ԽՆԴՐԱԳՐԵՐ՝ ԴԷՊԻ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ նամակներ ուղարկեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին եւ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուին։ Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ նորին սրբազնութիւնը անդրադարձած է պատրիարքական ընտրութեան հարցին։ Նկատի ունենալով, որ Պատրիարքարանի պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ որեւէ բացատրութիւն չէր տրուած նամակներու բովանդակութեան կամ բանաձեւումներուն կապակցութեամբ՝ այս առաւօտ հեռաձայնային կապ հաստատեցինք տեղապահ սրբազան հօր հետ։ Ի պատասխան մեր հարցման՝ նորին սրբազնութիւնը յայտնեց, որ այս փուլին յարմար չեն նկատած նամակներու բովանդակութեան հրապարակումը եւ յառաջիկային կրնան նամակներու բովանդակութիւնը հրապարակել՝ եթէ համարեն անհրաժեշտ կամ նպատակայարմար։ Դարձեալ ի պատասխան մեր հարցման՝ տեղապահ սրբազան հայրը յայտնեց, որ երկու նամակներու բովանդակութիւնը գրեթէ նման են, սակայն կան նաեւ կարգ մը տարբերութիւններ։

Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի առկայ անելին մէջ զարմանալի զուգադիպութիւններով կ՚ապրուին հետաքրքրական կրկնութիւններ։ Մօտաւոր անցեալին ալ Գումգաբուէն պետական մարմիններուն ուղարկուած նամակներու բովանդակութիւնը չէր հրապարկուեր պաշտօնապէս։ 2015 թուականին պատրիարքական ընտրութեան համար կատարուած դիմումին ժամանակ ալ եղած էր այդպէս։ Այդ նամակները ստորագրուած էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ, որ այդ շրջանին կը պաշտօնավարէր որպէս պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ։ Այդ իրավիճակին մէջ համայնքային բազում շրջանակներ բողոքի ձայն կը բարձրացնէին՝ նամակներու բովանդակութեան չհրապարակուելուն բերումով։ Նոյնիսկ, բովանդակութեան հրապարակուած չըլլալը պատճառ կամ հիմնաւորում կը համարուէր՝ դիմումին կատարուած ըլլալն իսկ հարցականի տակ դնելու տեսանկիւնէն։ Պատրիարքարանի աղբիւրներու պաշտօնական հաղորդումներուն թերահաւատութեամբ կը վերաբերուէին համայնքէն զանազան շրջանակներ։ Այդ բոլոր գործօններու հիման վրայ մեր համայնքէն ներս հետզհետէ կուտակուեցաւ լարուածութիւնը։ Ի վերջոյ, տեղապահի ընտրութիւնով Պատրիարաքարանէն ներս ձեւաւորուեցաւ նոր ղեկավարութիւն մը։ Զուգահեռաբար ստեղծուեցաւ նախաձեռնարկ մարմին մը, որու կորիզը կը կազմեն այնպիսի գործիչներ, որոնք յառաջատար դէմքերն են այն շրջանակներուն, որոնք մօտաւոր անցեալին բողոքի ձայն կը բարձրացնէին՝ նամակներու բովանդակութեան հրապարակուած չըլլալուն բերումով։ Ներկայիս պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը յառաջ կը մղուի՝ ըստ նախաձեռնարկ մարմնի հայեացքին։ Հետաքրքրականը այն է, որ ընթացքին կատարուած ամբողջ փոփոխութիւններով, պատասխանատուութիւն ստանձնած նոր հարցերով հանդերձ՝ այսօր եւս Պատրիարքարանէն պետական աւագանիին հասցէագրուած նամակներու բովանդակութիւնը չի հրապարակուիր պաշտօնապէս Գումգաբուի կողմէ։ Տեղապահ սրբազան հօր կողմէ մեզի փոխանցուած բացատրութիւնները երեւան կը բերեն այս բոլոր ճշմարտութիւնները։ 

Մեր համայնքը շուրջ տասն տարիէ ի վեր կը դիմագրաւէ պատրիարքական ընտրութեան տագնապ մը։ Սա հերթական փաստն է, որ մեր ժողովուրդին առջեւ այս ճգնաժամը յառաջացած է՝ կրկնակի չափանիշներու, անսկզբունք գործելաոճի եւ ոմանց եսակեդրոն ամբոխավարութեան հետեւանքով։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՄԱՐՍԷՅԼ

Միւս կողմէ, տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան վաղը եռօրեայ այցելութեամբ պիտի մեկնի Մարսէյլ։ Ան պիտի մասնակցի տեղւոյն Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբի հիմնադրութեան 40-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւններուն։ Մարսէյլի Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբը կազմուած է այն շրջանին, երբ տեղապահ սրբազան հայրը որպէս հոգեւոր հովիւ կը ծառայէր Մարսէյլի մէջ։ Երգչախումբի վարիչն է նախկին պոլսահայ յայտնի անուն մը՝ Խաչիկ Եըլմազեան, որու մականին ներքեւ կազմը հասած է բաւական բարձր մակարդակի։  

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2017