէյ կը դառ­նար մեծ ա­հա­բեկ­չու­թեան թի­րա­խը: Չորս օ­րե­րու վրայ եր­կա­րող եւ ծայ­րա­յե­ղա­կան՝ Լաշ­քար Էլ Թայ­պա շար­ժու­մին կող­մէ յար­ձա­կում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով քա­ղա­քը կը դառ­նար ա­ղէ­տի կեդ­րոն: Սպան­եալ­նե­րուն թի­ւը կը հաս­նէր 165-ի, իսկ վի­րա­ւոր­նե­րու­նը՝ 308-ի: Քաշ­մի­րի տա­րած­քի խնդրին պատ­ճա­ռով Փա­քիս­տան-Հնդկաս­տան առ­կայ լա­րուա­ծու­թեան զոհն էր Պոմ­պէ­յը: Ծանր դէպ­քէն ետք Հնդկաս­տան կրցաւ ա­ռան­ձինն վի­րա­կա­պել իր վէր­քը եւ դուրս գալ ա­ղէ­տէն: Նիւ Տել­հի կրցաւ մա­սամբ լե­զու գտնել Իս­լա­մա­պա­տին հետ, բայց ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը՝ յա­ջո­ղե­ցաւ չորց­նել ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն աղ­բիւր­նե­րը:

Հա­մե­մա­տա­կան մը ը­նե­լով, կա­րե­լի է ը­սել, որ Փա­րիզ ի զօ­րու չէ ա­ռան­ձինն ստեղ­ծուած այս ի­րադ­րու­թեան բու­ժում մը տալ: Եւ ա­տոր հա­մար է, որ կը դի­մէ իր «անվ­ստա­հե­լի դաշ­նա­կի­ցի­ն», բայց մա­նա­ւանդ կարծր թա­թե­րով Մի­ջին Ա­րե­ւե­լեան թա­տե­րա­բեմ «վե­րա­դար­ձո­ղ» Ռու­սաս­տա­նի զի­նակ­ցու­թեան:

Յատ­կա­պէս Մոս­կուա­յի հետ ըլ­լա­լիք նոր զի­նակ­ցու­թիւ­նը կրնայ նոր հանգ­րուան մը բա­նալ: Այս բո­լո­րէն ան­դին, սա­կայն, կա­րե­ւո­րը Ֆրա­նսա­յի Մի­ջին Ա­րե­ւե­լեան ընդ­հա­նուր քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վե­րա­նա­յումն է:

Վեր­ջա­պէս սպա­սե­լի է, որ ֆրան­սա­ցի պա­տաս­խա­նա­տու­ներ հաս­կնան, որ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը ա­ւե­լի խա­ղաղ եւ ա­րիւ­նէ հե­ռու տա­րած­քի մը վե­րա­ծե­լը, կամ առ­նուազն այդ ա­ռու­մով գոր­ծե­լը իր դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւ­նը պի­տի ու­նե­նայ Փա­րի­զի ու Եւ­րո­պա­յի հա­մար, որ այ­սօր կանգ­նած է ա­հա­բեկ­չու­թեան վտան­գին ըն­դա­ռաջ:

ISIS-ի դէմ պա­տե­րազ­մը այն­քան ալ ար­դիւ­նա­ւէտ պի­տի չըլ­լայ, քան պայ­քա­րի­լը ISIS-ի ստեղծ­ման տուն տուող պայ­ման­նե­րուն դէմ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2015