ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑՆԵՐ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 110-ամեակին առթիւ Լոնտոնի մէջ կազմակերպուած երկու ձեռնարկներն ալ նախատեսուած էին՝ թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ ասուլիսներու ձեւաչափով։ Անմիջական զրոյցներու վերածուեցան երկու հաւաքոյթները եւս։ Թէ՛ նախկին պոլսահայեր եւ թէ անգլիահայ գործիչներ մասնակցութիւն բերին ասուլիսներուն, որոնք համախմբեցին այնպիսի մարդիկ, որոնք խորքին մէջ կը գիտակցին պոլսահայ ժառանգութեան կարեւորութեան։

Առաջին ասուլիսը տեղի ունեցաւ Անգլիոյ հայոց թեմի առաջնորդարանին մէջ, Իլինկ, Լոնտոն։ Սա ընդունելութիւն-ասուլիս մըն էր, որովհետեւ առաջնորդարանի տիկնանց կազմը սարքած էր սեղան մը, որու շուրջ համախմբուեցան ներկաները, որոնք բաժակներ ի ձեռին լսեցին նախ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեանի ողջոյնի խօսքը եւ աւելի վերջ Արա Գօչունեանը, որուն ուղղեցին նաեւ հարցումներ։ Մինչ այդ պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ BBC-ի կողմէ իր բաժանորդներուն համար պատրաստուած՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 110-ամեակին վերաբերեալ տեսանիւթը։ Առ ի շնորհակալութիւն թերթիս խմբագիրը նորին սրբազնութեան նուիրեց նաեւ յուշապնակ մը։ Ներկաներու շարքին էին՝ Տ. Շնորհք Քհնյ. Պաղտասարեան, Տ. Նշան Քհնյ. Ալավերտեան, Սուրբ Եղիշէ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Հալաճեան եւ «Հայաշէն» հայկական տեղեկատուական եւ խորհրդատուական կեդրոնի ղեկավար Միսաք Օհանեան։ Արա Գօչունեանի հետ այս ասուլիսը կազմակերպուած էր Անգլիոյ հայոց թեմի «Հայկական կապեր» անուանեալ ծրագրի ծիրէն ներս։

Օր մը ընդմիջումով Լոնտոնի երկրորդ ասուլիսն ալ տեղի ունեցաւ «Հայաշէն» կեդրոնին մէջ։ Բացումին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան եւ Միսաք Օհանեան։ Աւելի վերջ Արա Գօչունեանն ալ ողջունեց ներկաները։ Իր ամփոփ ներածականէն վերջ սկսաւ հարցում-պատասխանի բաժինը։ Այս հաւաքոյթը առաջինին բաղդատմամբ տեւեց աւելի երկար։

Յամենայնդէպս, երկու ասուլիսներու ընթացքին քննարկումները առաւել չափով կեդրոնացան թրքահայ համայնքային կեանքին եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վրայ։ Երկու ասուլիսներու ընթացքին ալ ներկաներու տրամադրութեան տակ դրուեցան թերթիս հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի «Օրուան մտածումներ (1908-1913)» գիրքը, որ լոյս տեսած է՝ բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի ջանքերով սկզբնաւորուած «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարի ծիրէն ներս։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2018