ՉԱՓԱՒՈՐ ԿԱՆԽԱՏԵՍՈՒՄՆԵՐ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար պայմաններու ստեղծման։

Լաւրով, որ պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Երեւանի մէջ, այս առաւօտ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։ Բանակցութիւններէն վերջ երկու նախարարները սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Սերկէյ Լաւրով, որ Երեւան հասնելէ առաջ այցելած էր նաեւ Պաքու, իր յայտարարութիւններուն մէջ առաջնահերթօրէն անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Ան յայտնեց, որ Նալպանտեանի հետ քննարկած են հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարները։ Լաւրով Նալպանտեանին տեղեկութիւններ փոխանցեց նաեւ Պաքուի մէջ ունեցած վերջին հանդիպումներու լոյսին տակ։ Որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիր՝ Ռուսաստան պիտի շարունակէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի հետ աջակցութիւն տրամադրել հակամարտ կողմերուն՝ խնդրի կարգաւորման նպաստող պայմաններու ստեղծման ուղղութեամբ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ռուս նախարարը բացատրեց, որ հակամարտութեան կարգաւորման տարրերը ամփոփուած են ծրարի մը մէջ ու շատ դժուար է առանձնացնել անոնցմէ մէկը, երկուքը կամ երեքը ու փորձել համաձայնութեան հասնիլ անոնց շուրջ։ Լաւրով յայտնեց, որ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած ասուլիսի ժամանակ ալ նշած էր, թէ բոլոր տարրերը գոյութիւն ունին այս խնդրի լուծման համար։ Անոնք ամփոփուած են փաստաթուղթի մը մէջ եւ 2007 թուականէն սկսեալ յանձնուած են ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին։ «Անոնք ամրագրուած են որպէս համանախագահներու առաջարկներ եւ ամբողջութեամբ կը մնան սեղանի վրայ։ Այս տարրերը ձեւաւորուած են ծրարի մը մէջ եւ շատ դժուար է առանձնացնել անոնցմէ մին, երկուքը կամ երեքը եւ ըսել՝ եկէք ասոնց շուրջ համաձայնութեան հասնինք, որովետեւ իւրաքանչիւրի հաւասարակշռող տարրերը այդ պարագային դուրս կը մնան ու չ՚ըլլար այն արդիւնքը, որուն մենք կը ձգտինք», ըսաւ Լաւրով։

Ռուս նախարարը Երեւանի մէջ դրական համարեց՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ մօտաւոր անցեալին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը։ «Շատ կարեւոր է, որ այդ դրական վերաբերմունքը մեզի օգնէ յառաջ ընթանալու կարգաւորման հարցին մէջ։ Համանախագահները կը զբաղին այս բանով։ Բոլորովին վերջերս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները երեք համանախագահներուն հետ ունեցան հանդիպում մը։ Մենք այժմ պիտի վերլուծենք մեր ամերիկացի եւ ֆրանսացի գործընկերներուն հետ, թէ ո՛ւր հասած ենք եւ պիտի փորձենք աշխոյժ ջանքեր գործադրել հասնելու համար կարգաւորման պայմաններու ստեղծման։ Սակայն ես չափազանց լաւատեսութիւն չեմ յայտներ, սա դժուար խնդիր է եւ մեր բանակցութիւններու փորձառութիւնը կու գայ ապացուցանել, թէ անոնք արագ չեն աւարտիր», ըսաւ Սերկէյ Լաւրով։

Սերկէյ Լաւրով Պաքուի մէջ ալ յայտարարած էր, որ կան արդէն ուրուագծուած բազմաթիւ մօտեցումներ, որոնք արդիւնք պէտք է ապահովեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ։ Իր խօսքերով, հակամարտութիւնը նպաստաւոր չէ կողմերէն որեւէ մէկուն համար։ Դիւանագիտութիւնը կրնայ օգնել՝ որպէսզի ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը յառաջ շարժուի մեռեալ կէտէն։

Սերկէյ Լաւրով Պաքուի մէջ յայտնեց նաեւ, որ իր երկրի եւ Միացեալ Նահանգներու խոր տարաձայնութիւնները վնաս չեն հասցուցած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին։ Լաւրովի խօսքերով, թէեւ բազմաթիւ ոլորտներու մէջ ռուս-ամերկեան յարաբերութիւնները խոր փակուղիի մը մատնուած են, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը բացառութիւն է միջնորդ երկիրներուն տեսակէտէ։ Արդարեւ, գործընթացը չէ տուժած այդ յարաբերութիւններուն մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն հետեւանքով։ Ռուսաստան այս հարցին շուրջ հանդէս կու գայ ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի հետ ընդհանուր դիրքերէ։ «Համանախագահները, դեսպանները կը հանդիպին նախարարներու հետ, պարբերաբար այցելութիւններ կը կատարեն տարածքաշրջան։ Ես կը յուսամ, թէ անցեալ ամիս նախագահներու միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը պիտի նպաստէ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն ներս յառաջընթաց արձանագրելու», ըսաւ Սերկէյ Լաւրով։

ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Միւս կողմէ, Երեւանի մէջ այս առաւօտ բացուեցաւ «Հայաստան-Ռուսաստան. բարեկամութիւն՝ կոփուած դարերով» խորագրեալ ցուցահանդէս մը։ Պատմավաւերագրական բնոյթով այս ցուցահանդէսը ձօնուած է երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեայ յոբելեանին։ Որպէս պատուոյ հիւր ներկայ էր Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Ցուցահանդէսի բացումը կատարեցին Նալպանտեան եւ Լաւրով։ Ներկայ էին նաեւ այլ բազմաթիւ նախարարներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Ընթերցուեցան Հայաստանի եւ Ռուսաստանի նախագահներու պատգամները։

Այս ցուցահանդէսի բացման զուգահեռ նոյն յոբելեանին առթիւ թողարկուած նամականիշներու եւ գեղաթերթիկներու կնքնման արարողութիւնն ալ տեղի ունեցաւ՝ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ։ Նալպանտեանի եւ Լաւրովի առընթեր դրոշմաթուղթը կնքեց Հայաստանի Փոխադրութեան ու կապի նախարար Վահան Մարտիրոսեան։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2017