ՆԱԽԱՐԱՐ ԱՐՄԷՆ ԱՄԻՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳՈՇԱՎԱՆՔԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
12-րդ դարու վերջին եւ 13-րդ դարու սկիզբին կառուցուած կրօնական, կրթական եւ մշակութային մեծ կեդրոն Գոշավանքի նորոգման, ամրակայման աշխատանքները կը շարունակուին: Այս տարի վերականգնման գործընթացը սկսած է Սեպտեմբերին:
Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան շաբաթավերջին լրագրողներու ուղեկցութեամբ այց մը տուաւ Գոշավանք՝ հետեւելու համար իրականացուող աշխատանքներուն:
«Ամրակայման գործընթացը սկսված է տակաւին 2012 թուականին: Չորս տարուան ընթացքին աւարտած են Մխիթար Գօշի դամբարանի նորոգման աշխատանքները, նորոգուած է եկեղեցւոյ գմբէթը: Այս տարի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տանիքածածկի մէկ մասն ալ փոխուած է, սակայն աշխատանքները չեն կրնար շարունակուիլ եղանակային վատ պայմաններու պատճառով: Անոնք նոր թափ կը ստանան գարնան: Եկեղեցւոյ տանիքի ծածկը ամբողջութեամբ նորոգելը առաջնահերթութիւն է մեզի համար: Յաջորդ տարի անհրաժեշտ է աւարտին հասցնել այդ մէկը», «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ նշեց Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աշխատակազմի պատմութեան եւ յուշարձաններու պահպանութեան գործակալութեան պետ Արմէն Ապրոյեան:
Արմէն Ամիրեան շեշտեց, որ ինչպէս նախորդ, այնպէս ալ այս տարի աշխատանքի ձգձգում, անհեռատես ծրագրաւորում եղած է, անփոյթ վերաբերմունք: Ան ըսաւ, որ յուշարձաններու ամրակայման, վերականգնման հարցին մէջ անհրաժեշտ է խիստ հսկողութիւն սահմանել: Մինչ օրս եղած է թեքնիկական, հեղինակային հսկողութիւն, սակայն այդ մէկը այնքան ալ արդիւնաւէտ չէ:
Այս տարի անոնց աւելցած է նաեւ հանրային վերահսկողութիւնը լրագրողներու օգնութեամբ: Նախարարը պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած է հոգեւոր սպասաւորներու հետ, որպէսզի անոնք ալ իրենց հերթին աշխատանքներու կատարման գործին մէջ գրանցամատեաններու օգնութեամբ վերահսկողութիւն սահմանեն, որպէսզի պարզ դառնայ՝ շինարարը ե՛րբ կու գայ աշխատանքի, օրուան ընթացքին որքան գործ կը կատարէ: Յաջորդ տարի հանրային վերահսկողութիւնը ա՛լ աւելի կ՚ընդլայնուի յուշարձաններու տարածքին մէջ տեղադրուող տեսախցիկներու միջոցով:
Անդրադառնալով յառաջիկայ տարի Գոշավանքի մէջ իրականացուելիք ծրագրերուն՝ Ամիրեան ընդգծեց, որ նախարարութիւնը կը փափաքի վերականգնել վանքի գրադարանը, որ նախկինին բաւականին հարուստ եղած է: Պատերազմներու ժամանակ տեղացիները իրենց ստացուածքը տուած են յարձակողներուն, կը բաւէ որ անոնք չդպչին գրադարանին: Սակայն Խորհրդային Հայաստանի տարիներուն աքթիւիստ համայնավարները հրկիզած են զայն: Վերականգնուող գրադարանի նախագիծը արդէն պատրաստ է: Ան կ՚ունենայ գործող ընթերցասրահ:
Նախապէս Գոշավանքի տարածքին մէջ եղած է նաեւ թանգարան, որ, սակայն, ներկայիս չի գործեր: Նախարարը ըսաւ, որ իրենք կ՚ուզեն նոր թանգարան կառուցել: Շինարարական աշխատանքները կ՚իրականացնէ «ԱՐՀՈՎՇԻՆ» կազմակերպութիւնը:
Գոշավանքը կը գտնուի Տաւուշի մարզի Գոշ գիւղի եզրին՝ Գետիկ գետի աջ ափին: Ան 1188 թուականին, իշխան Իվանէ Զաքարեանի աջակցութեամբ, հիմնադրած է Մխիթար Գօշը եւ այստեղ տեղափոխած՝ միաբանութիւնը: Սկիզբին անուանուած է Նոր Գետիկ, Մխիթար Գօշի մահուընէ (1213թ.) յետոյ անոր անուամբ կոչուած է Գոշավանք: Այստեղ եղած է բարձրակարգ ուսումնական հաստատութիւն, որ պատմական աղբիւրներու մէջ անուանուած է վարժապետարան, համալսարան, ճեմարան: Գոշավանքի վարդապետարանին մէջ դասաւանդած են հայոց եւ օտար լեզուներ, քերականութիւն, փիլիսոփայութիւն, ճարտասանութիւն, երաժշտութիւն, գրչութեան արուեստ, նկարչութիւն: Այստեղ կրթուած եւ գործած են Կիրակոս Գանձակեցին եւ Վանական Վարդապետը, որոնք յետագային իրենց հիմնած դպրոցներուն մէջ շարունակած են Գոշավանքի վարժապետարանի աւանդները: Գոշավանքի մէջ ընդօրինակուած եւ ստեղծուած են բազմաթիւ ձեռագրեր, որոնք պահուած են վանքի գրատունը: Գոշավանքի համալիրի բաղկացուցիչ մասը կը կազմեն խաչքարերը, որոնց շարքին կ՚առանձնանան վարպետ Պօղոսի ասեղնագործ նրբութեամբ քանդակած զոյգ խաչքարերը՝ տեղադրուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արեւմտեան ճակատի առջեւ, մուտքի երկու կողմերը։